ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր Կար­սի մէջ կը հիւ­րըն­կա­լէ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւն ու Վրաս­տա­նի նա­խա­գահ Կիոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լին։ Ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ TANAP ծրագ­րի հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թը կը բնո­րո­շէ Անդ­րա­նա­տո­լեան խո­ղո­վա­կա­շա­րին կա­ռուց­ման մեկ­նար­կը։ 
Անդ­րա­նա­տո­լեան բնա­կան կա­զի փո­խադ­րու­թեան խո­ղո­վա­կա­շա­րը պի­տի ու­նե­նայ 1850 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թիւն։ Թուր­քիոյ քսան քա­ղաք­նե­րը պի­տի հա­տէ այս խո­ղո­վա­կա­շա­րը, որ Ատր­պէյ­ճա­նը պի­տի միաց­նէ Եւ­րո­պա­յին։ Մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ այս ծրագ­րին շնոր­հիւ ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւա­լը պի­տի բարձ­րա­նայ տնտե­սու­թեան բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս։ Այ­սինքն, ար­դիւնք­նե­րը սահ­մա­նա­փակ պի­տի չըլ­լան ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռով։ BP անգ­լիա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը ար­դէն 12 առ հա­րիւր հա­մե­մա­տու­թեամբ շա­հա­բա­ժին մը ու­նի TANAP-ի մէջ։ 
Եւ­րո­միու­թեան եր­կիր­նե­րու կա­զա­մա­տա­կա­րար­ման մի­ջոց­նե­րու տե­սա­կա­ւոր­ման ա­ռու­մով կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի այս ծրա­գի­րը։ Ար­դա­րեւ,  TANAP ի սկզբա­նէ այ­լընտ­րանք մը պի­տի ըլ­լայ Ռու­սաս­տա­նի «Կազփ­րոմ» ըն­կե­րու­թեան հա­մար։ 
Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան եւ Ա­լիեւ ա­ռանձ­նազ­րոյց մըն ալ կ՚ու­նե­նան Կար­սի մէջ։ 
ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ ՈՒՔ­ՐԱՅ­ՆԱ
Մինչ այդ, Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան Մար­տի 20-ին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Քիեւ։ Թուր­քիա-Ուք­րայ­նա Բարձր մա­կար­դա­կի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի չոր­րորդ ժո­ղո­վին շար­ժա­ռի­թով տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Եր­կու եր­կիր­նե­րէն պատ­կան նա­խա­րար­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ պի­տի գու­մարուի ժո­ղո­վյը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գան երկ­կող­մա­նի եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բնոյ­թով խնդիր­նե­րուն ա­ռըն­թեր շարք մը ար­դիա­կան հար­ցեր։ Ան­գա­րա­յի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, թրքա­կան կող­մը կ՚ակնկա­լէ, որ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր թափ մը պի­տի հա­ղոր­դէ Ուք­րայ­նոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ու­նին ռազ­մա­վա­րա­կան չա­փում­ներ։ 
Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով, Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Ուք­րայ­նոյ նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փրո­շէն­քո­յի եւ վար­չա­պետ Ար­սէ­նի Եա­ցէ­նեու­քի հետ։ Բաց աս­տի, Էր­տո­ղան պի­տի մէկ­տե­ղուի Խրի­մի դա­դար­նե­րու Քիե­ւի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ 
Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ծրագ­րին վրայ տեղ պի­տի ու­նե­նայ նաեւ թուրք եւ ուք­րայ­նա­ցի գոր­ծա­րար­նե­րուն հետ հան­դի­պում մը, քա­նի որ ա­նոնք փո­խա­դարձ ներդ­րում­նե­րով կա­րե­ւոր նպաստ մը կը բե­րեն եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւա­լի մե­ծաց­ման։ 

 

 

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2015