ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նէն ներս Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան տօ­նա­կան շրջա­նին ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ա­ւան­դա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ Տա­տեա­նի ըն­տա­նի­քը ող­ջու­նեց Նոր տա­րին՝ ան­կեղծ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով։ Տա­րե­մու­տի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ հան­դէս­ներ, ո­րոնք Տա­տեա­նի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ հրճուան­քի ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ։

Դպրո­ցի հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ճոխ յայ­տագ­րով հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին նա­խակր­թա­րա­նի տղա­քը տօ­նա­կան տա­րազ­նե­րով հան­դէս ե­կան հա­ճե­լի ե­րա-ժըշ­տու­թեամբ։ Հան­դի­սա­վար­ներն էին Թա­յիս Չո­լա­քեան եւ Ար­տէն Պեն­կի։ Ձեռ­նար­կը շա­րու­նա­կուե­ցաւ եր­գե­րով, պա­րե­րով, թա­տե­րակ­նե­րով ու ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։ Պաս­տա­ռի վրայ ցու­ցադ­րուե­ցան նաեւ ա­մա­նո­րեան շրջա­նին բնո­րոշ ժա­պա­ւէն­ներ ու նկար­ներ։ Ներ­կա­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին տղոց ե­լոյթ­նե­րը եւ ան­շուշտ այդ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­մա­նո­րեան շրջա­նի բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նը ու­նէր իր բա­ժի­նը։

Տա­տեա­նի ման­կա­պար­տէ­զի հինգ դա­սա­րան­նե­րուն հա­մար ալ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ մաս­նա­ւոր հան­դէս մը։ Փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնք եր­կու խում­բի բաժ­նուած էին, հան­դէս ե­կան ա­ռան­ձին ձեռ­նարկ­նե­րով՝ մին ա­ռա­ւօ­տեան, իսկ միւ­սը կէ­սօ­րուան։ Մա­նա­կա­պար­տէ­զի պա­տաս­խա­նա­տու Հեր­մի­նէ Չը­նար ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով շնոր­հա­ւո­րեց բո­լո­րի Նոր տա­րին։ Տա­տեա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րե­ցին ի­րենց յայ­տա­գի­րը՝ ար­ժա­նա­նա­լով բո­լո­րի ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն։ Ա­ւա­րա­տին Կա­ղանդ պա­պու­կը սրահ ժա­մա­նե­լով իւ­րա­քան­չիւ­րին բաժ­նեց նուէր­ներ, ինչ որ մե­ծա­գոյն վար­ձատ­րու­թիւնն էր ա­նոնց հա­մար։

Ա­մա­նո­րեան հան­դէս­նե­րու շար­քի փակ­ման փու­լին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ Ան ընդգ­ծեց հան­դէս­նե­րուն շար­ժա­ռի­թով ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ արձ­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւնն ու կրթա­կան մշակ­նե­րուն կող­մէ ի գործ դրուած ե­ռան­դը։ Տա­տեա­նի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին ա­ռըն­թեր տնօ­րէ­նու­հին Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան առ­թիւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղեց նաեւ ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն, ո­րոնք ներ­դաշ­նակ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րեն՝ վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ա­ջակ­ցե­լու հա­մար։ Ա­լիս Պայ­րամ մաղ­թեց, որ Նոր տա­րին բար­բեր ըլ­լայ մեր երկ­րին, մեր հա­մայն­քին, հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հա­մայն մարդ­կու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Շաբաթ, Յունուար 7, 2017