ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

Թուր­քիոյ Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեան մէջ էր։ Բժշկու­թեան տօ­նին զու­գա­դի­պած շա­բա­թա­վեր­ջը այս տա­րի բնո­րո­շուե­ցաւ հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան եւ երկ­րի ամ­բողջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն պատ­մա­կան ու կեն­սա­կան ձեռք­բե­րու­մով մը։ Այս­պէս, հիմ­քը դրուե­ցաւ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի նոր շէն­քին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը կա­ռու­ցուի Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րը՝ «Շան­սի­թի» կո­չուած ծրագ­րին շրջագ­ծով։ Երբ այս նա­խա­գի­ծը կեան­քի կը կո­չուէր փուլ առ փուլ, ըն­թաց­քին անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­ցած էր Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հին շէն­քը փուլ բե­րե­լու։ Թէք­նիկ հա­մո­զիչ հան­գա­մանք­նե­րով հիմ­նա­ւո­րուած հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շու­մը առ­նե­լու խի­զա­խու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րուե­ցաւ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ, գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պա­յի։ Այս­պէ­սով թէ՛ հի­ւան­դա­նո­ցի շէն­քը պի­տի ամ­րա­նար եւ թէ «Շան­սի­թի»ի ծրագ­րին ձեռ­նա­մուխ շի­նա­րա­րա­կան ըն­կե­րու­թեան ըն­ձե­ռած ձեռն­տու պայ­ման­նե­րով պի­տի ա­պա­հո­վուէր այդ ար­դիւն­քը։ Ամ­բողջ են­թա­գե­տի­նը պատ­րաստ էր աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կե­լու հա­մար, սա­կայն Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ տրուե­լիք շի­նա­րա­րու­թեան թոյլ­տուու­թիւ­նը յա­պա­ղած էր զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով։ Ի վեր­ջոյ, դի­ւա­նա­կա­լա­կան ըն­թա­ցա­կար­գով պայ­մա­նա­ւո­րուած խնդիր­ներն ալ կար­գա­ւո­րուե­ցան եւ շա­բա­թա­վեր­ջին հիմ­նար­կէ­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի նոր շէն­քին հա­մար։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Իս­թան­պու­լի սրտին վրայ պի­տի կա­ռու­ցուի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նոր հա­մա­լիր մը, որ ար­դի բո­լոր խստա­պա­հանջ չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան պի­տի ըլ­լայ եւ օժ­տուած՝ ժա­մա­նա­կա­կից հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, յար­մա­րու­թիւն­նե­րով։ 

Շա­բաթ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն, ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան, տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ դրուե­ցան Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի նոր շէն­քին հիմ­քե­րը։ Օ­րուան պա­տուոյ հիւ­րերն էին Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ եւ իր տե­ղա­կալ­նե­րը՝ Էր­տո­ղան Եըլ­տըզ, Մեհ­րա­լի Սէչ­մէն, Վազ­գէն Պա­րըն եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Հիմ­նար­կէ­քին հան­դի­սա­պե­տեց Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, ո­րու կող­քին էին նախ­կին վի­ճա­կա­ւոր Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան եւ նախ­կին ա­ջա­կից վի­ճա­կա­ւոր Տ. Գէորգ Արք. Խա­զու­մեան։ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ իր ըն­կեր­նե­րը այս առ­թիւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Մխի­թա­րեան Միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան եւ Հայ կա­թո­ղի­կէ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սէն ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Ա­սո­րի կա­թո­լիկ­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Եու­սուֆ Սաղ։ Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թե­նէն զա­նա­զան գոր­ծիչ­նե­րու եւ հիւ­րե­րու ա­ռըն­թեր ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, յայտ­նի բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեան, Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան, նախ­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լա­քի Վին­կաս, Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզ, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատե­նապե­տու­հի Տիանա Գամբարոսեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշ­կա­պետ Արտաշէս Ագտաղ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան խոր­հրդա­կաններէն Նատիա Թաշէլ, Շիշլիի քաղաքապետութեան խոր­հրդա­կան­ներէն Յարութիւն Էրկիւնէշ, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի բժշկապետ Եորկի Չո­լաք, փոք­րա­մաս­նական միւս հա­մայնք­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հիւ­րեր։ 

Որ­պէս հի­ւան­դա­նոց եւ ծե­րա­նոց ծա­ռա­յու­թիւն պի­տի մա­տու­ցէ կա­ռուցուե­լիք նոր շէն­քը, ո­րու շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու մեկ­նար­կին առ­թիւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Պեռ­նար Սա­րը­պայ։ Թէեւ հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան միակ ա­տե­նա­խօսն էր ան, սա­կայն իր փո­խան­ցած սպա­ռիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով բո­լոր ներ­կա­նե­րը ար­դէն պատ­կե­րա­ցու­ցին անհ­րա­ժեշ­տը, նաեւ խո­րա­թա­փանց տե­ղեակ դար­ձան այս նա­խագ­ծի կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թեան։ Պեռ­նար Սա­րը­պայ ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին ան­կեղծ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ յայտ­նեց Հայ­րի Ի­նէօ­նի­ւին եւ իր ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րուն, ո­րոնք հա­ւա­քոյ­թի միւս մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ ալ շրջա­պա­տուե­ցան հա­մակ­րան­քով եւ ա­ռար­կայ դար­ձան ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րու։ Ա­տե­նա­պետ Սա­րը­պայ դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ «Vizzion Europe» ըն­կե­րու­թեան հաս­ցէին, որ ստանձ­նած է շի­նա­րա­րու­թեան ծրագ­րին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Սա­րը­պայ բա­ցատ­րեց, թէ իր գլխա­ւո­րած հո­գա­բար­ձու­թեան եւ այս ըն­կե­րու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը որ­քան ող­ջու­նե­լի ու դրա­կան հե­ռան­կար­ներ կը խոս­տա­նան։ 

Սա­րը­պա­յի այս ե­լոյ­թէն վերջ հա­սաւ սպա­սուած պա­հը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ նոր կա­ռու­ցուե­լիք շէն­քին հիմ­քե­րը կը գտնուէին բազ­մա­տաս­նեակ մեթ­րե­րու խո­րու­թեան մէջ, ա­պա փոր­ձա­գի­տա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու օգ­նու­թեամբ դրուե­ցաւ ա­ռա­ջին շա­ղա­խը։ Այս­պէս, Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան եւ Տ. Գէորգ Արք. Խա­զու­մեան գե­րա­պայ­ծառ­նե­րուն կող­մէ ար­տա­սա­նուած ա­ղօթք­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ բե­մա­հար­թա­կին վրայ զե­տե­ղուած սե­ղա­նին շուրջ հա­մախմ­բուե­ցան Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, տե­ղա­կալ­նե­րը, ե­րեք գե­րա­պայ­ծառ­նե­րը, Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ Պեռ­նար Սա­րը­պայ։ Ա­նոնց սեղ­մած կո­ճակ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ ա­ռա­ջին շա­ղա­խը լե­ցուե­ցաւ շէն­քի հիմ­քե­րուն մէջ։ Մինչ այդ, Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ օրհ­նեց հիմ­նա­քա­րը ու հոն դրաւ նաեւ մէ­ջը վար­դա­րան եւ ա­ղօթք գտնուող տու­փիկ մը։ Այս վեր­ջինն ալ խառ­նուե­ցաւ ա­ռա­ջին շա­ղա­խին մէջ։ 

Մինչ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը հա­սած էր գա­գաթ­նա­կէ­տին, յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ու­րա­խա­կից ե­ղան ի­րա­րու եւ մա­նա­ւանդ ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­ցին Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան նկատ­մամբ, որ­պէս­զի յա­ռա­ջի­կայ շի­նա­րա­րու­թեան հանգ­րուան­նե­րուն ա­մէն ինչ ըն­թա­նայ բա­րե­յա­ջող եւ այս ծրա­գի­րը ա­ծուի ի կա­տար։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2015