ՄԱԿ-Ի ԿՈՂՄԷ ԶԵԿՈՅՑ
Աշխարհի բնակչութեան երկու երրորդը 2030 թուականին պիտի ապրի քաղաքներու մէջ։ Այդ նոյն զանգուածին բաժին պիտի վիճակի համաշխարհային համախառն ներքին արդիւնքի 80 տոկոսը։
Նոր տարուան ընդառաջ ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած զեկոյցի մը համաձայն, ներկայիս աշխարհի բնակչութեան հինգերորդ մասը կ՚ապրի ընդամէնը 600 քաղաքներու մէջ եւ այդ զանգուածին բաժին կը վիճակի համաշխարհային ներքին համախառն արդիւնքի 60 տոկոսը։ Առաւել արագ զարգացող քաղաքաշինութեան կեդրոններու շարքին կը դասուին՝ մէկ միլիոնէ պակաս բնակչութեամբ միջին ու փոքր քաղաքները, որոնց բաժին կը վիճակի աշխարհի բնակչութեան մինչեւ 59 տոկոսը։ Մասնագէտները կ՚ընդգծեն, որ քաղաքաշինութեան գործընթացը հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ յառաջիկայ տասնչորս տարուան ընթացքին կայուն զարգացման նոր նպատակներու հասնելու համար։ Սակայն եթէ քաղաքաշինութեան գործընթացը ընթանայ չծրագրուած ձեւով ու չկառավարուի, ապա տեղի կրնայ տալ մարդոց միջեւ անհաւասարութեան աճի եւ աւերիչ կլիմայական փոփոխութիւններու։ Նոյն աղբիւրները շեշտադրած են աշխարհի բնակչութեան միջեւ անհաւասարակշռութեան մակարդակի բարձրացումը՝ անցեալ դարավերջի տուեալներուն բաղդատմամբ։
Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ տարեմուտի դրութեամբ աշխարհի բնակչութիւնը կազմած էր շուրջ 7.3 միլիառ մարդ։