Ա­ԶԱ­ՏԱԳ­ՐՈՒՄ ՀԱ­ԼԷՊ ՔԱ­ՂԱ­ՔԻ

Ընդ­հան­րա­պէս  ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ չենք զգար, թէ ինչ­պէս կը սա­հին ժա­մե­րը: Յա­ճախ ժա­մա­նա­կը կը հաս­նի իր ա­ւար­տին եւ մենք տա­կաւ կ՚ու­զենք շա­րու­նա­կել մեր հա­ճե­լի ժա­ման­ցը եւ չենք ու­զեր բաժ­նուիլ այդ ու­րախ մթնո­լոր­տէն. իսկ ընդ­հա­կա­ռա­կը վշտա­լի եւ տա­ռա­պա­լից օ­րե­րը կ՚եր­կա­րի՜ն եւ կ’եր­կա­րի՜ն այն­քան՝ որ­քան ա­մե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը մեր աչ­քին կը վե­րա­ծուի ա­միս­նե­րու, տա­րիի: Եւ ա­հա այդ վիշ­տը մար­դուն մէջ կը գե­րա­զան­ցուի, կը մեծ­նայ, հո­գին կը կրծէ, սիր­տը կը հա­լեց­նէ:

Այդ­պէս էր վի­ճա­կը Հա­լէ­պի մէջ պա­տե­րազ­մա­կան օ­րե­րուն: Կ՚եր­կա­րէին տագ­նա­պի այդ օ­րե­րը կրկնա­պատ­կե­լով իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի վիշ­տը, ցա­ւը, տա­ռա­պան­քը: Եւ մենք՝ մեր վիշ­տը, տա­ռա­պան­քը մեղ­մաց­նե­լու հա­մար, կառ­չած կը մնա­յինք օ­րուան հե­ռա­տե­սի­լի լու­րե­րուն, հար­ցազ­րոյց­նե­րուն, գու­ցէ ի­մա­նա­յինք մեզ հե­տաքրք­րող լաւ լու­րեր՝ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի փո­փոխ­ման եւ Հա­լէպ քա­ղա­քի ա­զա­տագր­ման մա­սին: Կը յու­սա­յինք, որ կող­մե­րու մէջ ո­րոշ հա­մա­ձայ­նու­թե­նէ ետք, պա­տե­րազ­մը վերջ պի­տի գտնէ. բայց մէ­կուն կամ միւ­սին կող­մէ հա­մա­ձայ­նու­թեան խախ­տու­մով՝ վի­ճա­կը կրկին կը բար­դա­նար եւ ա­հա կը սկսէր հրթիռ­նե­րու տա­րա­փը իջ­նել ժո­ղո­վուր­դին վրայ, մահ սփռե­լով ա­մէ­նու­րեք, վի­րա­ւոր­ներ տա­րա­ծե­լով չորս դին:

Ա­հա այս­պի­սի ող­բա­լի մի­ջա­վայ­րի մէջ, չորս եր­կար տա­րի­ներ տո­կա­ցինք կա­մայ-ա­կա­մայ: Յա­ճախ տե­սա­կա­ւոր զէն­քե­րու, հրթիռ­նե­րու եւ օ­դա­նա­ւե­րու ձայ­նէն կա­րե­լի չէր քնա­նալ: Եր­բեմն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար մեր կեան­քը կ՚անց­նէինք տան ներ­քին սե­նեակ­նե­րը ո­րոշ ժա­մա­նակ. ա­սոր կու գա­յին միա­նա­լու կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րը, կեն­սա­կան մի­ջոց­նե­րու չգո­յու­թիւ­նը՝ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն, ջուր, հա­մա­ցան­ցի ան­կա­յու­նու­թիւն, սնուն­դի պա­կաս ե­ւ այլն: Մեծ թի­ւով տու­ներ, դպրոց­ներ, ե­կե­ղե­ցի­ներ դար­ձան փլա­տակ. շատ մը ըն­տա­նիք­ներ մնա­ցին ան­տուն, ա­նօ­թե­ւան. ուս­տի պար­տադ­րուած դի­մե­ցին ար­տա­գաղ­թի: Հա­յու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ճամ­բոր­դեց եւ հայ գա­ղու­թը Հա­լէ­պի մէջ՝ նօս­րա­ցաւ:

Բնա­կան է կեան­քի այս դժուար պայ­ման­նե­րէն ետք, կեան­քի ա­մե­նաչն­չին փո­փո­խու­թիւ­նը պի­տի փո­խէ մար­դոց հո­գե­կան վի­ճա­կը եւ ա­նոնք ա­ւե­լի լաւ տրա­մադ­րու­թեամբ պի­տի դի­մա­ւո­րեն կեան­քը:

2016 թուա­կա­նի վեր­ջին ա­միս­նե­րուն լիա­յոյս էինք, որ Հա­լէպ քա­ղա­քը պի­տի ա­զա­տագ­րուի: Եւ այդ­պէս ալ ե­ղաւ: Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուն վեր­ջըն­թեր շաբ­թուն էր, որ պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, թէ Հա­լէպ ա­զա­տագ­րուե­ցաւ:

Ամ­բողջ չորս տա­րի­ներ ժո­ղո­վուր­դը զրկուե­ցաւ տօ­նա­կան օ­րե­րու վա­յել­քէն: Յատ­կա­պէս ՆՈՐ ՏԱ­ՐԻՆ՝ կարգ մը շրջան­նե­րու մէջ, մար­դիկ ան­ցու­ցին գրե­թէ խա­ւա­րի մէջ: Ուս­տի 2016 տա­րուան վեր­ջա­ւո­րու­թեան՝ տօ­նա­կան օ­րե­րուն հա­մայն ժո­ղո­վուր­դը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րեց Հա­լէպ քա­ղա­քի ա­զա­տագ­րու­մը: Ա­զի­զիէ­ի մայր հրա­պա­րա­կին վրայ զե­տե­ղուե­ցաւ ա­մա­նո­րեան տօ­նա­ծա­ռը, ո­րուն լու­սա­ւո­րու­մը կա­տա­րուե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին հոծ բազ­մու­թեամբ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րու:

Մեծ է խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին, մա­նա­ւանդ որ Հա­լէ­պի ա­զա­տագ­րու­մը կը զու­գա­դի­պի եր­կու մեծ տօ­նե­րուն՝ ՆՈՐ ՏԱ­ՐՈ­ՒԱՆ եւ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ:

ԹԱ­ԳՈՒ­ՀԻ Ա­ԹՈ­ՔԵԱՆ

Հա­լէպ, 30 Դեկ­տեմ­բեր, 2016

 

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017