Միակ անփոփոխը
2017 թուականի առաջին ռոպէներուն Թուրքիա հերթական անգամ դէմ յանդիման մնաց ցնցումի մը։ Արիւնալի դէպք մը կրկին յեղաշրջեց երկրին օրակարգը, ստուերի տակ թողլով տարեմուտի տրամադրութիւնները։ Դժբախտաբար, նման երեւոյթները միջոցէ մը ի վեր ընթացիկ դարձած են մեր երկրէն ներս։
Այսպիսի դէպքերու յաճախակի դարձած ըլլալը թէեւ ցնցիչ է, սակայն միեւնոյն ժամանակ զգօնութիւն կը պարտադրէ՝ հաւաքական պատասխանատուութեան տեսանկիւնէն։ Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիոյ օրակարգէն դուրս չեն մնար ահաբեկչական տխուր պատահարները։ Հետեւանքները սահմանափակուած չեն զուտ դէպքերու գործած աւերով։ Ահաբեկչութիւնը ինքնին մարտահրաւէր մըն է երկրին առջեւ։ Եթէ մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ պատահած դէպքերը առաւել չափով կը վերագրուէին կարգ մը ներքին գործօններու, ապա վերջին շրջանին ահաբեկչութեան ակունքներուն մէջ կ՚ընդգծուի նաեւ տարածքաշրջանային գործօններուն ազդեցութիւնը։ Պատճառները, շարժառիթները ինչ որ ալ ըլլան՝ երկիրը ցաւ կ՚ապրի, ժողովուրդը կը ցնցուի ու հրատապ կը դառնայ այդ բոլորը կանխելու, ժա՛մ առաջ կանխելու հրամայականը։
Թուրքիա հաւաքական մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու առումով ունի խոր փորձառութիւն։ Հարիւրաւոր տարիներու պետական աւանդութեան եւ հասարակութեան իմաստութենէն բխած պաղարիւնութեան համադրութիւնը հիմնական ապաւէնը կը համարուի նաեւ ներկայ դժուարին պահուն։ Միայն այդ պաղարիւնութեան եւ համախմբուածութեան շնորհիւ է, որ ժխտական ու դրական բոլոր գործօնները կարելի պիտի ըլլայ կշիռքի վրայ դնել եւ հասնիլ նպատակասը-լաց լուծման։ Երկիրը այսօր կը ձգտի ահաբեկչութեան փորձանքը յաղթահարել՝ պահպանելով իր միջազգային հեղինակութիւնը, տարածքաշրջանային ազդեցութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու զարգացման ուղին։ Ահաբեկչութեան դրդապատճառներն ու դէպքերու որակը ինչքան որ ալ տարբերի, միակ անփոփոխն է հետեւեալ իրողութիւնը.
Լաւագոյն դիմադրութիւնը կը մնայ միասնականութիւն պահելը։ Այդ միասնականութեան մթնոլորտը պէտք է ամրապնդուի հասարակութեան բոլոր խաւերու ներգրաւմամբ եւ այդ իւրաքանչիւր խաւի նկատմամբ համընդգրկուն վերաբերմունքով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ