ՀԱԼԷՊ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԱՍՏԱՆԱՅԻ ԺՈՂՈՎԻՆ
2016 թուականի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին կարեւոր շեշտով կ՚անդրադառնար Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն: Փութին իր խօսքին մէջ կը շեշտէր, որ իրենց համար հիմնական նպատակը Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատումն է:
Մինչ հալէպցիք կը տօնախմբէին բանակի տարած յաղթանակը եւ կը բարձրաձայնէին «Հալէպը զինեալներէ զուրկ քաղաք» յայտարարութիւնը, Մոսկուայի մէջ կը կատարուէր քուլիսային աշխատանք, որ կը միտէր նախապատրաստել Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Աստանայի մէջ կայանալիք ժողովի ընդհանուր օրակարգը:
Ժողովը շատ հաւանաբար պիտի կայացուի յառաջիկայ Յունուարին եւ անոր մասնակցութիւն պիտի բերեն Ռուսաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահները:
Ամբողջութեամբ ռուսական նախաձեռնութիւն համարուած այս ժողովին մասին պաշտօնական խօսքով հանդէս եկած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներէն Կենատի Կաթիլով ըսած. «Այս հանգրուանին շատ կարեւոր է, որ Սուրիոյ մէջ հրադադար յայտարարուի եւ Աստանայի ժողովին հիմնական օրակարգը պիտի ըլլայ այդ առումով գործող մեքենականութիւններու որոնումը»: Կաթիլով շեշտած է նաեւ, որ Աստանայի ժողովը «ինքնագլուխ ժողով» մը չէ եւ ան շարունակութիւնն է Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն:
Այս բոլորէն անդին մինչեւ այս ժամը սիւննի աշխարհի ազդեցիկ ձայները յստակ արձագանգներ չեն տար Հալէպի մէջ ստեղծուած նոր իրադրութեան վերաբերեալ:
Գաղտնիք չէ, որ սիւննի աշխարհին համար Հալէպի զինեալ խմբաւորումներուն քաղաքէն հեռացումը եւ անոր «անկումը» կ՚ընկալուի որպէս պարտութիւն: Սակայն շրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական նոր տեղաբաշխումները պատճառ կը դառնան, որ սիւննի աշխարհը ընդհանրապէս «քար լռութեամբ» հետեւի տեղի ունեցող գործընթացներուն:
Թէ որքա՞ն երկար կրնայ տեւել այս լռութիւնը, յստակ չէ, բայց երեւելի է, որ Ռիատի, Քաթարի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու ղեկավարութեան համար Հալէպի մէջ եղած փոփոխութիւնը դիւրին մարսելի դէպք մը չէ: Այլ հարց, թէ անոնք կարողութիւնը պիտի ունենա՞ն հակազդել ներկայ իրադարձութիւն։ Յատկապէս Հալէպի արեւելեան շրջաններէն դէպի Իտլիպ զինեալներուն հեռացումը «միամիտ» քայլ մը չէ ու շատ հաւանական է, որ ապագայ բանակցութիւններու ծիրին մէջ եւս «իտլիպեան» այս խաղաքարտը օգտագործման դրուի:
Վերեւ անդրադարձանք դերերու փոփոխութեան մասին ու այս առումով պէտք է յստակօրէն ձեւակերպել, որ Ռիատի եւ անոր դաշնակիցներուն համար ամենէն անսպասելի «հարուած»ը Անգարայի ընդհանուր կեցուածքներուն եւ դիրքորոշման փոփոխութիւնն էր:
Անգարայի սիրտը այլեւս չի բաբախեր սիւննի աշխարհի կշռոյթներով, այլ կը նայի դէպի հեռաւոր հիւսիս ու ատոր համահունչ է նաեւ, որ Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պիտի մասնակցի Աստանայի մէջ տեղի ունենալիք բաւական կարեւոր «եռեակ նախագահներ»ու գագաթաժողովին:
Այս բոլորին համընթաց Վլատիմիր Փութին, որ քանիցս շեշտած է Սուրիոյ խնդրին հանգուցալուծման համար քաղաքական ճանապարհի կարեւորութեան վրայ, կարկինը լայն բանալով եւ «բաց պատգամ» մը յղելով ըսած է, թէ Սուրիոյ տագնապին հանգուցալուծումը անհնար է առանց Միացեալ Նահանգներու: Թէեւ Միացեալ Նահանգներ հրաւիրուած չէ Աստանայի գագաթին, սակայն չէ բացառուած, որ այս առումով Մոսկուա-Ուաշինկթըն լուռ եւ լոյսերէ հեռու բանակցութիւններ կը կատարուին:
Մոսկուայի հովանաւորութեամբ ներկայացուելիք եւ Սուրիոյ համար նախատեսուած քաղաքական որեւէ ծրագիր այսօր աւելի ամուր հիմքեր ունի:
Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ եղած փոփոխութիւններն ալ ցոյց կու տան, որ հիմնական խաղացողները բացի երկրի կառավարութենէն ու բանակէն, Թեհրանն են ու Անգարան:
Այս պարագային ալ պէտք է ընթերցողներուն յիշեցնել, որ ինչ պայմաններու տակ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու անցեալ Օգոստոսին կը հասնէր Թեհրան եւ կարեւոր համարուած բանակցութիւններ կը վարէր իրանցի իր գործընկերներուն հետ: Այդ ժողովներուն յստակ կը դառնար, որ երկու կողմերուն համար հիմնական առանցքը Սուրիոյ ամբողջականութեան եւ գերիշախանութեան պահպանումն էր: Այլ խօսքով՝ թէ՛ Թեհրան եւ թէ Անգարա կը շեշտէին, որ իրենց համար անընդունելի է քրդական նոր գործօնի մը յայտնուիլը:
Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ նախքան Չավուշօղլուի Թեհրան տուած այցը, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այցելած էր Մոսկուա (9 Օգոստոս) եւ ընդունուած՝ Վլատիմիր Փութինի կողմէ: Այդ բանակցութիւններու շնորհիւ էր անշուշտ, որ երկու կողմերը աշխոյժ գործակցութիւն կը ծաւալէին Սուրիոյ մէջ:
Վերադառնալով Հալէպի իրադրութեան, պէտք է անպայման ընդգծել, որ արմատական զինեալներէն ազատագրուած այս քաղաքը մտած է նոր հանգրուան մը:
Ճիշդ է, որ թէ՛ Սուրիոյ իշխանութիւնները եւ թէ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի անմիջական դաշնակիցները դրական շեշտով մը կը խօսին Հալէպի մէջ գրանցուած յաղթանակին մասին։ Բայց եւ այնպէս, գաղտնիք չէ, որ ընդդիմադիր զինեալներու վտանգը ամբողջութեամբ չէ վերացած:
Դեռ յստակ չէ, որ ի՛նչ հունով մը պիտի ապրի Հալէպը, բայց եւ այնպէս քաղաքի անվտանգութիւնը տակաւին մեծ փորձաքարի առջեւ կը գտնուի:
Ու պարզ գնահատումով մը՝ որպէս կայունութեան հիմնական գործօն նկատի կ՚առնուի ապահովութեան խնդիրը:
Առանց ապահովութեան վաղ է խօսիլ քաղաքի կառուցման, վերականգնման եւ բնականոնացման ընթացքներուն մասին:
Իսկ ապահովութիւնը հիմնուած չէ փափաքներու եւ բարի մաղթանքներու վրայ: Ապահովութիւնը կ՚ենթադրէ հաշ-տութիւն եւ բոլոր կողմերուն միջեւ համագործակցութիւն:
Այս տեսակէտով ալ Սուրիոյ իշխանութիւնները յայտնուած են ոչ-նախանձելի վիճակի մը մէջ, որովհետեւ մինչեւ այս պահը բոլոր անոնք որ դժգոհ էին սուրիական վարչակարգէն՝ կամ չկան, կամ անցած են ընդյատակեայ գործունէութեան, կամ ալ վերածուած են արմատական եւ ծայրայեղ ընկալումներով խմբաւորումներու:
Հոս է, որ իրավիճակը կը բարդանայ:
Որո՞ւ հետ եւ ինչպէ՞ս պիտի գործակցին իշխանութիւնները՝ ապահովելու համար խաղաղ եւ անվտանգ Հալէպ մը կերտելու առաջին քայլերը:
Առանց հաւաքական ճիգի մը, բոլոր անոնք, որ տարբեր հանգամանքներով դուրս կը մնան կամ դուրս կը ձգուին «ընդհանուր խաղ»էն, կրնան ապագային լուրջ պատուհաս դառնալ Հալէպի վերականգնման գործընթացներուն:
Ամէն պարագայի մինչեւ Ղազախիստանի ժողովին գումարուիլը, տակաւին երկար ճանապարհ կայ անցնելիք ու այս առումով հիմնական կշռաքարը պիտի յստականայ ամերիկեան կեցուածքին բիւրեղացումով:
Կեցուածք մը, որուն մէջ յստակ ազդեցութիւն կրնան ունենալ Ռիատ- Ուա-շինկթըն «ռիսթարթ» ըլլալիք շեշտադրումները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան