ԵՐԿԱՆԵԱՆ՝ ԱԼՃԱՆԻ ՀԻՒՐԸ

Յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեան այ­ցե­լեց Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի գրա­սե­նեա­կը։ Ա­րէտ Եր­կա­նեան կամ­քէ ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով չէր կրցած մաս­նակ­ցիլ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նեա­կի բաց­ման հա­ւա­քոյ­թին։ Հե­տե­ւա­բար, ան յա­պա­ղու­մով փու­թաց Թո­րոս Ալ­ճա­նի այ­ցե­լու­թեան։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Թո­րոս Ալ­ճան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­րէտ Եր­կա­նեա­նը, ո­րու հետ զրու­ցեց ար­դի խնդիր­նե­րու շուրջ ու լսեց ա­նոր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը։ Ա­րէտ Եր­կա­նեան մաղ­թեց, որ Թո­րոս Ալ­ճան յա­ջո­ղու­թեամբ շա­րու­նա­կէ իր պաշ­տօ­նը։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017