ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ

Ռու­սաս­տա­նի «Կազփ­րոմ» ըն­կե­րու­թեան եւ Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ՝ դէ­պի Հա­յաս­տան բնա­կան կա­զի տա­րանց­ման պայ­ման­նե­րուն շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ այդ հա­մա­ձայ­նու­թեան, անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին Վրաս­տան Ռու­սաս­տա­նէն կազ պի­տի ստա­նայ 1000 խո­րա­նարդ մեթ­րի փո­խա­րէն ոչ թէ 215, այլ 185 ա­մե­րի­կեան տո­լար սա­կագ­ի­նով։ Վրաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Քա­խա Քա­լա­ծէ յայտ­նեց, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ըն­դու­նած է սոյն պայ­մա­նա­գի­րը։ Ան շեշ­տեց, որ այս­պէ­սով Վրաս­տա­նի կա­խուա­ծու­թիւ­նը պի­տի չմեծ­նայ ռու­սա­կան ու­ժա­նիւ­թա­կիր­նե­րէն։ Փո­փո­խու­թեան կ՚են­թար­կուի միայն վճար­ման ձե­ւը։ Այ­սինքն, հում­քով վճա­րե­լու փո­խա­րէն վճա­րում­նե­րը պի­տի ըլ­լան դրա­մա­կան՝ մի­ջազ­գա­յին նա­խըն­թաց­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան։

Քա­լա­ծէ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ տա­րանց­ման սա­կագ­ի­նին շուրջ։ Այն ար­ժէ­քը, որ պէտք է վճա­րուի Վրաս­տա­նին, ա­մե­նա­բարձ­րե­րէն մին է եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու շար­քին։ Ըստ ի­րեն «Կազփ­րոմ»ի հետ եր­կա­մեայ ժամ­կէ­տով հա­մա­ձայ­նա­գիր մը պի­տի կնքուի։ Սա կար­ճա­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նա­գիր մըն է։ Ա­ռա­ջին տա­րիին տե­ւո­ղու­թեան մա­սամբ պի­տի պահ­պա­նուի հում­քով վճա­րե­լու ձե­ւը, իսկ յե­տոյ այդ մէ­կը պի­տի փո­խա­րի­նուի դրա­մա­կան վճա­րու­մով։

«Կազմփ­րոմ»ի հետ դէ­պի Հա­յաս­տան բնա­կան կա­զի տա­րանց­ման շուրջ Վրաս­տա­նի պայ­մա­նագ­րի ժամ­կէ­տը լրա­ցած էր 1 Յու­նուար 2017 թուա­կա­նի դրու­թեամբ։ Վրաս­տան կա­զի տա­րանց­ման փո­խա­րէն ցայ­սօր կը ստա­նար Հա­յաս­տան մա­տա­կա­րա­րուած ռու­սա­կան բնա­կան կա­զի ընդ­հա­նուր ծա­ւա­լին 10 տո­կո­սը։ Փաս­տա­թուղ­թը ձե­ւա­կեր­պուած էր ան­ցեալ տա­րուան Ապ­րի­լին՝ վեր­ջին հա­մա­ձայ­նագ­րի ժամ­կէ­տի լրա­նա­լէն ե­րեք ա­միս վերջ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ձգձգուած էին, ո­րով­հե­տեւ «Կազփ­րոմ» կը պնդէր տա­րանց­ման փո­խար­ժէ­քը դրա­մա­կան վճա­րու­մով ստա­նա­լու վրայ։ Վրաս­տան 2007 թուա­կա­նէն ի վեր բնա­կան կազ չի նե­րա­ծեր Ռու­սաս­տա­նէն։ Երկ­րի հիմ­նա­կան մա­տա­կա­րա­րը Ատր­պէյ­ճանն է, որ ան­ցեալ տա­րուան Մար­տին հա­ւա­նու­թիւն տուած էր բարձ­րաց­նե­լու հա­մար մա­տա­կա­րա­րում­նե­րու ծա­ւա­լը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Քա­լա­ծէ նշեց, որ «Կազփ­րոմ» հե­տաքրք­րա­կան ա­ռա­ջարկ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Վրաս­տա­նին։ Վրա­ցի նա­խա­րա­րը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չհա­ղոր­դեց ու միայն յայտ­նեց, որ իր երկ­րին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այ­սօր պէտք է վերջ­նա­կան հա­ւա­նու­թիւն տայ այդ գոր­ծար­քին։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2017