ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան մէջ Նոր տա­րուան առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­ւոր հան­դէս մը։ «Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» նո­րա­կա­ռոյց գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան հաս­տա­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ ու­սուց­չու­հի Մա­րի Ար­զու­մա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ՝ բա­րեղ­մաղ­թու­թիւն­ներ յղե­լով բո­լո­րին։

Ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին պա­րեր, եր­գեր, աճ­պա­րա­րու­թիւն­ներ՝ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րու։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։ Հուսկ Կա­ղանդ պա­պու­կը սրահ ժա­մա­նե­լով նուէր­ներ բաժ­նեց փոք­րիկ­նե­րուն։ Հան­դէ­սի ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լո­րը բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017