Քաղաքակրթութիւններ, Որոնք 1 Յունուարը Իբրեւ Նոր Տարուան Առաջին Օր Չեն Նշեր

Աշ­խար­հը մե­ծա­մաս­նու­թեամբ կը հե­տե­ւի Գրի­գո­րեան օ­րա­ցոյ­ցին. 365 օ­րեր, կամ 12 ա­միս­ներ տա­րուան մը մէջ: Տա­րին կ՚ա­ւար­տի 31 Դեկ­տեմ­բե­րին, կը սկսի 1 Յու­նուա­րին՝ Ա­մա­նո­րի օ­րը:

Բայց կան քա­ղա­քակր­թու­թիւն­ներ, ո­րոնք Ա­մա­նո­րը կը նշեն տա­րուան մէջ ա­ւե­լի ուշ: Այս քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րը կը հե­տե­ւին լուս­նա­յին, ա­րե­գակ­նա­յին եւ այլ խառ­նա­ծին օ­րա­ցոյց­նե­րու, ժա­մա­նա­կը նշե­լու հա­մար:

*

ՉԻ­ՆԱ­ԿԱՆ Ա­ՄԱ­ՆՈՐ, 8 ՓԵՏ­ՐՈՒԱՐ

Կը կո­չուի նաեւ գար­նա­նա­յին փա­ռա­տօն կամ լուս­նա­յին Նոր տա­րի: Չի­նա­կան Նոր տա­րին կը յատ­կան­շէ գար­նա­նա­յին բեր­քա­հա­ւա­քի ե­ղա­նա­կի սկիզ­բը: Դրա­մով լե­ցուած նա­մա­կի կար­միր պա­հա­րան­ներ կը նուի­րեն ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ բա­րե­կամ­նե­րուն, եւ բնո­րոշ ա­նու­շե­ղէ­նը՝ հաւ­կի­թով լե­ցուած լուս­նա­յին կար­կան­դակ­նե­րը կը վա­յե­լեն բո­լո­րը: Այս օ­րը աշ­խար­հի զա­նա­զան վայ­րե­րու մէջ կը տես­նուին գու­նա­գեղ վի­շապ­ներ եւ մո­գա­կան լապ­տեր­ներ:

ՍԷՈԼ­ԼԱԼ (ՔՈ­ՐԷԱ­ԿԱՆ Ա­ՄԱ­ՆՈՐ), 8 ՓԵՏ­ՐՈՒԱՐ

Հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան քա­նի մը քա­ղա­քակր­թու­թիւն­ներ Նոր տա­րին կը նշեն լուս­նա­յին Ա­մա­նո­րի օ­րը: Բայց նշում­նե­րու ձե­ւով իւ­րա­քան­չիւր են­թամ­շա­կոյ­թի Նոր տա­րուան օ­րը կը տար­բե­րի: Ա­մա­նո­րը ե­ռօ­րեայ տօն է Քո­րէա­յի մէջ, ուր ըն­տա­նիք­նե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն կը յայտ­նեն անց­նող տա­րուան ա­ռա­տու­թեան հա­մար: Շա­տեր կը հագ­նին  գու­նա­գեղ զգեստ­ներ, ո­րոնք կը  կո­չուին հանտ­պոք, իսկ ու­րիշ­ներ  կը կա­տա­րեն թէյ հիւ­րա­սի­րե­լու  հի­նա­ւուրց  ծէ­սը, որ կը կոչուի չա­րիէ:

ՆԻԵ­ՓԻ (ՊԱ­ԼԻ­ՆԵԱՆ  Ա­ՄԱ­ՆՈՐ),
 9 ՄԱՐՏ

Պա­լի­նեան ա­մա­նո­րը կը նշէ լուս­նա­յին Սա­քա օ­րա­ցոյ­ցի ա­ռա­ջին օ­րը, ո­րուն կը հե­տե­ւին պա­լի­նեան եւ ճա­ւա­յա­կան քա­ղա­քակրթու­թիւն­նե­րը: Ի տար­բե­րու­թիւն այլ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք Նոր տա­րին շու­քով կ՚ող­ջու­նեն, Նիե­փին ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեան եւ հան­գիս­տի օր մըն է: Կղզիին մեծ մա­սը այս օ­րը փա­կուած կ՚ըլ­լայ, բա­ցի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէ: Նոր տա­րուան գի­շե­րը այ­դու­հան­դերձ կը նշուի ամ­բողջ քա­ղա­քին մէջ կա­տա­րուող հրա­վա­ռու­թիւն­նե­րու ծէ­սե­րով:

ՆՈՎ­ՐՈՒԶ (Ի­ՐԱ­ՆԵԱՆ Ա­ՄԱ­ՆՈՐ), 
20 ՄԱՐՏ

Նաեւ նշե­լով գար­նա­նա­մու­տը, Նով­րու­զը կը տօ­նեն թէ՛ զրա­դաշ­տա­կան, թէ՛ պա­հա­յա­կան հա­մայնք­նե­րը: Թուա­կա­նը ինք­նին կը զու­գա­դի­պի  հիւ­սի­սա­յին է­քի­նոք­սին, երբ ցե­րե­կը եւ գի­շե­րը հա­ւա­սար կ՛ըլ­լան (մարտ ամ­սուան կէ­սե­րուն): Այդ օ­րը սո­վո­րա­բար կը նշուի յա­տուկ ծէ­սե­րով. փո­ղե­րը կ՛ա­ւե­տեն Նոր տա­րին, սե­ղան­նե­րուն վրայ կ՛ըլ­լան գու­նա­ւոր հաւ­կիթ­ներ եւ կաթ­սան­ներ, ո­րոնք կը պա­րու­նա­կեն աճ խորհր­դան­շող ծլար­ձա­կող  ձա­ւա­րե­ղէն, Աշ-ի Ռեշ­տէ ա­պուր: Ա­մէն ոք գար­նա­նա­յին ընդ­հա­նուր մաք­րու­թիւն կ՛ը­նէ:

Ա­ԼՈՒԹՀ Ա­ՒՈՒ­ՐՈՒՏ­ՏԱ 
(ՍԻՆ­ՀԱ­ԼԱ­ԿԱՆ Ա­ՄԱ­ՆՈՐ)
 13, 14 ԱՊ­ՐԻԼ

Թէեւ Ա­լութհ Ա­ւու­րուտ­տան սին­հա­լա­կան փա­ռա­տօն է, ա­տի­կա կը զու­գա­դի­պի թա­մի­լեան ա­մա­նո­րին եւ կը տօ­նուի Սրի Լան­քա­յի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ: Ի տար­բե­րու­թիւն այլ մշա­կոյթ­նե­րու, ո­րոնց ա­մա­նո­րը կ՚ող­ջու­նէ հունձ­քը, Ա­լութհ Ա­ւու­րուտ­տան կը նշէ հունձ­քի ե­ղա­նա­կի ա­ւար­տը: Ա­տի­կա նաեւ կը զու­գա­դի­պի  եր­կու պա­հե­րէն մէ­կուն, երբ ա­րե­ւը ուղ­ղա­կի կը գտնուի Սրի Լան­քա­յի վե­րեւ: Տե­ղա­ցի­նե­րը օ­րը կը նշեն բա­նա­լով ի­րենց տու­նե­րուն մուտ­քի դռնե­րը,  խրա­խու­սե­լու հա­մար ըն­տա­նիք­նե­րու, բա­րե­կամ­նե­րու, եւ նոյ­նիսկ ան­ծա­նօթ­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը: Տօ­նի օ­րե­րուն նաեւ տա­րա­ծուած է քա­ւում կո­չուող փոքր կար­կան­դակ­նե­րու եւ քա­նի մը ա­րե­ւա­դար­ձա­յին ու­տե­լիք­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը:

ՓՈՒԹ­ՀԱՆ­ՏՈՒ (ԹԱ­ՄԻ­ԼԵԱՆ Ա­ՄԱ­ՆՈՐ)
, 14 ԱՊ­ՐԻԼ

Փութ­հան­տու ա­մէն տա­րի կը նշուի 14 Ապ­րի­լին՝ հե­տե­ւե­լով ա­րե­ւա­յին օ­րա­ցոյ­ցին: Օ­րը կը նշուի տու­նե­րու սե­մին նոր զգեստ­նե­րով, ե­րաժշ­տու­թեամբ, ա­նու­շե­ղէ­նով եւ բրնձա­փո­շի քո­լամ­նե­րով (ճամ­բու ա­րուեստ): Փութ­հան­տուն գլխա­ւո­րա­բար կը նշուի հա­րա­ւա­յին Հնդկաս­տա­նի Թա­միլ նա­հան­գին եւ Սրի Լան­քա­յի մէջ: Թէեւ Մա­լե­զիոյ եւ Սին­կա­փու­րի թա­միլ­ներն ալ կը նշեն տօ­նը:

ՏԻՈՒԱ­ԼԻ (ՄԱ­ՐՈՒ­ՐԱ­ԿԱՆ ԵՒ
­ԿՈՒ­ՃԱ­ՐԱ­ԹԱ­ԿԱՆ Ա­ՄԱ­ՆՈՐ)
, 30 ՀՈԿ­ՏԵՄ­ԲԵՐ

Տիուա­լի, Լոյ­սե­րու փա­ռա­տօ­նը, կը նշեն ամ­բողջ աշ­խար­հի հին­տու­նե­րը, սի­խե­րը եւ ժայ­նե­րը: Թէեւ հիւ­սի­սա­յին Հնդկաս­տա­նի մա­րուա­րի եւ կու­ճա­րա­թի հա­մայնք­նե­րուն հա­մար տիուա­լին ի­րենց տա­րես­կիզբն է: Այս հա­մայնք­նե­րը, ո­րոնք կը կազ­մեն հին Հնդկաս­տա­նի ա­ռեւտ­րա­կան եւ գոր­ծա­րար դա­սա­կար­գե­րը, օ­րը կը նշեն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով  հարս­տու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման աս­տուա­ծու­հի Լակշ­միի:

ՈՒ­ԿԱՏ­ՀԻ (ԹԵ­ԼԵ­ԿՈՒ ԵՒ
­ՔԱՌ­ՆԱ­ԹԱ­ՔԱ Ա­ՄԱ­ՆՈՐ)
, 8 ԱՊ­ՐԻԼ

Հնդկաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին Քառ­նա­թա­քա, Թլեն­կա­նա եւ Անտր Փրա­տեշ նա­հանգ­նե­րը կը նշեն ու­կադ­հին, ըստ ի­րենց  լուս­նա­յին օ­րա­ցոյ­ցին: Օ­րը կը նշեն ա­նու­շե­ղէ­նով, հրա­վա­ռու­թեամբ եւ նոր զգեստ­նե­րով: Կու­տի Փա­տու (Մա­հա­րաշ­թա­յի մէջ) եւ Չե­թի Չանտ (Հնդկաս­տա­նի սինտ­հի հա­մայնք­նե­րու մէջ) Ա­մա­նո­րի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը կը զու­գա­դի­պին այս օ­րուան:

ՌԱՍ ԱԼ-ՍԸ­ՆԻ ԱԼ-ՀԻԺ­ՐԻ­ՅԱ
(ԻՍ­ԼԱ­ՄԱ­ԿԱՆ Ա­ՄԱ­ՆՈՐ)
 ՀՈԿ­ՏԵՄ­ԲԵ­ՐԻ ՍԿԻԶԲ

Իս­լա­մա­կան Նոր տա­րին կը տօ­նեն Մու­հար­րա­մի ա­ռա­ջին օ­րը՝ իս­լա­մա­կան օ­րա­ցոյ­ցի ա­ռա­ջին ա­մի­սը: Ա­տի­կա կը նշէ Մու­համ­մէտ մար­գա­րէի Մեք­քէէն դէ­պի Մե­տի­նէ գաղ­թը, որ կը կո­չուի Հիժ­րա: Այս ա­մա­նո­րի օ­րը ա­ռա­ւել իւ­րա­յա­տուկ կը դարձ­նէ այն, որ, ըստ իս­լա­մա­կան օ­րա­ցոյ­ցին, իւ­րա­քան­չիւր օր կը սկսի մայ­րա­մու­տին հետ: Տօ­նը կը նշեն ամ­բողջ աշ­խար­հի իս­լամ­նե­րը, թէեւ ոչ Ի­տը նշե­լու խան­դա­վա­ռու­թեամբ:

ՄՈՒ­ՐԱ­ՏՕՐ ԲՆԻԿ­ՆԵ­ՐՈՒ Ա­ՄԱ­ՆՈՐ, 30 ՀՈԿ­ՏԵՄ­ԲԵՐ

Ա­րեւմ­տեան Աւստ­րա­լիոյ բնիկ ցե­ղա­խում­բը՝ մու­րա­տօր, ա­մա­նո­րը կը նշէ Գրի­գո­րեան օ­րա­ցոյ­ցով 30 Հոկ­տեմ­բե­րին զու­գա­դի­պող օ­րը: Ցե­ղա­խում­բի օ­րա­ցոյ­ցին մէջ ա­սի­կա կա­րե­ւոր օր մըն է, որ կը նշէ բա­րե­կա­մու­թեան, հաշ­տու­թեան եւ անց­նող տա­րուան հա­մար շնոր­հա­կալ ըլ­լա­լու ժա­մա­նա­կը: Մու­րա­տօր բնիկ­նե­րը այժմ ան­հե­տաց­ման եզ­րին կը գտնուին, թէեւ ի­րենց մշա­կոյ­թը կը գո­յա­տե­ւէ  ար­հեստ­նե­րու եւ գրու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն:

Ա­ՄԱ­ՆՈ­ՐԻ 10 ԽՈՍ­ՏՈՒՄ­ՆԵՐ, 
Ո­ՐՈՆՔ ԿԸ ՄՈՌ­ՑՈՒԻՆ

- Նի­հար­նալ

- Ծխա­խո­տէն հրա­ժա­րիլ

- Նոր բան մը սոր­վիլ

- Սննդա­կա­նո­նի հե­տե­ւիլ, ա­ւե­լի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ու­տել

- Պարտ­քե­րը փա­կել եւ դրամ խնա­յել

- Նոր վայ­րեր այ­ցե­լել

- Ըն­տա­նի­քին հետ ա­ւե­լի ժա­մա­նակ ան­ցը­նել

- Ա­ւե­լի նուազ ճնշուած ըլ­լալ

- Կա­մա­ւոր աշ­խա­տանք ը­նել

- Ա­ւե­լի նուազ օգ­տա­գոր­ծել ո­գե­լից ըմ­պե­լի­ներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ՔԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017