ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՊԱՏՈՒԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնակատարութիւն իւրայատուկ վայելչութեամբ:
Առաւօտուն մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ փութացին դպրոց: Օրեր տեւող տքնաջան աշխատանքները տուած էին իրենց պտուղը եւ ահաւասիկ փոքրիկները պատրաստ էին հանդէս գալու ամանորեան հոյակապ հանդէսով մը: Վարժարանին սրահը, օր մը առաջուընէ գեղեցկօրէն զարդարուած՝ ճշգրտութեամբ կը ցոլացնէր ամանորեան երազային ու խորհրդաւոր մթնոլորտը: Անխտիր բոլոր տղաքը կը կրէին մեծ յուզում, քանի որ քիչ ետք դէմ յանդիման պիտի գային Կաղանդ պապուկին հետ:
Հանդէսը իր ներկայութեամբ պատուեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան: Իսկ հանդիսականներու շարքին էին Մխիթարեան վանատան Հայր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, մատակարար մարմինը, ուսուցչաց կազմէն ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:
Հանդէսը սկիզբ առաւ մանկապարտէզի մեծ դասարանի տղոց ինքնաբուխ ելոյթներով: Անոնք զատ զատ արտայայտեցին Կաղանդի առթիւ իրենց զգցումները, իրենց ակնկալութիւնները եւ այսպէս՝ ողջունեցին ներկաները: Ապա տղաքը սկսան ներկայացնել «Կաղանդ պապային ուրախութիւնը» խորագրեալ թատերախաղ մը: Խաղը կը ներկայացնէր կաղանդուան պատրաստութիւնները Մխիթարեան վարժարանի մէջ: Ուրեմն տղաքը իրենց առօրեան է, որ կը կենդանացնէին բեմին վրայ: Այս ոգեւորիչ տօնի սեմին փոքրիկները իրենց փափաքները, իրենց մաղթանքները կը կախէին տօնածառէն: Եւ երբ կը ժամանէր Կաղանդ պապուկը եւ կը կարդար տղոց նամակները, խորապէս կը զգածուէր, քանի որ տղաքը միմիայն իրենց անձին համար չէ, այլ ամբողջ մարդկութեան համար բարեմաղթութիւններ յղած էին ծեր Պապուկին: Անոնք ամբողջ աշխարհին համար մաղթած էին առողջութիւն, երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն: Եւ այս մէկը անշուշտ շատ երջանկացուցած էր Կաղանդ պապուկը եւ ան որոշած էր ամենէն առաջ այս բարեսիրտ տղոց յանձնել իրենց նուէրները: Իսկ խաղին առանցքը կը կազմէր անշուշտ Յիսուս Մանուկի ծննդեան դրուագը: Մոգերուն գալուստը, հովիւներուն ուրախութիւնը, պայծառ աստղը կ՚ամբողջացնէին այս հիանալի պատկերը: Այսպէս՝ Կաղանդ պապուկին ուրախութիւնը կը բազմապատկուէր Յիսուս Մանուկի ծնունդով: Եւ երբ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան մարմնաւորող փոքրիկ աշակերտ մը տուրմ եւ շաքար կը բաժնէր տղոց, ինչպէս որ յաճախ կ՚ընէր վարդապետը, մթնոլորտին մէջ ա՛լ աւելի կը խտանար ուրախութիւնը, վարակիչ դառնալով եւ փոխանցուելով անձէ մը դէպի միւս անձը, սիրտէ մը դէպի ուրիշ սիրտ մը:
Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի այս հրահանգիչ խաղին բեմադրութիւնը կը պատկանէր վարժարանի մանկապարտիզպանուհիներէն Արշալոյս Ունճուի, Սիպիլ Աւագօղլուի, Ռեհան Եաղեազանի, Մարալ Կիւլպայծառի, Մելիսա Իփեքլիի եւ Միրելլա Կիւլէրի, նաեւ տրամայի ուսուցչուհի Թալին Կարիպկիւնի: Խաղը համեմուած էր սիրուն պարերով եւ երգերով: Հրեշտակներուն, աստղերուն եւ Կաղանդ պապային ուղղուած նամակներուն պարերը հիացում պատճառեցին ներկաներուն մօտ: Կրկին վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ռեհան Եաղեազանն էր, որ ստանձնած էր պարուսոյցի պաշտօնը: Ս. Ծննդեան եւ ամանորեան հայերէն երգերու համար յատուկ աշխատանք տարած էր վարժարանի մանկապարտէզի երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշ, իսկ անգլերէն երգերու պարագային տղաքը մարզուած էին վարժարանի անգլերէնի ուսուցչուհիներ Իլոնա Քիւչիւքրէիսեանի եւ Բոլին Մավունաճըի հսկողութեամբ: Կաղանդուան յատուկ բեմայարդարումը արդիւնքն էր գծագրութեան ուսուցչուհի Հիւմէյրա Թունալըի: Իսկ հանդէսին լոյսի եւ ձայնի սարքաւորումէն պատասխանատու էր Արման Ծատուր:
Տղոց ելոյթներուն յաջորդեց Կաղանդ պապուկին սրահ մուտքը նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկըի ընկերակցութեամբ: Բոլոր ներկաներուն Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան կրկնակ տօները շնորհաւորելէ ետք Գաթիա Վարկը մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին յայտագրի իրականացման:
Իր կարգին, Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան եւս ուղղեց իր հայրական խօսքը փոքրիկներուն եւ ծնողքին, շնորհաւորելով Նոր տարին խաղաղութեան բիւր մաղթանքներով:
Իսկ սրահին մէջ խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ Կաղանդ հայրիկը իր խոշոր պարկէն հանած նուէրները մէկիկ մէկիկ բաժնեց աշակերտներուն: Անշուշտ մանկապարտէզի փոքրիկներն ալ երգերով, ոտանաւորներով եւ ծափողջոյններով է որ դիմաւորեցին ծերուկ Պապուկը: Կաղանդ հայրիկէն զատ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, նաեւ վարժարանին Ծնողաց միութիւններն ալ խորհած էին փոքրիկները: Պատրաստած էին ամանորեան անակնկալներ, որոնք մեծ ոգեւորութիւն պատճառեցին տղոց մօտ: Վարժարանին միւս դասարաններն ալ անշուշտ անմասն չմնացին Կաղանդ պապուկին բարիքներէն: Անոնք ալ իրենց կարգին ստացան իրենց նուէրները: Անոնք երգեցին, պարեցին, զուարճացան լիուլի վայելելով կաղանդուան բացառիկ խնդութիւնը:
Այսպէս՝ Նոր տարուան սեմին Մխիթարեան վարժարանի մէջ Կաղանդը եւ Կաղանդ պապուկը եկան փոքրիկներուն սրտիկները անգամ մը եւս դրոշմել Ս. Ծննդեան եւ ամանորեան խորազգած ու խորիմաստ ապրումներով եւ դարձեալ եկան անոնց առողջութեան, երջանկութեան եւ խաղաղութեան մաղթանքները ուղարկել մթնոլորտին, որպէսզի այդ ինքնաբուխ մաղթանքները իրենց բարի անդրադարձը գտնեն տիեզերքի մէջ: