«Աւրորա»ի հետազօտութեան արդիւնքները
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 2016 թուականին իրականացուցած է հանրային կարծիքի հետազօտութիւն մը՝ պարզելու համար «Աւրորա» մրցանակի, հայերու եւ Հայաստանի մասին աշխարհի իրազեկութեան մակարդակը:
Հետազօտութիւնը իրականացուած է երկու փուլով՝ 2016 թուականի Մարտ եւ Յունիս-Յուլիս ամիսներուն, որոնց ընդհանուր առմամբ մասնակցած է աւելի քան 5500 մարդ: Հարցումը ուղղուած է տասն երկրի մէջ բնակող օտարերկրացիներու եւ սփիւռքահայերու:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հանրային կարծիքի հետազօտութիւնը իրականացուած է հինգ հիմնական չափումով՝ «Աւրորա» մրցանակ, իրազեկուածութիւն, ընկալում, հետաքրքրուածութիւն, ներգրաւուածութիւն:
Հարցուած սփիւռքահայերուն 41 առ հարիւր տոկոսը գիտէ հայոց պատմութիւն: Հայաստան երկրի մասին լաւ տեղեկացուած է հարցուածներուն 20 առ հարիւրը, քիչ տեղեկացուած է 62 առ հարիւրը, իսկ 18 առ հարիւրը տեղեակ չէ:
Հարցախոյզի մասնակցողներուն 7 առ հարիւրը կը կարծէ, որ հայերը կարեւոր դեր ունին պետական համակարգի մէջ, 23 առ հարիւրի կարծիքով՝ հայերը կարեւոր դեր ունին տեղական մակարդակի վրայ, 23 առ հարիւրի կարծիքով՝ հայերը սահմանափակ դեր ունին:
Հայ համայնքը մտաւոր-մշակութային ազդեցութիւն ունի 42 տոկոսի կարծիքով, հասարակական ազդեցութիւն ունի 37 տոկոսի կարծիքով, բարոյական-քաղաքակրթական՝ 36 առ հարիւրի կարծիքով:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 8 տոկոսը գիտէ 10 եւ աւելի հայ, 25 տոկոսը գիտէ 1-9 հայ, 67 տոկոսը ոչ մէկ հայ կը ճանչնայ:
Հարցուածներուն 48 տոկոսին համար Հայաստանը հետաքրքրական է իբրեւ երկիր, 31 առ հարիւրի համար հետաքրքրական է իբրեւ ճամբորդական ուղղութիւն, 20 առ հարիւրը Հայաստանի մէջ կը տեսնէ գործարարութեան հնարաւորութիւն:
7 օտարերկրացիներէ 1-ը հաւանաբար այցելէ Հայաստան, 2 սփիւռքահայէն մէկը հաւանաբար այցելէ Հայաստան:
Հարցուածներուն մէջ հայերը կը բնութագրուին յատկապէս իբրեւ հպարտ (20 առ հարիւր), ընկերական (16 առ հարիւր), յարգալից (15 առ հարիւր), չընկճուող (12 առ հարիւր), խիզախ (12 առ հարիւր), լաւ ընդելուզուող (11 առ հարիւր):