ԱՄԱՆՈՐԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական համերգը։ Այս տարի ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ Յակոբ Մամիկոնեանի խմբավարութեամբ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Երաժշտասէր հասարակութիւնը մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ այս երեկոյթին նկատմամբ։ Հոգեւոր համերգի ծրագիրը բաղկացած էր մեծաւ մասամբ մեր եկեղեցական երաժշտութեան ընտիր նմոյշներէն։ Ծրագրին վրայ ընդգրկուած էին նաեւ քանի մը տոհմիկ երգեր։ Լուսաւորիչ երգչախումբը փայլուն յաջողութեամբ մեկնաբանեց այդ բոլոր գործերը՝ խոր տպաւորութիւն գործելով բոլոր ունկնդիրներուն վրայ։
Յանուն Լուսաւորիչ երգչախումբի տնօրէն խորհուրդին Երազ Օլկունտեմիր համերգի սկիզբին արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Յայտագրին մաս կազմեցին՝ Եկմալեանի, Կոմիտասի, Պետրոսեանի, Մանասեանի, Աւետիսեանի, Անասեանի, Կանաչեանի, Սմբատեանի, Յարութիւնեանի եւ Ալթունեանի գործերը։ Համերգի ընթացքին մեներգներով հանդէս եկան՝ Մարիա Հազարեան Էրշէն, Գարին Չուպուքճեան Պոզքուրթ, Սէրճան Կազէրօղլու եւ Շանթ Չաքմաքճեան։ Երգեհոնով ընկերացաւ Ճուլիա Դաւիթ։ Ներկաները ջերմ ծափերով ողջունեցին Լուսաւորիչ երգչախումբին արձանագրած այս փայլուն յաջողութիւնը։
Երեկոյթը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքերով։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց մեր հաւաքական կեանքէն ներս դպրաց դասերու նշանակութիւնը։ Ան շեշտեց նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբին արձանագրած վերելքը եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի գործունէութեան մասին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտնեց նաեւ, որ Ամանորի շրջանին մեր երկիրը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Հետեւաբար ան մաղթեց, որպէսզի յառաջիկայ շրջանը ըլլայ խաղաղ ու տիրէ անդորրութիւն։
Ծրագրի գործադրութեան աւարտին հոգեւոր հայրերը նկարահանուեցան երգչախումբին հետ։