ՇԻՆԻՉ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Ի­րաք։ Կա­րե­ւոր ու­ղե­ւո­րու­թիւն մըն էր այս մէ­կը, ո­րով­հե­տեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի հրա­տապ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով Պաղ­տա­տի եւ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ վեր­ջին շրջան­նե­րուն յա­ռա­ջա­ցան լա­րուա­ծու­թիւն­ներ։ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ Ի­րա­քի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցաւ, իր հետ ու­նե­նա­լով հինգ նա­խա­րար­ներ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին ան այ­ցե­լեց Պաղ­տատ, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ի­րա­քի Վար­չա­պետ Հայ­տար Էլ Ի­պա­տիի հետ։ Պաղ­տա­տի շփում­նե­րէն վերջ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ան­ցաւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րաք։ Էր­պի­լի մէջ ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նիի եւ Վար­չա­պետ Նե­չիր­վան Պար­զա­նիի հետ։

Պաղ­տա­տի մէջ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ եւ Հայ­տար Էլ Ի­պա­տի գլխա­ւո­րե­ցին Թուր­քիա-Ի­րաք բարձր մա­կար­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը, ո­րու ա­ւար­տին հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սով։ Եըլ­տը­րըմ այս առ­թիւ շեշ­տեց, թէ Ի­րաք Թուր­քիոյ հա­րե­ւանն ու եղ­բայրն է։ Ան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց եր­կու եր­կիր­նե­րուն կող­մէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րին վրայ։ Վար­չա­պե­տը գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Ի­րա­քի կող­մէ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Եըլ­տը­րըմ յի­շե­ցուց, որ Թուր­քիան ալ կը շա­րու­նա­կէ բուռն պայ­քար մղել Ի­ՇԻՊ-ի դէմ։ Սու­րիա­յէ ներս առ­կայ իշ­խա­նու­թեան պա­րա­պու­թեան հե­տե­ւան­քով ծնունդ ա­ռաւ Ի­ՇԻՊ-ի ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը եւ ա­նոր դէմ պայ­քա­րի ձեռ­նար­կե­լով Թուր­քիա հա­սաւ կա­րե­ւոր ար­դիւնք­նե­րու։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ՓՔՔ­-ի ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ կա­րե­ւոր ար­դիւնք­նե­րու հա­սած է Թուր­քիա։ Եըլ­տը­րը­մի խօս­քե­րով, Ի­րա­քի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին շրջա­նին յայ­տա­րա­րեց, որ թոյլ պի­տի չտայ, թէ ՓՔՔ Ի­րա­քի տա­րած­քի վրա­յով վնաս հասց­նէ Թուր­քիոյ։ Այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռած է թրքա­կան կող­մին։ Պաղ­տա­տի մէջ Եըլ­տը­րըմ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիան ալ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ Ի­րա­քի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ։ Ան­գա­րա պի­տի չյօ­ժա­րի ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թեան, որ կրնայ վնաս հասց­նել Ի­րա­քի գե­րիշ­խա­նու­թեան։

Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ տե­ղե­կա­ցուց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է Պա­շի­քա­յի ռազ­մա­խա­րիս­խի խնդի­րը։ Ըստ ի­րեն սա քմա­հա­ճոյ­քի մը ար­դիւն­քը չէ, այլ կը դի­մագ­րա­ւէ կա­րիք մը։ «Ներ­կա­յիս ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք, որ տա­րած­քաշր­ջա­նը կը մաք­րա­գոր­ծուի Ի­ՇԻՊ-էն։ Հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար այս նիւ­թին շուրջ ալ ձե­ւով մը պի­տի հաս­նինք բա­րե­կա­մա­կան լու­ծու­մի մը», ը­սաւ վար­չա­պե­տը եւ ա­ւել­ցուց, որ Էլ Ի­պա­տիի հետ հա­մա­պար­փակ ձե­ւով քննար­կած են Պա­շի­քա­յի նիւ­թը։

Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ շեշ­տեց, որ Սին­ճա­րի շրջա­նի ա­հա­բեկ­չու­թե­նէ մաք­րա­գոր­ծումն ալ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ։

Եըլ­տը­րըմ Պաղ­տա­տի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ի­րա­քի Նա­խա­գահ Ֆուատ Մա­սու­նի եւ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Սե­լիմ Էլ Ճու­պու­րիի հետ։

Իր կար­գին, Էլ Ի­պա­տի յայտ­նեց, որ Մու­սու­լի ա­զա­տագ­րու­մէն վերջ Թուր­քիոյ հետ նաւ­թա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շար մը պի­տի հաս­տա­տեն եւ այդ մէ­կը խարս­խուած պի­տի ըլ­լայ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու վրայ։ Պա­շի­քա­յի ճամ­բա­րին վե­րա­բե­րեալ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով Էլ Ի­պա­տի ը­սաւ. «Մեր ստո­րագ­րած եզ­րա­փա­կիչ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ Պա­շի­քա­յի նիւ­թին շուրջ պա­հան­ջե­ցինք, որ թուրք զի­նուոր­նե­րը ետ քա­շուին մեր տա­րած­քէն։ Թրքա­կան կող­մը ընդգ­ծեց, որ յար­գանք պի­տի ցու­ցա­բե­րէ Ի­րա­քի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ու գե­րիշ­խա­նու­թեան նկատ­մամբ»։ Ան ա­ւել­ցուց, որ Մու­սուլ ա­մե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պի­տի մաք­րա­գոր­ծուի Ի­ՇԻՊ-էն։

Միւս կող­մէ, Եըլ­տը­րը­մի շփում­նե­րու շա­բա­թա­վեր­ջին Ի­րա­քի զօր­քե­րը Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թեան ծի­րէն ներս ա­ռա­ջին ան­գամ դուրս ե­կան Տիգ­րի­սի ա­փը։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017