ՎԵՐԱՍԼԱՑ ՊԱՀ ՄԸ՝ ՀԱՅԿ ԱԶԱՐԵԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
Լսելն ու ականատես ըլլալը որքան տարբեր բաներ են: Աբովեան քաղաքի նորակառոյց Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մասին հիասքանչ արտայայտութիւններ լսած էի թէ՛ կառոյցի, խաչքարային քանդակներու եւ թէ սրբապատկերներու ու գմբէթի պատկերազարդ «ներկայութեան» մասին: Անցեալ տարուան Մայիսեան տօնական օրերուն, երբ հայրենիք կը գտնուէի, մեկնեցայ նաեւ Աբովեան քաղաք՝ տեսնելու համար հրաշափառ տաճարը:
Առաջին իսկ հայեացքով, գմբէթը ինծի թուաց, թէ գերերկրային ներկայութիւն մըն է: Երկնակամարը պահ մը ներքեւ՝ իմ մօտս իջաւ, որպէսզի կարենամ հաղորդուիլ հզօր ծածկոյթին հետ: Սերովբէներ, Քերովբէներ լուսապսակներով, մականներով վեր փոխադրեցին զիս: Թէ որքա՛ն մնացի երկնասլաց հրեշտակագունդերուն հետ դժուար էր ըսել: Եկեղեցւոյ գաւիթին մօտ սպասող ընկերակիցներս անդրադարձուցին, թէ շատ երկար էր…
Աղօտ յիշողութեանս մէջ սակայն տարւան մը հեռաւորութենէն անջինջ դրոշմուած փայլատակումներ մնացին, որոնք բնաւ պիտի չջնջուին մտքէս, մանաւանդ հոգիէս այնքան ատեն որ կենդանի եմ:
Ոսկեգոյն ետնապատկերէն հրեշտակները ակնդէտ կը հսկէին՝ այնպէս ինչպէս երկինքէն՝ որուն հետ միաձուլուած այս քնքոյշ, բայց մանաւանդ զօրեղ ու հուրհրատող էակները իջած ըլլային կարծէք զիս իրենց հետ վեր փոխադրելու:
Ջերմ ու ժպտացող զուարթուններ կենդանի էին ու իրական: Այո՛, պայծառ ծիրանիներով, մուգ կարմիր ու կապոյտ հանդերձներով, կենդանարար կանաչով, ջերմ ու ազնուագոյն հզօր թագաւորի մը պալատը կը փոխադրէին զիս՝ մտերմիկ երկնային ժողովի մը մասնակից դարձնելու: Անոնք նուրբ ու բարակ ձեռքերով, նուրբ բարի, երկրին չհպած ոտքերով, օգնութեան ու արդարութեան համար հասնող մականներով, լուսապսակներով, գոյնի եւ լուսաստուերի ներդաշնակ համադրումով դրախտային ոլորտ մը կը ստեղծէին երկրի վրայ, ոտքերուս հպած այն երկրին, որ նախադրախտն էր արդէն: Երկնային նոր տիրապետութիւն մը, սեփականութիւն մը ներքին նոր թագաւորութիւն մը ստեղծելու իջած ըլլային կարծէք:
Պրպտումներէս կ՚իմանամ, թէ Երեւանի ծնունդ սրբանկարիչ Հայկ Սարկաւագ Ազարեան Երեւանի Թերլեմէզեանի անուան նկարչական ուսումնարանն ու Էջմիածնի ճեմարանը աւարտելէ ետք, կ՚աւարտէ Պուքրէշի եկեղեցական նկարչական դպրոցն ու Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի Վերականգնումի բաժինը, այնուհետեւ կը պաշտպանէ իր թեկնածուական աւարտաճառը՝ «Սրբապատկերի Աստուածաբանութիւնը» թեմայով:
Ետքը կ՚իմանամ նաեւ, որ ոչ միայն Աբովեան քաղաքի հրաշալի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ սրբապատկերներն ու որմնանկարներու հեղինակն է Հայկը, այլեւ Երեւանի կեդրոնը գտնուող Ս. Աննա նորակառոյց եկեղեցւոյ սրբապատկերները ստեղծողն է, արուեստագէտ՝ Հայկ Ազարեան, որ նոր եւ ինքնուրոյն շունչ բերելով հանդերձ մեր նորօրեայ եկեղեցական գեղանկարչութեան, նաեւ պահպանած եւ յարգած է պատկերագրական բոլոր կանոնները: Իր բոլոր գործերը սերտօրէն կապուած են համաքրիստոնէական եւ հայկական եկեղեցական սրբանկարչութեան աւանդոյթներուն եւ արուեստին հետ:
Կիլիկեան արուեստը քանի որ մաս կը կազմէ Միջերկրականի աւազանի Բիւզանդական արուեստին, հայկական արուեստին մէջ, (Դեհիսիս)ին կը հանդիպինք շատ վաղուց, միջնադարեան նկարչութեան մէջ: Թէեւ սրբապատկերներու օրինակները սակաւաթիւ են, սակայն ամենէն յատկանշականներէն է, Տաթեւի Ս. Պօղոս Պետրոս եկեղեցւոյ սրբապատկերը (930 թ.): Աւելի ուշ Կեչառիսի գլխաւոր եկեղեցին (1051 թ.), Հաղբատի Ս. Նշան եկեղեցին (1215 թ.), Քոբայրի եկեղեցին (1282 թ.): Ուրեմն հայկական գեղանկարչութեան մէջ 10-րդ դարէն սկսեալ արդէն իսկ ունէինք Դեհիսիսը՝ Քրիստոսի, Աստուածամօր եւ Յովհաննէս Մկրտչի մասնակցութեամբ:
Դեհիսիսի թեման նոյնպէս ոգեշնչած է Հայ մանրանկարիչները: Թորոս Ռոսլին նկարազարդած է Մալաթիոյ Աւետարանը 1267-ին եւ Կեռան թագուհիի Աւետարանը՝ 1272-ին: Այս պատկերներուն եւ ընդհանրապէս Դեհիսիսի մէջ Քրիստոսը միշտ գահին բազմած պատկերուած է, իսկ Անոր երկու կողմերը Աստուածամօր եւ Յովհաննէս Մկրտիչին փոխարէն Եղիան եւ Մովսէսը զետեղուած են:
Ռումանիոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցին զարդարող Դեհիսիսը Հայկ Սարկաւագ Ազարեան պատկերած է որպէս նուէր Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին:
Թեման կը ներկայացնէ Փրկչին երկրորդ գալուստը՝ Աստուածամօր եւ Յովհաննէս Մկրտիչի ուղեկցութեամբ: Պատկերին մէջ Քրիստոս նստած է իր գահին վրայ, Աջով կ՚օրհնէ, իսկ Ձախ ձեռքին ունի ականազարդ Աւետարանը:
Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ զուարթունները պատճառ կը դառնան, որ աչքերուս առջեւ պարզուի նոր համայնապատկեր մը: Աւելին՝ սրբավայր մը, որուն բանալին սարկաւագ Հայկ Ազարեանի մօտ կը գտնուի: Հոն մտնելով ականատեսը կ՚ըլլաս նորաոճ, բայց արեւելեան յատուկ բոյրով օծուն ու հայկական վրձինին յատուկ նորանոր յայտնագործումներու, այլ խօսքով՝ ոգեղէն զգլխիչ խրախճանքի մը:
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ