«ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՔԱՅՔԱՅՈՒԻԼ»

Գեր­մա­նիոյ Փոխ-վար­չա­պետ Սիկ­մար Կապ­րիէլ յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­միու­թեան քայ­քա­յուի­լը այ­լեւս կը հա­մա­րուի հա­ւա­նա­կան։ Der Spiegel-ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան յայտ­նեց, որ Գեր­մա­նիա եւ­րո­յի գօ­տիէն ներս յա­մա­ռօ­րէն կը պաշտ­պա­նէ խնա­յո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը, ինչ որ Եւ­րո­պան ա­ւե­լի քան եր­բեք պա­ռակ­տած է եւ հո­րի­զո­նին վրայ ու­րուագ­ծուած՝ Եւ­րո­միու­թեան քայ­քայ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը։

Սիկ­մար Կապ­րիէլ ղե­կա­վարն է Գեր­մա­նիոյ Սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան, ո­րու հետ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մած է Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Քրիս­տո­նեան-դե­մոկ­րատ միու­թիւ­նը։ Ան Եւ­րո­միու­թեան ա­պա­գա­յին շուրջ հան­դէս ե­կաւ ու­շագ­րաւ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով։ Իր հա­մոզ­մամբ, Ֆրան­սա­յի եւ Ի­տա­լիոյ նման ե­րիր­նե­րը ջան­քեր կը գոր­ծադ­րեն ի­րենց ելմ­տա­կան բա­ցը նուա­զեց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ, ինչ որ քա­ղա­քա­կան ռիս­քե­րու դէմ յան­դի­ման կը թո­ղու Եւ­րո­պան։

Կապ­րիէլ, որ ան­ցեա­լի մէջ վա­րած է նաեւ տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօն, հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը. «Ան­ցեա­լի մէջ Վար­չա­պետ Մեր­քէ­լին հար­ցու­ցած էին, թէ ո՞ր մէ­կը ա­ւե­լի վնա­սա­կար պի­տի ըլ­լայ Գեր­մա­նիոյ հա­մար։ Ֆրան­սա­յի մէջ կէս նի­շով ա­ւե­լի պիւտ­ճէի բաց ըլ­լա՞­լը կամ ծայ­րա­յեղ ա­ջա­կող­մեան Մա­րին Լը Փէ­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ըլ­լա­լը։ Ցայ­սօր պա­տաս­խան մը չեմ ա­ռած»։­

Ըստ Սիկ­մար Կապ­րիէ­լի, պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րը ներդ­րում­նե­րէ ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յեն ելմ­տա­կան կար­գա­պա­հու­թեան նկատ­մամբ։ Այս պա­րա­գան պատ­ճառ կը դառ­նայ, որ Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­նե­րէն ներս իշ­խա­նու­թեան գլուխ գան ծայ­րա­յեղ ա­ջա­կող­մեան ղե­կա­վար­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, այ­լեւս ան­կա­րե­լի է ԵՄ-ը հա­մա­րել՝ որ­պէս ա­նան­ջա­տե­լի ամ­բողջ մը։

Գեր­մա­նիոյ մէջ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին նա­խա­տե­սուած են ընտ­րու­թիւն­ներ։ Սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թիւ­նը հա­նա­ւա­բար Մեր­քէ­լի դէմ թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րէ Կապ­րիէ­լը։ Այս վեր­ջի­նը հա­մո­զուած է, որ Գեր­մա­նիա թէ՛ տնտե­սա­պէս եւ թէ քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով մեծ օ­գուտ­ներ կը քա­ղէ Եւ­րո­միու­թե­նէն, հե­տե­ւա­բար ե­թէ այդ մէ­կը քայ­քա­յուի ա­պա ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը պի­տի չնե­րեն ի­րենց։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017