ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Թէ ինչ օրակարգով թրքահայ համայնքը մուտք գործած է 2017 թուականը։ Գումգաբուի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տաղաւարի աւանդական ընդունելութեան եւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) անցեալ տարուան վերջին ժողովին ընթացքին ծաւալուած խօսակցութիւնները արդէն որոշ չափով յստակեցուցին 2017 թուականի վերաբերեալ համայնքին առաջնահերթութիւնները։ Բնականաբար այդ առաջնահերթութիւններու շարքին գլխաւորն է պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Թրքահայ համայնքի 2017 թուականի օրակարգին վերաբերեալ մեր այս յօդուածաշարքի առաջին բաժնին մէջ կ՚անդրադառնանք պատրիարքական ընտրութեան խնդրին։ Այս առաջին յօդուածին մէջ սոյն նիւթը ներկայացնելէ վերջ միւս խնդիրներուն ալ պիտի անդրադառնանք առանձնապէս։
Պատրիարքական ընտրութեան հարցը թէեւ շուրջ ութ տարիէ ի վեր հրատապ ձեւով կը զբաղեցնէ համայնքին օրակարգը, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս տարեմուտի դրութեամբ խնդիրը այլ հարթութեան մը վրայ է։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան տարեմուտի ընդունելութեան ժամանակ կարեւորութեամբ խօսեցան այս խնդրին շուրջ։ Համայնքային աշխարհական վարիչներն ալ VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին ընդգծած էին, թէ պատրիարքական ընտրութեան հարցը յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակէ մնալ համայնքի առաջնահերթութիւններու շարքին։ Այս մթնոլորտին մէջ կայ ուշագրաւ մանրամասնութիւն մը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս շրջանին համայնքին կը փոխանցեն դրական պատգամներ։ Սա, մեր դիտարկումով, կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ ապագայ հաւանական իրադարձութիւններու պարագային անոնց միջեւ գոյացած է համախոհութիւն մը կամ փոխըմբռնում մը։ Մեր համոզմամբ, դրական ազդակ մըն է անտարակոյս այս երեւոյթը։ Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցականաց համագումարի միաձայն որոշումով Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի հանգստեան կոչուելուն եւ գահի թափուր հռչակուելուն զուգահեռ հասունցած երեւոյթ մը ըլլալ կը թուի այս մէկը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի տաղաւարի ընդունելութեան ընթացքին շեշտեց, որ Եկեղեցականաց համագումարը միաձայնութեամբ առած է համապատասխան որոշումը։ Իր խօսքերով, Մեսրոպ Պատրիարքը գահընկէց չէ եղած։ Ան կը շարունակէ մնալ պատրիարք, բայց կոչուած է հանգստեան։ Երբ որ վախճանի, պիտի յուղարկաւորուի որպէս պատրիարք։ Այս շեշտադրումը ընելէ վերջ ընդհանուր փոխանորդը յայտնեց, որ նոր պատրիարքի ընտրութեան ձեռնարկելու համար պատրաստուած է նամակ մը։ Այս վերջինը պիտի յանձնուի պետութեան նկատառման՝ որպէսզի պատկան մարմինները պատշաճը տնօրինեն անհրաժեշտ թոյլտուութեան համար։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, որ նամակի պատրաստութեան զուգահեռ դիմած են նաեւ կուսակալութիւն՝ խնդրելով ժամադրութիւն։ Վերջին շրջանի զգայացունց իրադարձութիւններուն բերումով Իսթանպուլի կուսակալը ունի չափազանց ծանրաբեռնուած ժամանակացոյց մը, հետեւաբար այդ դիմումէն վերջ հնարաւոր չէ եղած ապահովել ժամադրութիւն մը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ եթէ յառաջիկայ օրերուն ալ կարելի չըլլայ ժամադրուիլ կուսակալին հետ, ապա իրենք այլ ձեւով մը կուսակալութիւն պիտի ուղարկեն պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ դիմում-նամակը։
Մինչ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեղեկութիւններ տուաւ խնդրի առարկայական իրադարձութիւններու երեսակին շուրջ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ համայնքէն ներս այս նիւթին շուրջ զօրակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու առաջադրութեամբ։ Իր խօսքերով, ութ տարիէ ի վեր համայնքին գործերը կ՚ընթանան այս կամ այն ձեւով։ Ճիշդ է, որ կան թերութիւններ, կաղացումներ կամ դժուարութիւններ, սակայն այդ բոլորով հանդերձ Պատրիարքական Աթոռին, համայնքին գործերը ընթացքի մէջ են։ Այս առումով լուրջ դեր մը կը կատարէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ իր ստանձնած պատասխանատուութեան բերումով։ Ան կ՚ընէ իրեն վիճակած գործը, որքան որ ալ նկատուին պակասներ՝ համայնքի ընթացքը կը մնայ անխաթար։ Հետեւաբար, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին առողջութիւն եւ հոգւոյ անդորրութիւն մաղթեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Նորին Սրբազնութիւնը աւելի վերջ ընդգծեց նաեւ, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու բոլոր անդամներն ալ այս պահուն արժանի են յարգանքի։ Արդարեւ, անոնք երբեք չպառակտուեցան ու միասնական ջանքերով, նուիրումով կը կրեն մեր Սուրբ Աթոռի դրօշը։
Հասկնալի է, որ տաղաւարի ընդունելութիւններու ընթացքին ելոյթները կ՚արտասանուին ընդհանրապէս տօնական տրամադրութեամբ, քաղաքավարական նկատումներով։ Բայց եւ այնպէս, մեր տպաւորութեամբ այդ խօսքերը զուտ քաղաքավարական կամ ձեւական սահմաններու մէջ պէտք չէ ընկալուին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ հասունցած համագործակցութեան ոգին կրնայ ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ պատրիարքական ընտրութեան խնդրի միանգամընդմիշտ լուծման տեսանկիւնէն։
2017 թուականի տարեմուտին թրքահայութեան օրակարգի հիմնական խնդիրներէն մին է թաղային խորհուրդներու կամ համայնքային հաստատութեանց մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւնը։ Աւելի քան երեք տարիէ ի վեր այս հարցը կը զբաղեցնէ մեր օրակարգը։ Խնդիրը թէեւ կը վերաբերի ընդհանրապէս երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն, սակայն իւրաքանչիւր համայնքի պարագային դրսեւորումը կ՚ըլլայ տարբեր։ Մեր համայնքէն ներս այս հարցը չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ վերջին ժամանակներուն յաճախ կը ստեղծուին շրջադարձային որոշումներ առնելու ստիպողութիւններ։ Հանրային կարծիքը կը նախընտրէ, որ այդպիսի քայլերը առնուին ժողովրդական ամուր յենարաններով վարչայիններու կողմէ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ այս հարցին։ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց, որ մասնաւոր նորութիւն մը գոյութիւն չունի այս խնդրին շուրջ։ Իր խօսքերով, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղիլ այս խնդիրով, որու մասին վերջնական որոշումը պիտի տրուի պետութեան կողմէ։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) տարեվերջի եզրափակիչ ժողովին նման Գումգաբուի տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկան համայնքի նիւթական դժուարութիւնները։ Գաղտնիք մը չէ, որ ելմտական առումով թրքահայութիւնը ներկայիս դէմ յանդիման մնացած է լուրջ խնդիրներու։ Աւելի՛ն, մեր երկրի տնտեսութիւնը այնպիսի ընթացք մը ունի, որ համայնքի այդ ելմտական խնդիրները կրնան խորանալ ակամայ։ Եթէ աշխարհական վարիչները VADİP-ի ժողովին ընթացքին ահազանգով խօսեցան մեր վարժարաններու պիւտճէի բացերուն շուրջ, ապա Գումգաբուի մէջ ընդգծուեցան Պատրիարքարանի եւ հոգեւորականաց կարիքները։ Մեր վարժարաններու պիւտճէի բացերը կարելի չ՚ըլլար հաւասարակշռել տարեկան սիրոյ սեղաններու հանգանակութիւնով, ինչ որ առանց չափազանցութեան կը տագնապեցնէ մեր աշխարհական վարիչները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ Գումգաբուի մէջ մանրամասնեց Պատրիարքարանի խնդիրները։ Արդարեւ, վերջին տարիներուն Պատրիարքական Աթոռը նախաձեռնեց «Յովակիմ 1461» վաքըֆի հիմնադրութեան՝ որպէսզի կարենայ այլընտրանքային լուծումներ գտնել իր տնտեսական հարցերուն համար։ Ներկայիս նոյնիսկ մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն թոշակները կը վճարուին ոչ թէ Պատրիարքական Աթոռին, այլ՝ իրենց ծառայած եկեղեցիներուն կողմէ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, հանգստեան կոչուած հոգեւոր հայրերը կը զրկուին այդ հնարաւորութենէն։ Մէկ կողմէ մեր համայնքը նոր հոգեւորականներու կարիք ունի, իսկ միւս կողմէ հոգեւոր հայրերու վարձատրութեան խնդիրը արդէն հետզհետէ կը խորանայ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շրջանին մեր քահանայից դասէն երեք անդամներ պիտի դադրին սպասաւորութիւն մատուցելէ։ Պատրիարքական Աթոռը գտած է միջանկեալ լուծում մը։ Այսօր ունինք կարգ մը եկեղեցիներ, որոնց մէջ երկու հոգեւորականներ կը ծառայեն։ Յառաջիկայ շրջանին այդ երկրորդ հոգեւորականները ծառայութեան պիտի կոչուին այլ եկեղեցիներու մէջ, որպէսզի անոնք առանց հովիւի չմնան։ Պատրիարքական Աթոռը ներկայիս միայն մէկ ժառանգաւոր սան ունի Երուսաղէմի մէջ, ուր ուսում կը ստանայ հոգեւորական դառնալու համար։
Տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ Պէյքոզի նախկին գերեզմանատան տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման եւ արժեւորման խնդրին շուրջ։ Այս հարցը օրակարգի վրայ եկած էր նաեւ VADİP-ի տարեվերջի ժողովին ընթացքին։ Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս նիւթին շուրջ համագործակցիլ փորձեց թէ՛ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ թէ Պատրիարքական Աթոռին հետ։ Իւրաքանչիւր տարբերակը իր հետ բերաւ զանազան դժուարութիւններ։ Ի վերջոյ հասունցաւ աւելի լայնախարիսխ համագործակցութեան մը մթնոլորտը։ Այսինքն, թէ՛ Պատրիարքարանը, թէ՛ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը եւ թէ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը որոշեցին միասնաբար ներգրաւուիլ այս աշխատանքին մէջ։ Սա բնականաբար ողջունելի արդիւնք մըն էր։ VADİP-ի ժողովին ընթացքին համայնքի աշխարհական վարիչներուն կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն ի շարունակութիւն՝ տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ անդրադարձաւ այս նիւթին։ Այսպէսով Պատրիարքարանին անունով ալ ձեւով մը հրապարակաւ հաստատուած եղաւ համագործակցութեան այս նոր ձեւաչափը։ Համայնքային շրջանակները ներկայիս մեծ յոյսեր դրած են այս ծրագրին վրայ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ յանձնախումբ մը պիտի ստեղծուի Պէյքոզի ծրագիրը յառաջ տանելու համար։ Այսպէսով կարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ նաեւ նոր վէճերու ծագելէն։ Պէյքոզի այդ տարածքի պարագային դատական գործընթացներ եւ հատուցման հեռանկարներ խնդրոյ առարկայ են Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան եւ Ազգային կրթութեան նախարարութեան հետ։ Գումգաբուի մէջ ալ շեշտուեցաւ, որ սա երկարաշունչ գործընթաց մը կ՚ենթադրէ, սակայն արդիւնքը կրնայ մշտական միջոցներ ստեղծել մեր համայնքին համար։
Ամփոփելով յայտնեք, որ 2017 թուականի տարեմուտին համայնքային օրակարգի խնդիրներուն առաջնահերթութիւնը յստակ է։ Որքան որ ալ հարցերը ժամանակի ընթացքին նոր երանգներ կամ չափումներ ստանան, ըստ էութեան, այս տարեմուտի համայնքային օրակարգը այդքան ալ տարբեր չէ նախորդներէն։ Պէտք է արձանագրել, որ մեր հաւաքական կեանքի խնդիրները երկար ժամանակէ ի վեր քիչ թէ շատ նոյն պատկերը կը պարզեն, սակայն անոնց լուծման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքին արդիւնքը յոյժ անբաւարար է։ Այսինքն, հարցերը յստակ են, սակայն անոնց լուծման հեռանկարները համեմատաբար պղտոր։ Այլ խօսքով, այս երեւոյթը ինքնին վիթխարի օրակարգ մը կը նշանակէ՝ որքան որ ալ համայնքի առկայ խնդիրներուն լուծումները երբեմն պայմանաւորուած ըլլան նաեւ համայնքէն դուրս լծակներէ կամ համայնքի կամքէն անկախ։ Հուսկ, պէտք է համաձայնիլ, որ մեր համայնքը առաջին հերթին պարտի միահամուռ ձեւով կեդրոնանալու այն աշխատանքին, այն գործին վրայ, որ հարիւր տոկոս կախում ունի իրմէ։ Մնացեալը արդէն կրնայ ինքնաբերաբար աւելի դիւրանալ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ