ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու վա­ղը պի­տի մեկ­նի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նիւ Եոր­քի մէջ ան պի­տի տե­սակ­ցի ՄԱԿ-ի նոր ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէ­շի հետ։ Դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րու շուրջ քննար­կում­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին։ Մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ պի­տի դառ­նան Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ջանքերով Սուրիոյ մէջ հաստատուած է հրադադար մը ու ջան­քեր կը գործադրուին քաղաքական լուծման գետին պատ­րաստելու առաջադրութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Կու­թե­րէշ ՄԱԿ-է ներս վա­րած նա­խորդ պաշ­տօ­նին ժա­մա­նակ կար­ճա­տեւ այց մը տուած էր Թուր­քիա եւ այ­ցե­լած՝ գաղ­թա­կա­նաց ճամ­բար­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017