ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՂ
Այսօր Սուրբ Ծննդեան տօն է, աւետիս,
Եւ մեր Տիրոջ յայտնութեան տօնն է, աւետիս։
Այսօր արդարութեան արեւը, աւետիս,
Մարդոց մէջ երեւցաւ, աւետիս։
Այսօր սուրբ, անապական կոյսը, աւետիս,
Ծնաւ, բերաւ անմահ արքան, աւետիս։
Այսօր հրեշտակներ երկինքէն իջած, աւետիս,
Մեզի հետ անմահ արքան կ՚օրհնեն, աւետիս։
Այսօր դժոխքը տատանեցաւ, աւետիս,
Դեւերու խումբեր շատ տխրեցան, աւետիս։
Այսօր չարերը պապանձեցան, աւետիս,
Եւ ադամորդիները ուրախացան, աւետիս։
Պայծառ ու պատուական աստղ մը, աւետիս,
Հնդկաստանի մէջ երեւցաւ, աւետիս։
Մեծ թագաւորներ հաւաքուեցան, աւետիս,
Շատ մտքի մարդիկ եւ բազմաթիւ իշխաններ, աւետիս։
Աստղը տեսան եւ զարմացան, աւետիս,
Շատ քննեցին, բայց չգիտցան, աւետիս։
Մովսէ՛ս, ե՛լ, տե՛ս Սինան, աւետիս,
Եւ մորենին, որ չ՚այրիր, աւետիս։
Ցնծա՛, ցնծա՛ Դաւիթ թագաւոր, աւետիս,
Հնչեցո՛ւր քնարդ եւ խայտա՛, աւետիս։
Ինչ որ կանխաւ գուշակեցիր, աւետիս,
Կատարուեցաւ գերազանցապէս, աւետիս։
Թէ Սաբայէն եւ Արաբիայէն, աւետիս,
Սուրբ նուէրներ պիտի բերեն Անոր, աւետիս։
Ահա երեք արքայ եկաւ, աւետիս,
Անոնց անուններն են, աւետիս՝
Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, աւետիս,
Որոնք Սաբայէն ու Արաբիայէն են, աւետիս։
Ոսկի, կնդրուկ, զմուռս (բերին) Անոր, աւետիս,
Ունին երեք ընտիր նուէր, աւետիս։
Ոսկին պատիւն է արքայական, աւետիս,
Կնդրուկը՝ զարդն աստուածութեան, աւետիս։
Զմուռսը, որ մաքուր էր, աւետիս,
Նշան էր թաղման ու յարութեան, աւետիս։
Տասներկու հազար էին, աւետիս,
Երուսաղէմ քաղաքը մտան, աւետիս։
Աստղին լոյսով կոյսը տեսան, աւետիս,
Որ մեր Տէրը գրկած էր, աւետիս։
Երուսաղէմը դղրդեցաւ, աւետիս,
Երբ որոտումը լսեցին, աւետիս։
Որ զգաց նաեւ Հերովդէսը, աւետիս,
Իր չար ձեռքը մխեց անոնց, աւետիս։
Յետոյ սիրով ցրուեցան, աւետիս,
Ելան գացին Բեթղեհէմ, աւետիս։
Կը յառաջանային, կ՚ուրախանային, աւետիս,
Նուագարաններ կը հնչէին, աւետիս։
Տեսան Մարիամն ու Յովսէփը, աւետիս,
Անոնց վախէն փախուստ տուին, աւետիս։
ՄՈՎՍԷՍ ՔԵՐԹՈՂ
Թրգմ․ Վարդգէս Հաճիյակոբեան