Ծափահարելի յաջողութիւն

«Շան» սի­նե­մա­յի հրդե­հին յա­ջոր­դած տաս­նա­մեակ­նե­րուն Իս­թան­պու­լի սրտին վրայ մնաց մեծ պա­րա­պու­թիւն մը, որ խորհր­դան­շա­կան էր՝ Թուր­քիոյ մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ որ­դեգ­րուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մտայ­նու­թիւ­նը ցո­լաց­նե­լու ա­ռու­մով։ Հսկա­յա­կան տա­րածք մը կը թո­ղուէր ա­նար­դիւ­նա­ւէտ եւ այդ ե­րե­ւոյ­թին մէջ կը տես­նուէր «օ­գուտ» մը, զոր դժուար թէ ըն­կա­լե­լի կամ ըմբռ­նե­լի ըլ­լար ընդ­հան­րա­ցած ի­մաս­տով։ 

Փո­խուե­ցան ժա­մա­նակ­նե­րը։ Այ­սօր այդ նոյն տա­րած­քին վրայ կը կա­ռու­ցուի «Շան­սի­թի»ն։ Նոյն հա­մա­լի­րէն ներս եր­կինք պի­տի խո­յա­նայ նաեւ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի նոր շէն­քը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը իս­կա­պէս տպա­ւո­րիչ էր։ Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է ծա­փա­հա­րե­լի յա­ջո­ղու­թեան մը ա­մուր նա­խադ­րեալ­նե­րը։ Սա ար­դիւնքն է լուրջ տես­լա­կա­նի մը, ո­րուն պտուղ­նե­րը կրնան փո­խել թրքա­հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան կեան­քին ըն­թաց­քը։ Հի­ւան­դա­նո­ցի նոր շէն­քը պի­տի ու­նե­նայ յի­սուն հի­ւան­դա­սե­նեակ, նե­րա­ռեալ ութ ման­կանց խնամ­քի բա­ժին եւ տաս­ներ­կու բարձ­րա­կարգ դար­ման­ման բա­ժան­մունք։ Յա­մե­նայն­դէպս, սա միայն հի­ւան­դա­նո­ցի մը շի­նու­թեան ծրա­գի­րը չէ, այլ ա­պա­գայ կա­ռու­ցե­լու ուղ­ղեալ նա­խա­գիծ մը։ Սա կրնայ բնորոշել ողջունելի անկիւնադարձի մը պատ­մա­կան հանգրուանը՝ մեր հաւաքական կեան­քէն ներս, ուր զգալի է լուրջ ձեռքբերումներու կարիքը։ 

Ու­րեմն, բա­րի երթ եւ յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք Պեռ­նար Սա­րը­պա­յի կող­մէ գլխա­­ւո­րուած հո­գա­բար­ձու­թեան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2015