ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ 2017 թուականի կէսերուն Հայաստանի մէջ հաստատել 25 միլիոն եւրօ դրամագլուխով ներդրումային հիմնադրամ մը։ Այդ դրամագլուխին 15 միլիոն եւրոն պիտի յատկացուի Եւրոմիութեան կողմէ։ Եւրոպական վերակառուցման ու զարգացման դրամատունը եւս պիտի ունենայ 5 միլիոն եւրոյի չափով մասնակցութիւն։ Ու վերջապէս ԵՄ մտադիր է եւս 5 միլիոն եւրօ ապահովել այլ ներդրողներէ։ ԵՄ-ի պատասխանատուները կ՚ենթադրեն մինչեւ 2017-ի ամառը ապահովել անհրաժեշտ միջոցները եւ սկսիլ ներդրողներ փնտռել։
Երկարաժամկէտ նպատակն է այդ հիմնադրամի դրամագլուխը հասցնել մինչեւ 50 միլիոն եւրօ։
Պրիւքսելի մէջ վերջերս տեղի ունեցած էր Եւրոմիութիւն-Հայաստան համագործակցութեան կոմիտէի հերթական նիստը։ 17-րդ այս ժողովի ընթացքին քննարկուած էին նախագիծերը այն համաձայնագրերուն, որոնց ստորագրումը կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին կողմերուն միջեւ։ Նոյն օրերուն, «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան (EuFoA) նախաձեռնութեամբ Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուեցաւ առանձին հաւաքոյթ մը, որ նուիրուած էր Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ նոր շրջանակային պայմանագիր մը ստորագրելու ուղղեալ բանակցութիւններու վերջին մէկ տարուան արդիւնքներու ամփոփման։