ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԼՈՒԾՈՒՄ

Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն (ՀԱՊԿ) ներս տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հեր­թի փո­խան­ցում մը։ Այս­պէս, տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նը ստանձ­նեց Վա­լե­րի Սե­մե­րի­քով, որ կը յա­ջոր­դէ Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա­յին։ Հարկ է նշել, որ սա մի­ջան­կեալ կար­գադ­րու­թիւն մըն է եւ կա­ռոյ­ցի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը չեն նշած, թէ ինչ ժամ­կէ­տով պի­տի պաշ­տօ­նա­վա­րէ Վա­լե­րի Սե­մե­րի­քով։

ՀԱՊԿ-էն ներս ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նին հա­մար որ­դեգ­րուած է ռո­թա­սիո­նի սկզբուն­քը՝ ըստ այբ­բե­նա­կան կար­գի։ Սոյն ըն­թա­ցա­կար­գի հի­ման վրայ տա­կա­ւին 2015 թուա­կա­նին ՀԱՊԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար պէտք է դառ­նար Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, սա­կայն ա­ւե­լի քան տա­րիէ մը ի վեր կը յե­տաձ­գուի այդ ա­նու­նին վերջ­նա­կա­նօ­րէն ճշդուի­լը։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­տակ Զա­քա­րեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին։ Ըստ ի­րեն, ՀԱՊԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի ընտ­րու­թեան հա­մար նա­խա­պէս ըն­դու­նուած ո­րո­շու­մը ի զօ­րու է։ Ան ը­սաւ. «Ո­րո­շու­մը, թէ այբ­բե­նա­կան կար­գով պի­տի ըլ­լայ ՀԱՊԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի ստանձն­ման հեր­թա­կա­նու­թիւ­նը ըստ եր­կիր­նե­րու, չէ փոխուած։ Հա­յաս­տան տա­կա­ւին կը սպա­սէ իր հեր­թին, իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին մի­ջո­ցաւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը ստանձ­նե­լու հա­մար»։ Ըստ ի­րեն Պոր­տեու­ժա­յի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն փո­խան­ցու­մը ներ­քին ըն­թա­ցա­կար­գի մը ար­դիւնքն է։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ԹԻՖԼԻԶ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Միւս կողմէ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ տա­րի եւս պի­տի շա­րու­նա­կէ գան­ձատ­րել Վրաս­տա­նի հետ ռազ­մա­կան ծրագ­րե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս հա­մա­տեղ ռազ­մա­փոր­ձե­րու կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա շա­բա­թա­վեր­ջին հաս­տա­տեց 2017 թուա­կա­նի ռազ­մա­կան պիւտ­ճէն եւ այս­պէ­սով յա­ջորդ տա­րուան պաշտ­պա­նա­կան ծախ­սե­րը յստա­կեց­նող փաս­տա­թուղ­թը ստա­ցաւ օ­րէն­քի ուժ։

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ յայտ­նեց, որ սա շատ կա­րե­ւոր փաս­տա­թուղթ մըն է։ Ար­դա­րեւ, այդ փաս­տա­թուղ­թին շնոր­հիւ հեր­թա­կան ան­գամ կ՚ընդգ­ծուի Վրաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ռազ­մա­վա­րա­կան բնոյ­թը։

Սպի­տակ տու­նը եւս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ՝ մեկ­նա­բա­նե­լով Վրաս­տան-ԱՄՆ հա­մա­տեղ ռազ­մա­կան ծրագ­րե­րու հե­ռան­կար­նե­րը 2017-ի հա­մար։ Այս­պէս, Վրաս­տան ԱՄՆ-ի ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մին է։ Ա­մե­րի­կեան կող­մը կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Վրաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ինք­նիշ­խա­նու­թեան հա­մար՝ երկ­րի մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանչ­ցուած սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ ա­մե­րի­կեան կող­մը չի ճանչ­նար Աբ­խա­զիոյ եւ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ ան­կա­խու­թիւ­նը։

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Տա­ւիտ Զալ­քա­լիա­նի յայտ­նեց, որ ա­մե­րի­կեան ռազ­մա­կան պիւտ­ճէին մէջ Վրաս­տա­նին վե­րա­բե­րեալ կէ­տի մը գո­յու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ իր եր­կի­րը յա­ջորդ տա­րի եւս նշա­նա­կա­լի տեղ մը պի­տի ու­նե­նայ Ո­ւա­շինկ­թը­նի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ։ Զալ­քա­լիա­նի հա­մո­զուած է, որ ա­մե­րի­կեան ռազ­մա­կան պիւ­ճէին մէջ Վրաս­տա­նի յի­շա­տա­կու­մը ար­դիւնքն է Թիֆ­լի­զի կող­մէ գոր­ծադ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ջան­քե­րուն։ «Օ­րէն­քի դրոյթ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տան, որ­պէս­զի Վրաս­տան Եւ­րո­պա­յի գոր­ծըն­կեր պե­տու­թիւն­նե­րուն եւ ԱՄՆ-ի հետ կազ­մա­կեր­պէ հա­մա­տեղ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­ներ, նաեւ այլ քայ­լեր ի­րա­կա­նաց­նե­լով բարձ­րաց­նե­լու հա­մար երկ­րի պաշտ­պա­նու­նա­կու­թիւ­նը։ Սա թոյլ պի­տի տայ նաեւ վրա­ցա­կան բա­նա­կը մօ­տեց­նե­լու ՆԱ­ԹՕ-ի չա­փա­նիշ­նե­րուն՝ դի­մա­կա­յե­լով ար­դէն առ­կայ կամ հա­ւա­նա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն», ը­սաւ փոխ-նա­խա­րա­րը։

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2017