ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին այց մը տուաւ Չանաքքալէ։ Ան աղօթեց տեղւոյն նահատակներու շիրմին մօտ, նաեւ Չանաքքալէի առընթեր շփումներ ունեցաւ Պալըքէսիրի մէջ։
Չանաքքալէի մէջ Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին նախատեսուած ոգեկոչումներու ծրագրին։ Ներկայիս Չանաքքալէի պատերազմի 100-ամեայ տարելիցը նշելու ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջի տուեալներով, Էրտողան նշեց, թէ Ապրիլի 24-ի ձեռնարկներուն պիտի մասնակցին շուրջ քառասուն երկիրներէ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու գլխաւորներ։
Ըստ Էրտողանի, Չանաքքալէի պատերազմը փորձագիտութեան եւ հաւատի պայքարն էր եւ այդ պայքարէն յաղթական դուրս եկաւ հաւատը։ «Չանաքքալէի յաղթանակը մեզի համար թէեւ ունեցաւ մեծ փոխարժէք մը, սակայն չմոռնանք, որ մեր այսօրուան անկախ պետականութիւնը կը պարտինք Չանաքքալէի մէջ ի յայտ եկած այդ հաւատին, այդ ոգիին», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ այս տարի յաղթանակի 100-ամեակին առթիւ նախատեսուած են աւելի տարբեր, աւելի ծաւալուն տօնակատարութիւններ։ Ապրիլի 24-ին արարողութիւնները պիտի ունենան միջազգային բնոյթ եւ մեծ համախմբման մը մթնոլորտը պիտի ստեղծեն։ Նախարարներուն հետ միասին մասնակից պատուիրակութիւններու թիւը պիտի հասնի յիսունի։
Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան Չանաքքալէի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ կուսակալ Ահմէտ Չընարի հետ։ Կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպման ընթացքին Էրտողանին նուիրուեցաւ 54-րդ զօրագունդին դրօշը։ Չանաքքալէի նահատակաց յուշարձանն ալ այցելեց Էրտողան եւ այս առթիւ նահատակաց շիրիմներուն մօտ թողուց մեխակներ եւ արտասանեց աղօթք։
Ուղեւորութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ էին իր կողակիցը՝ Էմինէ Էրտողան, Առողջապահութեան նախարար Մեհմէտ Միւէզզինօղլու, Հաղորդակցութեան նախարար Ֆէրիտուն Պիլկին, Անտառներու եւ ջրային միջոցներու նախարար Վէյսէլ Էրօղլու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Ծանօթ է, որ միջոց մը առաջ ընդդիմադիր մամուլին մօտ երեւցած էին պնդումներ, ըստ որոնց Չանաքքալէի ոգեկոչման ծրագիրը ձախողման վտանգ կ՚ապրէր։ Այդ լուրերը աւելի վերջ հերքուած էին պաշտօնապէս։