ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՏ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Ռու­սա­կան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս խօ­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին նա­խա­րար­նե­րը կանգ ա­ռին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վրայ։ Ա­նոնք ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­ցին Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի ջան­քե­րով հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Չա­վու­շօղ­լու եւ Լաւ­րով կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի ծի­րէն ներս հե­տա­գայ հա­ւա­նա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Թուրք եւ ռուս նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ Աս­տա­նա­յի գոր­ծըն­թա­ցին։ Ծա­նօթ է, որ ներ­կա­յիս նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին՝ որ­պէս­զի Աս­տա­նա­յի մէջ սե­ղա­նի մը շուրջ հա­մախմ­բուին Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի բո­լոր կող­մե­րը։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Սու­րիոյ ղե­կա­վար Պե­շար Է­սատն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նով ար­տա­յայ­տուած էր Աս­տա­նա­յի գոր­ծըն­թա­ցին մա­սին։

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2017