ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊՐԱՆՔԱՆԻՇԸ

Ինչ­պի­սի՞ն պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին դրոշ­մը, եւ ի՞նչ դրա­կան ո­րա­կով պի­տի ըն­կա­լուի Հա­յաս­տանը աշ­խար­հի մէջ: Այս հար­ցե­րը, մա­նա­ւանդ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք հնչած են բազ­միցս: Իբ­րեւ ան­կախ եր­կիր, Հա­յաս­տա­նը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ու­նի մշա­կե­լու իր ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նի­շը, այն­պէս, ինչ­պէս բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ ար­դէն մշա­կուած ու մար­դոց են­թա­գի­տակ­ցու­թեան մէջ ամ­րագ-րուած ի­րենց ապ­րան­քա­նի­շով ծանօթ են: Հա­րիւ­րա­ւոր եր­կիր­ներ ստեղ­ծած են ի­րենց պե­տու­թիւ­նը բնու­թագ­րող խորհր­դա­նիշ­ներ ու կար­գա­խօս­ներ, ո­րոնց հի­ման վրայ ալ մար­դիկ, օ­րի­նակ, կը ձգտին գնել ճա­բո­նա­կան ե­լեկտ­րո­նա­յին սար­քեր, ֆրան­սա­կան ա­նու­շա­հոտ, չե­խա­կան գա­րե­ջուր, ի­տա­լա­կան կօ­շիկ, զուի­ցե­րա­կան ժա­մա­ցոյց, պել­ժի­ա­կան տուրմ... Շար­քը կա­րե­լի է եր­կա­րել, նշե­լով տնտե­սա­պէս հզօր եր­կիր­նե­րը բնո­րո­շող ապ­րան­քը: Բայց միայն ա­ռեւ­տու­րը չէ, որ կը բնո­րո­շէ եր­կի­րը. երկ­րի բնո­րո­շու­մը պէտք է կրէ նաեւ հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին, պատ­մա­կան ի­մաստ­ներ: Բա­ւա­կան է ը­սել Ե­գիպ­տոս եւ ան­մի­ջա­պէս մեր միտ­քին մէջ զու­գոր­դում կ՚ըլ­լայ հնա­գոյն մշա­կոյ­թի գա­ղա­փա­րին հետ, կամ Գեր­մա­նիան մեր մտ­քին մէջ տեղ կը բա­նայ ճշդա­պա­հու­թեան հա­մար, Հռո­մը կը զու­գոր­դուի դա­սա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան հետ: Վար­կա­նի­շը երկ­րի դրա­կան պատ­մու­թիւնն է՝ մէկ բա­ռով, մէկ նկա­րով կամ մէկ կար­գա­խօ­սով, եւ ան եր­կա­րա­ժամ­կէտ ճա­նա­պար­հի վրայ կ­՚աշ­խա­տի տուեալ երկ­րի օգ­տին:

Տուեալ երկ­րի բո­վան­դա­կու­թեան, ո­րա­կի, դրոշ­մի եւ եր­կի­րը ներ­կա­յաց­նող նշա­նի գա­ղա­փա­րը նո­րու­թիւն չէ աշ­խար­հի մէջ։ Գո­յու­թիւն ու­նի ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նիշ­ե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կա­լում, ո­րու գա­ղա­փա­րը 1996 թուա­կա­նին ա­ռա­ջար­կած է բրի­տա­նա­ցի ան­կախ քա­ղա­քա­կան խորհր­դա­կան Սայ­մըն Ան­հոլ­թ, որ ա­ռա­ջի­ն անգամ ըլլալով մշա­կած է ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նիշ­ե­րու վար­կա­նի­շը: Որե­ւէ պե­տու­թեան հա­մար իր նշա­նի ձե­ւա­ւո­րումն ու մշա­կումը ու­նի ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն. երկ­րի մը դէմքն ու ա­նոր ճա­նա­չե­լիու­թիւ­նը մեծ նպաստ ու­նին մա­նա­ւանդ ար­տա­քին տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­դիւ­նա­ւէտու­թեան, տնտե­սա­կան նկա­տե­լի ա­ճի ե­րաշ­խա­ւոր­ման մէջ: Ե­թէ եր­կիր մը ծանօթ է դուր­սի աշ­խար­հին, եւ այդ ծա­նօ­թու­թիւ­նը դրա­կան լոյ­սի ներ­քեւ է, կաս­կած չկայ, որ ան կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը գրա­ւէ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու, տե­ղա­կան ու ար­տա­սահ­մանեան ներդ­րող­նե­րու, սպա­ռող­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը, ինչ որ յա­ւե­լեալ գու­մար­ներ կը բե­րէ երկ­րին: Իբր այդ ալ անհ­րա­ժեշտ է ճիշդ ու լա­ւա­գոյն կեր­պով դիր­քա­ւո­րուիլ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զին մէջ:

Ապ­րան­քա­նիշ մշա­կե­լու գոր­ծին մէջ հարկ է, որպէսզի հա­մադ­րուին երկ­րի բո­լոր դրա­կան ո­րակ­նե­րը՝ տնտե­սա­կա­նէն մին­չեւ մշա­կու­թա­յին: Հարկ է, որ ապ­րան­քա­նի­շը ցոյց տայ եր­կի­րը՝ իր բա­ցա­ռա­պէս բո­լոր ի­րա­կան ո­րակ­նե­րով: Կան քա­նի մը հան­գա­մանք­ներ, ո­րոնց մա­սին նշում­նե­րը պար­տա­դիր են ապ­րան­քա­նի­շի ձե­ւա­ւոր­ման ըն­թաց­քին: Ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը ար­տա­հա­նումն է. երկ­րի ա­մենէն նշա­նա­ւոր ապ­րան­քը, որ կ՚ար­տա­հա­նուի երկ­րէն դուրս եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն ու­նի այլ եր­կիր­նե­րու մէջ, մար­դոց մտ­քին մէջ ճա­նա­պարհ կը բա­նայ դէ­պի այդ եր­կի­րը:

Այլ կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մըն է երկ­րի կա­ռա­վա­րու­մը. պե­տու­թեան մը ժո­ղովրդա­վա­րու­թեան, ար­դա­րու­թեան, աղ­քա­տու­թեան եւ շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րին վի­ճա­կը եւ կա­ռա­վա­րու­թեան ջանքը այդ ուղ­ղու­թեամբ, պէտք է նկա­տե­լի ըլ­լան:

Նշա­նա­կա­լի հան­գա­մանք մըն է մշա­կոյ­թը, զոր կը կրէ եր­կի­րը. ա­նոր շար­ժա­պատ­կե­րի, ե­րաժշ­տու­թեան, գրա­կա­նու­թեան, մար­զան­քի դրա­կան ցու­ցա­նիշ­ե­րը մեծ դեր ու­նին երկ­րի ապ­րան­քա­նի­շի ստեղծ­ման ընթացքին:

Եր­կի­րը մար­դիկ են: Ծա­նօթ այս մօ­տե­ցու­մը կը կա­րե­ւո­րէ երկ­րի մէջ ապ­րող մար­դոց դե­րը: Երկ­րի մը մա­սին պատ­կե­րա­ցում կը կազ­մեն ա­նոր մար­դոց մի­ջո­ցաւ, ա­հա ին­չու նաեւ մար­դիկն են, որ կը ձե­ւա­ւո­րեն երկ­րի մը ապ­րան­քա­նի­շը: Ե­թէ երկ­րի բնա­կիչ­նե­րը բա­րե­համ­բոյր են, կիրթ ու բա­րեա­ցա­կամ, չու­նին թշնա­մու­թեան, ազ­գա­յին խտրա­կա­նու­թեան եւ ռազ­մա­տեն­չու­թեան դրսե­ւո­րում­ներ, ա­պա դրա­կան ըմբռ­նու­մը այդ երկ­րին մա­սին միան­շա­նակ կ­՚ըլ­լայ:

Երկ­րի, իբ­րեւ զբօ­սաշր­ջա­յին մի­ջա­վայ­րի, գրա­ւիչ ըլ­լա­լը նոյն­պէս մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի օգ­տա­կար համ­բա­ւի կերտ­ման մէջ:

Իսկ ե­թէ օ­տար­ներ, բա­ցի զբօ­սաշր­ջի­կու­թե­նէ, նաեւ տուեալ երկ­րի մէջ ներդ­րում կա­տա­րե­լու եւ բնա­կե­լու ցան­կու­թիւն յայտ­նեն, ա­պա երկ­րի հաս­տա­տա­կան կեր­պարը, ար­դէն ա­պա­հո­վուած կ՚ըլ­լայ:

Սո­վո­րա­բար, երկ­րի մը հա­մար ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նիշ մշա­կե­լու հա­մար ըն­դու­նուած է, որ գնա­հա­տա­կան­ներ տրուին տա­սը տա­րուան զար­գա­ցում­նե­րու կտրուած­քով: Այդ­պէս ձե­ւա­ւո­րուած է մի­ջազ­գա­յին մօ­տե­ցու­մը: Նախ­կին խորհր­դա­յին եր­կիր­նե­րէն Ռու­սաս­տան, Ուք­րայնա, Լա­թվիա եւ կարգ մը այլ եր­կիր­ներ ար­դէն մշա­կած են ի­րենց ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նիշ­ե­րը, իսկ Հա­յաս­տա­ն ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նիշ մշա­կե­լու ճա­նա­պար­հին է: Եր­կար քննար­կում­նե­րու ար­դիւն­քին Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը այդ աշ­խա­տան­քի հա­մար յանձ­նա­ռու նկա­տած է Ազ­գա­յին մրցու­նա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մը, որ 2008 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան մրցու­նա­կու­թեան զար­գաց­ման նպա­տա­կով ստեղ­ծուած կա­ռոյց մըն է: Հա­յաս­տա­նի ապ­րան­քա­նի­շա­ւոր­ման հա­մար յայ­տա­րա­րուած մրցոյ­թին ալ շա­հած է ա­մե­րի­կեան GK Brand ըն­կե­րու­թիւ­նը, եւ մէկ տա­րի ա­ռաջ՝ 2014 թուա­կա­նի Փետ­րուա­րին Հա­յաս­տանի Ազ­գա­յին մրցու­նա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մը փաս­տա­թուղթ ստո­րագ­րած է ա­մե­րի­կեան GK Brand ըն­կե­րու­թեան հետ, որ­պէս­զի վեր­ջինս մշա­կէ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նի­շը: 1980 թուա­կա­նին Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմ­նուած այս ըն­կե­րու­թիւ­նը հռչակաւոր է իբ­րեւ ապ­րան­քա­նիշ հիմ­նող եւ զար­գաց­նող ըն­կե­րու­թիւն։ Ան գրա­սե­նեակ­ներ ու­նի աշ­խար­հի քսանհինգ եր­կիր­նե­րու մէջ եւ իր գո­յու­թեան երեսունհինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին մշա­կած է յիսուն եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նիշ­ներ, հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող շատ մը ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­խօս­ներ:

Յայ­տա­րա­րուած է, որ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նի­շի մշակ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է շուրջ 400 հա­զար տո­լար, որ­ուն 150 հազար տո­լա­րը (62 միլիոն դրամ) յատ­կա­ցուած է պե­տա­կան պիւտճէէն, մնա­ցեալ գու­մար­նե­րը պէտք է հո­գալ այլ աղ­բիւր­նե­րէ: Աշ­խա­տանք­նե­րը պիտի չվեր­ջա­նա­ն միայն ապ­րան­քա­նի­շի ստեղծ­մամբ։ Ստեղ­ծե­լը միայն ա­ռա­ջին քայլն է, գլխա­ւո­րը այդ ապ­րան­քա­նի­շը պէտք է ծանօթացումի ու ան հա­մա­պա­տաս­խան տա­րա­ծում ստա­նայ աշ­խար­հի տա­րած­քին։

Խո­շոր եր­կիր­նե­րը խո­շոր գու­մար­ներ կը ներդ­նեն ի­րենց հան­րահռ­չա­կու­մը մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով պա­հե­լու հա­մար: Այս­պէս, ըստ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու, Սին­կա­փուր տա­րե­կան կը ծախ­սէ շուրջ 60 միլիոն տո­լար, Մա­լե­զիա՝ 150 մի­լիոն: Միայն 2003-2004 թուականներւ միջեւ Լոնտոն նման նպա­տակ­նե­րու հա­մար ծախ­սած է շուրջ 40 միլիոն ամերիկեան տո­լար: Աշ­խար­հի մէջ իր վար­կա­նի­շը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար Միացեալ Նահանգներ իր բիւտճէէն տա­րե­կան կը ծախ­սէ շուրջ 1 միլիառ տո­լար: Գու­մար­նե­րը կ­՚ուղ­ղուին գո­վազ­դին, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ու լու­սա­բան­մա­ն, նշա­նա­ւոր դէմ­քե­րու մի­ջո­ցով եր­կի­րը ներ­կա­յաց­նե­լու, նոր ու հին ար­տադ­րանք­նե­րու ծա­նու­ցում­նե­րու, տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ տե­ղե­կա­տուա­կան, գո­վազ­դա­յին գրա­սե­նեակ­ներ հիմ­նե­լու, գիր­քեր տպե­լու, ժա­պա­ւէն­ներ նկա­րա­հա­նե­լու եւ այլ աշ­խա­տանք­նե­րու:

«ՊԱՏԻՒ Է ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ ՀԱՅԱՏԱՆԸ»

Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նի­շը մշա­կող GK Brand ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէ­նը հայազգի է՝ Վազ­գէն Գա­լայճեան: Ան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող ա­րուես­տա­գէտ եւ

գոր­ծա­րար է: 1956 թուականին ծնած է Սու­րիա, ուր ստա­ցած է իր ա­ռա­ջին ու­սու­մը, ինչ­պէս նաեւ Հա­լէ­պի Սա­րեան ա­րուես­տի ա­կա­դե­միա­յէն շրջա­նա­ւարտ ե­ղած է: 1971 թուականին Վազ­գէն Գա­լայ-ճեան մշտա­կան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է Նիւ Եորք, ուր ա­ւար­տած է նաեւ հա­մալ­սա­րա­նի ա­րուես­տի բա­ժի­նը: Խո­րա­նա­լով ա­ր-ւես­տի մէջ՝ Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան ու­նե­ցած է նկար­չա­կան տար­բեր շրջան­ներ՝ խո­րա­նար­դա­պաշ­տու­թե­նէ մին­չեւ վե­րա­ցա­կան նկար­չու­թիւն, կա­տա­րած է ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ՝ ի­մաս­տա­սի­րու­թեան, կրօն­ի եւ մտա­խո­հու­թիւն­նե­րու աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ: Վազ­գէն Գա­լաճեա­ն բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէս­ներ սարքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ, իսկ 2005 թուա­կա­նին ա­նոր գոր­ծերը ա­ռա­ջին ան­գամ ցու­ցադ­րուած են Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Իբ­րեւ աշխարհահռչակ ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն, ստանձ­նե­լով Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գա­յին վար­կա­նի­շա­ւոր­ման գոր­ծը՝ ան նշած է, որ իրեն հա­մար մեծ պա­տիւ է լրջօ­րէն զբա­ղիլ ապ­րան­քա­նի­շի ստեղծ­ման հար­ցով երկ­րի մը, որ իր նախ­նեաց եր­կիրն է, եւ ո­րուն հետ ինք զգա­ցա­կան ու յու­զա­կան սերտ կա­պեր ու­նի:

«Ազ­գա­յին վար­կա­նի­շա­ւո­րու­մը Հա­յաս­տա­նի հա­մար կրնայ նո­րա­րու­թիւն թուիլ, սա­կայն ան յատ­կան­շա­կան է երկ­րի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը աշ­խար­հին ցոյց տա­լու տե­սան­կիւ­նէն: Աշ­խար­հին մէջ կան շատ կրթուած մար­դիկ, որոնք պատ­կե­րա­ցում չու­նին Հա­յաս­տա­նի՝ քար­տէ­սի վրայ գտնուե­լու մա­սին: Լաւ վար­կա­նի­շա­ւո­րուած պե­տու­թիւն­նե­րը կրնան հա­ղոր­դակ­ցուիլ բո­լո­րի հետ՝ տար­բեր հար­թու­թիւն­նե­րով եւ ամ­րապն­դել կա­պը ա­նոնց հետ: Հզօր վար­կա­նի­շա­ւո­րումը այ­սօր կրնայ փո­խել մար­դոց ըն­կա­լումն ու բարձ­րաց­նել ի­րա­զե­կուա­ծու­թիւ­նը՝ երկ­րի մա­սին», ը­սած է Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան:

ԶՈՀԻ ԲԱՐԴՈՅԹԷՆ ԴԷՊԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Ու­նի՞ Հա­յաս­տա­նը մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն: Եր­կիր մը, որ Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն ա­ռաջ, կրե­լով ա­հեղ երկ­րա­շար­ժի հե­տե­ւանք­նե­րը, իսկ միու­թեան փլու­զու­մէն ետք՝ են­թար­կուե­լով տնտե­սա­կան հիւ­ծու­մի եւ քա­շուե­լով ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան մէջ, դժուար թէ դրա­կան ըն­կա­լում­ներ յա­ռա­ջաց­նէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մօտ:

Ա­ռանց խոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ալ կա­րե­լի է փաս­տել, որ Հա­յաս­տա­նը եւ հա­յերը այ­սօր աշ­խար­հին մէջ ճա­նա­չում գտած են ա­ռա­ւե­լա­պէս իբ­րեւ կո­տո­րած ապ­րած, երկ­րա­շար­ժի են­թար­կուած եւ դրա­ցի Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հա­կա­մար­տու­թեան մէջ գտնուող պե­տու­թիւն, ուր կը տի­րէ 30 առ հարիւր աղ­քա­տու­թիւն, եւ երկ­րին մէջ առ­կայ է ար­տա­գաղթ:

Այս մա­սին Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան ը­սած է. «Աշ­խար­հի շատ եր­կիր­նե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նը կը զու­գոր­դեն զո­հի հետ: Մեր պատ­մու­թիւ­նը ստի­պած է, որ­պէս­զի շա­տեր Հա­յաս­տա­նին տան զո­հի կար­գա­վի­ճակ։ Այս պա­րա­գա­յին ո՞վ կը փա­փա­քի տոմս գնել եւ մեկ­նիլ եր­կիր մը, ո­ր ան­յա­ջո­ղ է։ Ո՞վ կը փափաքի որեւէ բան գնել զո­հէ կամ ան­յա­ջո­ղէ… Ես դէմ չեմ պա­տե­րազմ­նե­րու մա­սին տե­ղե­կա­տուու­թիւն տա­րա­ծուե­լուն, սա­կայն այդ քա­րո­զէն ետք Հա­յաս­տա­նը այլ կեր­պով կ՚ըն­կալուի»:

Վազ­գէն Գա­լայ­ճեա­նի խօս­քով, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ երկ­րին դէմ­քը մշա­կե­լու գոր­ծով կը զբա­ղի խումբ մը, սա­կայն այդ գոր­ծին մէջ նա­խա­տե­սուած է ներգ­րա­ւել հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր շեր­տե­րը: «Ո՞րն է Հա­յաս­տա­նի դէմ­քը ներ­կա­յաց­նող խորհրդա­նի­շը», հար­ցու­մը ինք՝ Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան ան­ձամբ ուղ­ղած է հա­րիւ­րա­ւոր հա­յե­րու, ո­րոնց հան­դի­պած է Հա­յաս­տա­նի մէջ: Հա­յաս­տան­ցի­ները առ­հա­սա­րակ, ա­ւե­լի պար­զու­նակ, ժո­ղովր­դա­յին ըն­կա­լում­ներ ու­նին երկ­րին դէմ­քը ներ­կա­յաց­նող խորհր­դա­նիշե­րու հան­դէպ։ Ա­հա թէ ին­չու պա­տա­հա­կան չէ, որ ա­նոնց­մէ շա­տեր կը պա­տաս­խա­նեն, որ Հա­յաս­տա­նի ապ­րան­քա­նիշն է քո­նիաք, լա­ւաշ, ծի­րան, նուռ, խաչ­քար, գորգ, լեռ, ե­կե­ղե­ցի, ջուր, Գառ­նի, Գե­ղարդ եւ այլն:

Բայց երկ­րի բո­վան­դա­կու­թիւնը ամ­փո­փող ապ­րան­քա­նի­շը ա­ւե­լին է, քան՝ նշուած խորհր­դա­նիշ­ե­րը:

 «Ապ­րան­քա­նի­շի մշակ­ման հա­մար կա­րե­ւոր է հասկ­նալ, թէ ինչ­պի­սի՞ն պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գան եւ ինչ­պէ՞ս այ­սօր մար­դիկ կ՚ըն­կա­լեն Հա­յաս­տա­նը: Ա­պա­գա­յի տես­լա­կա­նի հի­ման վրայ ալ պէտք է մշա­կուի երկ­րի ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նի­շը: Վար­կա­նի­շա­ւոր­ման մի­ջազ­գա­յին սանդ­ղա­կին մէջ յա­ռա­ջա­տար ըլ­լա­լու հա­մար պար­տա­դիր չէ, որ­պէս­զի պե­տու­թիւ­նը տա­րած­քով մեծ ըլ­լայ, ու­նե­նայ քա­րիւ­ղի պա­շար­ներ կամ նա­ւա­հան­գիստ­ներ: Հա­յաս­տան ու­նի հա­րուստ պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն, եւ մենք պատ­րաստ ենք օգ­նել Հա­յաս­տա­նին՝ մշա­կու­թա­յին իր հարս­տու­թիւ­նը աշ­խար­հին փո­խան­ցե­լու, տնտե­սա­կան նե­րու­ժը խթա­նե­լու, երկ­րի հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը տա­րա­ծքաշր­ջա­նի եւ աշ­խար­հի մէջ բարձ­րաց­նե­լու գոր­ծին մէջ», ը­սած է Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան:

Հա­կա­ռակ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մա­սին ընդ­հա­նուր առ­մամբ ոչ-դրա­կան պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, պէտք չէ թե­րագ­նա­հա­տել կարգ մը աշ­խա­տանք­ներ, որոնք մա­նա­ւանդ վեր­ջին քսա­նա­մեա­կին կա­տա­րուած են կա­ռա­վա­րա­կան մա­կար­դա­կով՝ Հա­յաս­տանը աշ­խար­հին ներ­կա­յա­նա­լի դարձ­նե­լու հա­մար: Ա­նոնց­մէ կա­րե­լի է նշել այն գո­վազ­դա­յին հո­լո­վա­կը, որ վեր­ջերս հե­ռար­ձա­կուե­ցաւ CNN հե­ղի­նա­կա­ւոր հե­ռա­տե­սի­լա­յին ա­լի­քով: Հա­յաս­տա­նի մէջ պատ­րաս­տուած հո­լո­վա­կը լա­ւա­գոյն կեր­պով եւ ար­հես­տա­վար­ժօ­րէն կը ներ­կա­յաց­նէր Հա­յաս­տանը իր նուա­ճում­նե­րով ու դրա­կան գոյ­նե­րով:

 Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ւան­դոյթ դար­ձած են կարգ մը եր­կիր­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ Ռու­սաս­տա­նի, Ֆրան­սա­յի մէջ տեղի ունեցող մշա­կու­թա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը՝ «Հա­յաս­տա­նի օ­րեր», «Հա­յաս­տա­նի տա­րի» խո­րագ­րով, ո­րոնք նոյն­պէս չա­փա­զանց դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կը գործեն Հա­յաս­տա­նի ճա­նաչ­ման ա­ռու­մով: Երկ­րի դրա­կան վար­կի յա­ռա­ջըն­թա­ցի նկա­տե­լի քայլ է «Զուարթ­նոց» մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նի ար­դիա­կա­նաց­ման ուղ­ղուած աշ­խա­տանք­նե­րը: Երկ­րի մը օ­դա­կա­յանն է, որ ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ձգէ օ­տա­րին վրայ, եւ այդ ա­ռու­մով «Զուարթ­նո­ց»ը հա­մա­պա­տաս­խա­նե­ցուած է մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­ե­րուն:

Երկ­րին բո­վան­դա­կու­թիւն կը հա­ղոր­դեն նաեւ մի­ջազ­գա­յին մար­զա­կան մրցոյթ­նե­րէն իբրեւ յաղ­թող վե­րա­դար­ձած հայ մար­զիկ­նե­րը, ո­րոնց մարզ­ման հա­մար պե­տու­թիւ­նը հսկայ գու­մար­ներ կը ներդ­նէ: Նա­խորդ տաս­նա­մեա­կի կա­ռա­վա­րու­թեան քայ­լե­րէն կա­րե­լի է նշել նաեւ Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ պե­տա­կան կրօն հռչա­կե­լու 1700-ա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը, ո­րոնք նոյն­պէս Հա­յաս­տա­նը պատ­մա­կան դրա­կան լոյ­սի ներ­քոյ ներ­կա­յա­ցու­ցին աշ­խար­հին: Այս ա­մէ­նը նպաս­տա­ւոր են, սա­կայն, ըստ ապ­րան­քա­նի­շը մշա­կող խումբին, տա­կա­ւին շատ հե­ռու են երկ­րի վե­րա­բե­րեալ  ընդ­հա­նուր ապ­րան­քա­նի­շի մը գա­ղա­փա­րի մշակ­ման հա­մար: Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան ը­սած է. «Մենք չենք կրնար միայն քրիս­տո­նէու­թեամբ ներգ­րա­ւել մար­դիկը, քա­նի որ օրինակ Ի­րա­նի կամ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք քրիս­տո­նէու­թիւն չեն դա­ւա­նիր, նման կեր­պով հրա­ւի­րել, որ­պէս­զի ներդ­րում­ներ կա­տա­րեն, բա­ւա­րար չէ»:

2000 ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Վերջերս Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան յօ­դուած մը տպած է Linkedin մաս­նա­գի­տա­կան ցան­ցին մէջ, ուր նշած է, թէ շատ դժուար է երկու հազար տա­րուան պատ­մու­թիւնն ու ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րը քա­նի մը բա­ռի ու պատ­կեր­նե­րու մի­ջո­ցով ամ­փո­փե­լ: Սա­կայն, որ­քան ալ բարդ թուի, ան յայ­տա­րա­րած է, որ Հա­յաս­տա­նի վար­կա­նի­շա­ւոր­մամբ զբա­ղող խումբը ար­դէն յստա­կե­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի ապ­րան­քա­նի­շի հիմ­նա­կան գա­ղա­փա­րը եւ միւս խորհր­դա­նիշ­ե­րը: Ան նշած է, որ ըն­կե­րու­թեան ան­դամ­նե­րը հե­տա­զօ­տու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են՝ ու­սում­նա­սի­րե­լով ութսուն եր­կիր­նե­րու վար­կա­նի­շա­ւոր­ման եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան ծրագ­րե­րը: Ա­նոնք յանգած են այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ Հա­յաս­տա­նի ապ­րան­քա­նի­շի նիւ­թը, ինչ­պէս շու­կա­յա­գէտ­նե­րը կ՚ը­սեն՝ պէտք է ունե­նայ «բարձր կար­գի» բնու­թագ­րիչ։ Այս մէ­կը կը նշա­նա­կէ, որ ան պէտք է ար­տա­յայ­տէ ոչ թէ ֆի­զի­քա­կան տուեալ­ներ (ինչ­պէս՝ Ե­գիպ­տոսը իր բուր­գե­րով), այլ՝ զգացմունք­ներ կամ գա­ղա­փար։

Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ապ­րան­քա­նի­շը մշա­կող եւ ստեղ­ծող ըն­կե­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի հա­մար ա­ռանձ­նա­ցու­ցած է քա­նի մը ար­ժէք։ Իր յօ­դուա­ծին մէջ Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան խօ­սած է այդ ար­ժէք­նե­րուն մա­սին, նշե­լով, որ ապ­րան­քա­նի­շը ստեղ­ծե­լու հա­մար ընդգ­ծուած են երկ­խօ­սու­թիւնն ու հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը, իբ­րեւ կա­րե­ւոր ար­ժէք­ներ, նո­րա­րա­րու­թեան, ինք­նա­տիպ մօ­տե­ցում­նե­րու, հե­ռա­տե­սու­թեան հար­ցին մէջ նոր գա­ղա­փար­նե­րը, ա­պա­գա­յին մի­տուած ծրագ­րե­րը: Խումբը փորձած է նոր դրա­կան պատ­մու­թիւն կեր­տել Հա­յաս­տա­նի եւ ա­նոր ա­պա­գա­յի մա­սին, սա­կայն գա­ղա­փար­նե­րը տա­կա­ւին մշակ­ման փու­լի մէջ են, ու ինչ­պէս յայ­տա­րա­րած է Վազ­գէն Գա­լայ­ճեան, վերջ­նա­կան ապ­րան­քա­նի­շը խորհր­դա­նի­շի եւ կար­գա­խօսի տես­քով, այս տարուան ըն­թաց­քին, ա­ւե­լի ուշ կը հրա­պա­րա­կուի զանգ­ուա­ծա­յին լրատուա­մի­ջոց­նե­րու մէջ եւ կը ներդ­րուի շու­կա­յէն ներս՝ փոր­ձարկ­ման նպա­տա­կով:

Երկ­րի մը ապ­րան­քա­նի­շը ստեղ­ծե­լը բարդ ու եր­կա­րա­տեւ գործ մըն է, բայց ան հե­տա­գա­յին հզօր ու ան­փո­խա­րի­նե­լի գոր­ծիք է երկ­րի զար­գաց­ման հա­մար:

Շու­տով Հա­յաս­տա­նը կ­՚ու­նե­նայ իր մշակուած մի­ջազ­գա­յին ապ­րան­քա­նի­շը, ո­ր հայ­կա­կան դրոշ­մը կը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին գետ­նին վրայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2015