«ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ»Ի ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հա­ւա­քա­ծո­յէն կոր­սուած եւ ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին ձե­ւով Հա­յաս­տա­նի մէջ յայտ­նուած իւ­ղան­կա­րի հար­ցին շուրջ ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ըստ վեր­ջին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, այս խնդրին շուրջ երկ­րի պատ­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած հար­ցաքն­նու­թիւ­նը կար­ճուած է ու ո­րո­շուած՝ այդ իւ­ղան­կա­րը վե­րա­դարձ­նել Հա­յաս­տա­նի նոր «տի­րոջ», ո­րու ա­նունն է Ժո­րա (մականունը, ազգա­նունը մեզի կը մնայ անյայտ)։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ այս հար­ցը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան ու­շադ­րու­թեան։ Եր­կա­րա­շունչ հե­տաքն­նու­թեան ծի­րէն ներս ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը այդ հար­ցին հե­տապն­դու­մը փո­խան­ցած էր Քննչա­կան կո­մի­տէին։ Պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րու եր­կար լռու­թե­նէն վերջ վեր­ջերս այս խնդի­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րին կարգ մը շրջա­նակ­ներ, ո­րոնց նպա­տակն էր խնդրին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը վե­րագ­րել Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին։ Այս զրպար­տու­թեան փոր­ձը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տե­ղի տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հա­կազ­դե­ցու­թեան եւ ստեղ­ծուած բա­նա­վէ­ճի մթնո­լոր­տին մէջ հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­կա­մայ լա­րուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րուն վրայ։ Եր­կար լռու­թիւն պա­հած պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այդ բա­նա­վէ­ճի մթնո­լոր­տին մէջ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն փո­խան­ցե­ցին ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ նշուած էր նաեւ, որ Ռու­սաս­տա­նէն մաս­նա­գէտ­ներ կը քննեն նիւ­թը ու կը սպա­սուի ա­նոնց պա­տաս­խա­նին։ Պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րը ընդգ­ծած էին նաեւ, որ հե­տաքն­նու­թեան ծի­րէն ներս Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ունկնդ­րուած էր որ­պէս վկայ։ Այ­սինքն, այդ ակ­նար­կու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­բե­րէին Նո­րին Սրբազ­նու­թեան վե­րագ­րուած մե­ղադ­րանք­նե­րուն կամ զրպար­տու­թիւն­նե­րուն։ Պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րու սոյն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ դար­ձեալ սկսած էր սպա­սո­ղա­կան շրջան մը։ Ա­մա­նո­րէն շատ կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ հա­մա­ցան­ցի վրայ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտան այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ նոր տուեալ­ներ, ո­րոնք հետզ­հե­տէ գտած են լայն տա­րա­ծում։ Երկ­րի լրա­տուա­մի­ջոց­ներն ալ սկսած են հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րել այս նիւ­թին նկատ­մամբ։ Ար­դա­րեւ, պատ­կան մար­մին­նե­րը ո­րո­շած են այդ իւ­ղան­կա­րը վե­րա­դարձ­նել Հա­յաս­տա­նի նոր «տի­րոջ»։ Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի տնօ­րի­նու­թեամբ կա­տա­րուած է այս կար­գադ­րու­թիւ­նը։ Այն տուեալ­նե­րը, ո­րոնք կը գտնուին շրջա­նա­ռու­թեան մէջ՝ յստա­կօ­րէն չեն պար­զա­բա­ներ, որ ար­դեօք ո­րո­շու­մը տրուած է Ռու­սաս­տա­նէ՞ն փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ, թէ ոչ զուտ հայ­կա­կան մաս­նա­գէտ­նե­րու խոր­հուրդ­նե­րը բա­ւա­րար հա­մա­րուած են։ Կայ նաեւ ու­րիշ պղտոր հան­գա­մանք մը։ Այս­պէս, նա­խա­պէս կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ տպա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծուած էր, որ այդ իւ­ղան­կա­րը մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար ու­ղար­կուած է Ռու­սաս­տան։ Հե­տե­ւա­բար, այժմ յա­ռա­ջա­ցած է այս հան­գա­ման­քը վե­րա­պար­զա­բա­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Այ­սինքն, այդ իւ­ղան­կա՞­րը ու­ղար­կուած էր Ռու­սաս­տան, թէ ոչ ուղ­ղա­կի ա­նոր մա­սին տուեալ­նե­րը փո­խան­ցուած էին այն­տեղ։

Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի տնօ­րի­նու­թեամբ ար­դէն կար­ճուած է սոյն հե­տաքն­նու­թիւ­նը։ Պատ­կան մար­մին­նե­րը «Ե­պիս­կո­պոս» պայ­մա­նա­կան ա­նու­նը տուած են այդ իւ­ղան­կա­րին։ Ըստ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, այս գե­ղան­կա­րի ներ­կայ նիւ­թե­րու փոր­ձան­մոյշ­նե­րու պա­րա­գա­յին ստու­գուած է, որ կը բա­ցա­կա­յին «ֆթա­լաթ» պա­րու­նա­կող կամ այդ բնոյ­թով նիւ­թեր։ Ծա­նօթ է, որ այդ մէ­կը կ՚օգ­տա­գոր­ծուի զա­նա­զան նիւ­թե­րու ճկու­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ «Ֆթա­լաթ»ի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, ըստ մա­մու­լին փո­խան­ցուած տուեալ­նե­րուն, կը նշա­նա­կէ՝ որ ու­սում­նա­սի­րուած ներ­կայ նիւ­թե­րը պատ­րաս­տուած են մին­չեւ 20-րդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սը։ Իւ­ղան­կա­րի կտա­ւի հէն­քի եւ թե­զա­նի կազ­մին շուրջ ալ տա­րուած է աշ­խա­տանք։ Այս­պէս, բնա­կան վու­շէ ան­գոյն ման­րա­թե­լե­րու գո­յու­թիւ­նը ստու­գուած է, ինչ որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ «Ե­պիս­կո­պոս» պայ­մա­նա­կան ա­նու­նով գե­ղան­կա­րի ստեղծ­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ Փոր­ձա­գէտ­նե­րը կը մատ­նան­շեն, որ խնդրոյ ա­ռար­կայ իւ­ղան­կա­րը հա­ւա­նա­բար ստեղ­ծա­գոր­ծուած ըլ­լայ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի կող­մէ։

Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէն սոյն հե­տաքն­նու­թիւ­նը կար­ճե­լու ո­րոշ­ման հիմ­նա­ւո­րում­նե­րուն մէջ նկա­տի ա­ռած է նաեւ, որ այդ իւ­ղան­կա­րը ու­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ար­ժէք։ Այդ մէ­կը բնօ­րի­նակ մըն է՝ 134.5x80.5 սան­թի­մեթր չա­փե­րով։ Գոր­ծը դի­ման­կար մըն է, 19-րդ դա­րա­վեր­ջին բնո­րոշ ի­րա­պաշտ ո­ճով կա­տա­րուած աշ­խա­տանք մը։ Իւ­ղան­կա­րը ստեղ­ծա­գոր­ծուած է 19-րդ դա­րա­վեր­ջին՝ են­թադ­րա­բար Ռու­սաս­տա­նի մէջ։

Քննու­թեան ար­դիւն­քով ձեռք բե­րուած վե­րո­յի­շեալ ա­պա­ցոյց­նե­րուն լոյ­սին տակ պատ­կան մար­մին­նե­րը հա­սած են գնա­հա­տա­կա­նի մը՝ թոյ­լատ­րե­լիու­թեան, վե­րա­բե­րե­լիու­թեան, իսկ ամ­բողջ ա­պա­ցոյց­նե­րը ի­րենց հա­մակ­ցու­թեան մէջ՝ գոր­ծի լուծ­ման հա­մար բա­ւա­րա­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Ձեռք չեն բե­րուած փաս­տա­կան տուեալ­ներ, թէ այդ մէ­կը 2005 թուա­կա­նին Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նէն ան­հե­տա­ցած նկա­րիչ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի հե­ղի­նա­կած նկարն է։ Այլ ա­պա­ցոյց­ներ ձեռք բե­րուած են, թէ այս իւ­ղան­կա­րը սե­փա­կա­նա­տի­րոջ կող­մէ ա­պա­հո­վուած է 1971 թուա­կա­նին Խրի­մի մէջ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կը բա­ցա­կա­յի խար­դա­խու­թեամբ ա­ռանձ­նա­պէս խո­շոր քա­նա­կու­թեամբ գու­մար յափշ­տա­կե­լու փորձ մը կա­տա­րած ըլ­լա­լու յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէպ­քը։

Այս վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւած են նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի աղ­բիւր­նե­րը։ Գում­գա­բուի մէջ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ցաւ յա­ռա­ջա­ցու­ցած են ու կը հա­մա­րուին ո­րոշ չա­փով ան­հասկ­նա­լի։ Խնդրա­յա­րոյց հան­գա­մանք­նե­րէն մին հե­տե­ւեալն է. այս խնդի­րը Հա­յաս­տա­նի պատ­կան մար­մին­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նուած է ուղ­ղա­կիօ­րէն Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Հե­տե­ւա­բար, հե­տաքն­նու­թեան ար­դիւն­քին շուրջ պէտք է պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղեակ պա­հուէր Պատ­րիար­քա­րա­նը, ինչ որ չէ ե­ղած։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տա­րա­կար­ծու­թիւն կը յայտ­նեն նաեւ երկ­րորդ հիմ­նա­կան կէ­տի մը շուրջ։ Այս­պէս, Ա­թո­ռի հա­ւա­քա­ծո­յէն ան­հե­տա­ցած իւ­ղան­կա­րը տեղ գտած է զա­նա­զան գիր­քե­րու եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու մէջ եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ յայտ­նուած գե­ղան­կա­րին կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­ւա­քա­ծո­յէն ան­հե­տա­ցած գոր­ծը չու­նի ու­րիշ օ­րի­նակ մը եւ զայն ցայ­սօր չէ գտնուած կամ չէ վե­րա­դար­ձուած՝ Պատ­րիար­քա­րա­նի շրջա­նակ­նե­րը բա­ւա­րա­րուած ըլ­լալ չեն թուիր այս վեր­ջին տուեալ­նե­րով։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­սակ­ցած է իւ­ղան­կա­րի նոր «տի­րոջ» հետ եւ ան ի­րեն յայտ­նած է, թէ իր մօտ գո­յու­թիւն ու­նին նաեւ նմա­նօ­րի­նակ ու­րիշ իւ­ղան­կար­ներ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հա­մո­զուե­լու հա­մար փա­փաք յայտ­նած է տես­նել այդ գոր­ծե­րը, սա­կայն են­թա­կան ցայ­սօր այդ­պէս ալ չէ կրցած ցոյց տալ այդ միւս նմա­նօ­րի­նակ գոր­ծե­րը, ինչ որ ներ­կա­յիս պատ­ճառ կը դառ­նայ, որ Պատ­րիար­քա­րա­նը յա­մա­ռի իր տե­սա­կէտ­նե­րուն վրայ։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017