ԵՐԲ Կ՚ԱՊՐԻՆՔ՝ ԶՕՐԱՒՈ՛Ր ԵՆՔ
Կեանքի ընդհանուր օրէնքն է՝ ապրելու համար, գոյութիւնը պահպանելու համար, գոյատեւելու համար պէտք է զօրաւո՛ր ըլլալ, եւ զօրաւոր ըլլալու համար՝ պայմա՛ն է՝ զօրութեան աղբիւրի մը հետ անմիջական հաղորդակցութիւնը։ Կեանքը ապրող, կեանքը վայելող մարդուն համար անխզելի՛ է այդ հաղորդակցութիւնը, այդ խորհրդաւոր կապը։
Եւ մահը միայն կրնայ խզել, կտրել այդ կապը։
Ուրեմն, այս կը նշանակէ, թէ՝ այնքան ատեն որ մարդ կ՚ապրի, զօրաւոր է եւ այդ զօրութիւնը կ՚առնէ «զօրութեան աղբիւր»է մը։ Եւ ահաւասիկ, հարցը այն է, թէ՝ ի՞նչ է այդ զօրութեան աղբիւրը։
Մարդուս պատասխանը այս հարցումին՝ կ՚որոշէ իր հաւատալիքը, համոզումները, ըմբռնումները եւ անշուշտ իր կեանքի ընթացքը։ Այո՛, գոյութիւն ունի «զօրութեան աղբիւր» մը, այս մասին կասկած չկայ, բայց ի՞նչ է այս «զօրութեան աղբիւր»ին բնոյթը, էութիւնը, ա՛յս է կենսական հարցը։
Երբ կեանք կայ՝ զօրութիւն ալ կա՛յ. երբ կեանքը կը վերջանայ, որուն կ՚ըսենք՝ մա՛հ, մահուան մէջ զօրութիւնը եւս կը վերջանայ։ Ուրեմն, մահը զօրութիւն չունի, մահը տկա՛ր է՝ անզօր, անկարող, անշարժ…։
Եթէ կեանք կայ, նոյնիսկ կաթկթող ծորակի մը ետին՝ կաթիլներու մէջ կա՛յ անսպառ «զօրութեան աղբիւր» մը, քանի որ այդ կաթիլին մէջ իսկ կեա՛նք կայ։
Ուրեմն, կը հետեւի, թէ՝ ո՛րքան ատեն որ կ՚ապրինք, զօրաւո՛ր ենք, եթէ ոչ՝ կարողականութեամբ։
Մարդկային տկարութեան, անզօրութեան, անկարողութեան ետին կայ Աստուծոյ յաւիտենական՝ մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի զօրութիւնը։ Ուստի շատ աւելի բանաւոր է՝ փոխանակ ողբալու եւ ցաւելու մեր տկարութեան, անզօրութեան վրայ՝ գիտակցիլ Աստուծոյ զօրութեան։
Եւ դարձեալ կը հետեւի՝ թէ երբեք տկար ու անզօր չէ՛ մարդ՝ որքան ատեն որ գիտակից եւ հաղորդ ենք Աստուծոյ զօրութեան։ Փոխանակ յուսալքուելու՝ անդրադառնալ աստուածային զօրութեան, հաղորդակցիլ անոր հետ, եւ տեսնել, թէ առանձին չէ մարդ, քանի որ պատրաստ է զինք զօրացնելու աստուածային զօրութիւնը։ Ուրեմն, անդրադառնալ եւ հաղորդակցիլ, վստահիլ այդ զօրութեան եւ զօրանալ, ահաւասիկ ա՛յս է մարդ էակին կոչումը, պարտականութիւնը։
Շեշտը պէտք է դրուի «հաղորդակցութեան» վրայ. ընդունիլ, թէ՝ կա՛յ «զօրութիւն» մը՝ որ իմաստութեամբ կը գործէ, եւ հաղորդելի է, պատրաստ է զօրացնել ամէն տկարութիւն։ Մարդկային ընթացիկ կեանքի մէջ, զօր օրինակ, ելեկտրականութիւնը թելերով հաղորդելի ուժ մը՝ զօրութիւն մըն է. ինչպէս՝ ջերմութիւնը իրեն սեփական հաղորդիչ միջոցներով կը փոխադրուի։ Նոյնպէս եւ՝ Աստուծոյ զօրութիւնը՝ հոգիին հաղորդիչ միջոցներով կը հաղորդուի մարդկային հոգիին եւ կը զօրացնէ զայն։
Բայց այդ հաղորդակցութեան համար անհրաժեշտ է՝ կեանքը, որուն մէջ պիտի շարժի ուժը, զօրութիւնը եւ պիտի արդիւնաւորուի։
Արդարեւ, Յիսուս Քրիսոտսի ամենէն յեղաշրջիչ յայտարարութիւններէն մէկն ալ սա էր. «մարդը անդրադարձնել՝ արթնցնել, գիտակից ընել՝ իր տկարութեան մէջ՝ Աստուծոյ հաղորդելի զօրութեան…»։
Տկարութեան մէջ զօրաւո՛ր ըլլալ…։ Ա՛յս է ահաւասիկ այն առեղծուածային ուժը, որ մարդս կը զգայ, կը ներշնչուի եւ թէ անվիճելի իրականութիւն է։ Տկար մարդը՝ Աստուծոյ զաւակն է, եւ կապուած անոր հոգիին՝ որով կրնայ զօրանալ, հերոսանալ, հսկայանալ եւ կատարելագործուիլ։
Ուստի «Քրիստոնեայ ըլլալ» կը նշանակէ այս հրաշալի՜ այլակերպութիւնը, կերպարանափոխութիւնը, հոգ չէ թէ աննշան, բայց զօրութեան յայտարարը, զօրութեան խորհրդանիշը՝ որ կը լեցնէ ամբողջ տիեզերքը եւ նաեւ մարդուս հոգին։
Երբ կը խօսինք «մարդ»ուն տկարութեան եւ «զօրութեան» հետ, ամենակարողութեան հետ՝ զօրութեան աղբիւրին հետ հաղորդակցութեան մասին, ինքնաբերաբար կը հարցնենք մենք մեզի՝ որպէս «տկար մարդ». «Ուրկէ՞ կու գաս, ո՞ւր կ՚երթաս, ո՜վ մարդ…»։ Եւ իրապէս խորհրդաւոր հանելուկ մըն է մարդուս էութիւնը, գոյութիւնը՝ մարդկութեան տեւականութիւնը՝ որ դարե՜ր, շրջաննե՜ր կը շարունակէ, եւ ո՜վ գիտէ պիտի շարունակէ…։
Ո՞վ կրնայ համարձակիլ պատասխանել այս հարցումներուն. ո՞վ կրցած է լուծել այդ հանելուկը դարե՜րէ ի վեր։ Պատմութիւնը կը վկայէ գիտուններու՝ որոնք փորձած են պատասխան տալ, լուծում մը գտնել, բայց անոնց ո՛չ մէկուն պատասխանը կարողացաւ վերցնել խորհրդաւորութեան, անհասանելիութեան քօղը՝ անպատասխանելի, անլուծելի հանելուկին վրայէն։
Երբ հարցը «մարդ» ի՛նքն է՝ ամէն լուծում, ամէն պատասխան կը մնայ խաւարի մէջ՝ անլուծելի եւ անպատասխա՜ն։ Գիտութիւնը, մարդկային մտքին հունաւորութեան, նեղ սահմաններուն մէջ սեղմ՝ սահմանափակուած կ՚երեւի։ Այս հանելուկին միակ պատասխանը՝ Աստուած է, միակ լուծումը աստուածճանաչութեան մէ՛ջ է։ Աստուած Ի՛նք «իմաստութիւն» է, եւ այդ իմաստութեան հասնիլ, կատարելագործուիլ անկարելի է, քանի որ Ան ամէն բանի կատարեալն է, լիութիւնն է։
Ուրեմն մարդուն՝ տկար ու անկատար մարդուն կը մնայ հաղորդակցիլ այդ զօրութեան աղբիւրին հետ, անով զօրանալ, անով կատարելագործուիլ։
Ոմանք մարդ էակը ինքնաբաւ կը նկատեն։
Բայց պէտք է լաւ զանազանել՝ «ինքնաբաւ» ըլլալը եւ «մէկու մը ապաւինելով՝ ինքնավստահ» ըլլալը։ Արդարեւ այն որ գիտէ իր տկարութիւնը, իր անբաւարարութիւնը՝ կը հաղորդակցի զօրութեան աղբիւղին հետ, կ՚ապաւինի անոր եւ մասամբ կը կատարելագործուի, կը զօրանայ եւ այդ ապաւինութիւնը անոր ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ, բայց ո՛չ երբեք բաւարարութիւն, լիութիւն։
Ուրեմն, ամբողջ ստեղծագործութիւնը, ամբողջ տիեզերքը եւ որպէս անոր մէկ մասնիկը՝ մարդը իր ամբողջ էութեամբը Աստուծոյ միտքովը, աստուածային իմաստութեամբ միա՛յն ըմբռնելի է։ Մարդ պարտաւոր է հաղորդակցիլ այդ «Իմաստութեան» հետ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 27, 2016, Իսթանպուլ