ԱՅՍ ՏԱ­ՐԻՆ ՔՈՒԿԴ Է

Աս­տուած ստեղ­ծեց ու բա­ցաւ այս տա­րին քե­զի հա­մար.
Կե­ցած կա­մուր­ջիդ վրայ.
Քու նաւդ է, ա­յո՛, քու սե­փա­կան նաւդ,
Եւ զայն վա­րո­ղը դուն պի­տի ըլ­լաս։

Ճիշդ տաս­ներ­կու ա­միս­նե­րու պտոյ­տին նման
հետդ լիո­վին կը մնայ ըն­կեր միայն։

Նա­ւա­տետրդ պահ մնաց օ­րեր շա­րու­նակ,
Ըն­կե՛րս, ան ի՞նչ ցոյց պի­տի տայ.
-Ճշդուած ճամ­բուդ ըն­թաց­քին
Նուա­ճում ար­ձա­նագ­րե­ցի՞ր, թէ ոչ:
Նա­ւա­տետ­րը պի­տի պատ­մէ, ա­ռաջ­նոր­դող աստ­ղի նման,
Ինչ­պի­սի նա­ւա­պետ ըլ­լալդ։

Իր ճո­խու­թեամբ ու դժուա­րու­թեամբ այս տա­րին քուկդ է․ 
Նաւդ կե­նաց ծո­վուն վրան է․
Քո՛ւ գոր­ծերդ, իբ­րեւ նա­ւա­պետ, պի­տի ո­րո­շեն
Ինչ որ պիտ՚ ըլ­լայ։

Ուս­տի ըն­թացք տա­լով պտոյ­տիդ
Խնդրէ Աս­տուծ­մէ, որ օգ­նէ քե­զի՝ նաւդ վա­րե­լու։

ԱԼՖ­ՐԷՏ ԼՈՐՏ ԹԷ­ՆԻ­ՍԸՆ
անգլ․թրգմն․ Սօ­սի Մի­շո­յեան-Տապ­պա­ղեան

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017