Նարինէ Աբգարեանի գրականութիւնը
Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի Բերդ աւանին մէջ ծնած, մեծցած, ապա Մոսկուա տեղափոխուած, այսօր հռչակ վայելող գրող՝ Նարինէ Աբգարեանը յաճախ կ՚անուանեն «ռուսական գրականութեան հայկական բոյրը»:
Անոր գիրքերը քանիցս ռուսական գրական միջավայրին մէջ դարձած են «պեսթսելըր»ներ, իսկ ան, քանի մը անգամ արժանացած է ռուսական գրական մրցանակներու, որոնցմէ վերջինը՝ «Եասնայա Պոլյանա» հեղինակաւոր գրական մրցանակն էր, որուն վերջերս արժանացաւ մեր հայրե-նակցուհին ողջ Ռուսաստանի տարածքին:
Նարինէ Աբգարեան գրող դարձած է պատահականօրէն: 1993 թուականին, երբ Հայաստանէն շատեր կը հեռանային, ան նոյնպէս, հեռացած է սահմանամերձ իր բնակավայրէն եւ աշխատանք փնտռելու համար մեկնած է Մոսկուա: Մինչ այդ, Երեւանի մէջ ան համալսարանական կրթութիւն ստացած է, իբրեւ ռուսերէն լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտ: Նարինէ Աբգարեան սկզբնական շրջանին աշխատած է Մոսկուայի «Ինթուրիստ» պանդոկի փոխանակման կէտին մէջ, որպէս գանձապահ: Իր կենսագրական գիրքին մէջ շատ լաւ կը նկարագրէ Հայաստանի հեռաւոր շրջանէն այս հսկայ քաղաքը հասած ներգաղթեալին հոգեբանութիւնը, մանաւանդ այդ տարիներուն, երբ կեանքը կը փոխուէր եւ խառն էր նաեւ Մոսկուայի մէջ: 90-ականներու այդ խառնիխուռն տարիներուն ան հաստատած է իր կայքը Մոսկուայի մէջ, սակայն մտքին ծայրէն իսկ չէ անցուցած, որ տասնհինգքսան տարի ետք կը դառնայ յայտնի գրականագէտ, գրող եւ կը ճանչցուի թէ՛ իր հայրենիքի, թէ՛ Ռուսաստանի մէջ:
Իր ընկերուհիին խորհուրդով, պանդոկին մէջ աշխատանքէն ետք Նարինէն նոր մասնագիտութիւն ձեռք բերած է՝ հաշուակալի գործ, սակայն շատ դժուար աշխատած է թուղթերու եւ հաշիւներու հետ, թէեւ ստիպուած եղած է որոշ ժամանակ այդ գործը ընել: Ինչպէս կը նկարագրէ՝ հաշուակալ աշխատելու հինգ տարիները իր կեանքի ամենէն դաժան տարիները եղած են, երբ վախով սպասած է ամսական հարկային ստուգումներուն, տարեկան հաշուետուութիւներուն, որոնք երբեք ճշգրիտ չէին ըլլար: Այդ դժուարութիւնները մոռացութեան տալու համար Նարինէ Աբգարեան «Կենդանի մատեանե»ի (LiveJournal) մէջ էջ մը բացած է, ուր իր մանկութեան զուարճալի պատմութիւնները սկսած է գրել՝ ինքզինք չոր առօրեայէն անջատելու եւ աշխատանքին հոգերը թեթեւցնելու համար:
Թերեւս այդ քայլն է, որ ճամբայ բացած է այս երիտասարդ կնոջ համար: Օր մը ան նամակ մը ստացած է ռուսական հրատարակչութենէ մը, որ կը հաւնին իր գրութիւնները ու կ՚ուզեն առանձին գիրքով մը հրատարակել զանոնք, եթէ ինք դէմ չէ: Բնականաբար դէմ չէր, եւ այդպէս, երեսունինն տարեկանին Նարինէ Աբգարեան կը դառնայ գրող: Իր առաջին գիրքը «Մանյունյա»ն էր (խորագիրը կնոջ անուն մըն է), որու հրատարակումէն ետք կը դառնայ Ռուսաստանի ազգային գրական մրցանակի՝ «Տարուան ձեռագրի» դափնեկիր՝ «Լեզու» անուանակարգին մէջ:
2011 թուականին անոր անունը տեղ գտած է ռուսաստանեան «Մեծ գիրք» անուանակարգի ցուցակին մէջ, ապա հրատարակուած է «Մանյունյա»ի երկրորդ մասը՝ «Մանյունյան կը գրէ երեւակայական վէպ» խորագրով:
2012 թուականին Մոսկուայի մէջ լոյս կը տեսնէ Նարինէ Աբգարեանի «Սեմյոն Անդրեւիչ. Տարեգրութիւն խծբծոցներով» վիպակը։
2013 թուականին գրողը ստացած է BABY-НОС («Նոր ռուսական բանահիւսութիւն») մրցանակը։ «Սիմյոն Անդրեւիչ. Տարեգրութիւն խծբծոցներով»ը հռչակուած է Ռուսաստանի վերջին տասնամեակի լաւագոյն մանկական գիրքը։ Մրցանակը սահմանած է Միխայիլ Պռոխորովի հիմնադրամը։
2013 թուականին Նարինէ Աբգարեանի գրիչով հրատարակուած է «Հսկան, որ կ՚երազէ ջութակ նուագել» հէքեաթը։ Գիրքը «Պարմամպուկ» հարթակին կողմէ հռչակուած է որպէս 2014 թուականի լաւագոյն մանկական գիրք։
Ոգեւորուած իր յաջողութիւններով եւ ընթերցողներու հսկայական բանակով, որոնք նամակներով իրենց հիացմունքը կը յայտնէին, ան իրերայաջորդ տարիներուն շարունակած է գիրքեր հրատարակել:
2014 թուականի Փետրուարին լոյս տեսած է գրողին «Մարդիկ, որոնք միշտ ինծի հետ են» վէպը, նոյն տարուան Դեկտեմբերին լոյս տեսած է «Շոքոլայէ պապիկը» մանկական գիրքը, որուն համահեղինակն էր Վալենթինա Փոսթիքովա։
2015 թուականին լոյս տեսած է «Երկինքէն ինկաւ երեք խնձոր» վէպը:
Այս վէպն է, որ անցեալ տարեվերջին արհեստավարժ յանձնախումբի մը կողմէ արժանացաւ «Եասնայա Պոլյանա» մրցանակին եւ հռչակուեցաւ լաւագոյնը «21-րդ դար» անուանակարգին մէջ:
Նարինէ Աբգարեան իբրեւ մրցանակ ստացած է 2 միլիոն ռուսական ռուբլիի չափով պարգեւատրում (մօտ 33 հազար ամերիկեան տոլար) եւ ուղեւորութիւն դէպի Հարաւային Քորէա: Իսկ «Եասնայա Պոլյանա»ն, որ թէեւ նոր մրցանակաբաշխութիւն է (հիմնուած է 2003-ին), սակայն ճանչցուած է համառուսաստանեան մակարդակով եւ կը տրուի այն գրողներուն, որոնց ստեղծագործութիւնները կը կրեն ռուս դասական գրականութեան մարդասիրական եւ բարոյական գաղափարները:
Մեր հայրենակցուհիին մրցանակի արժանացած «Երկինքէն ինկաւ երեք խնձոր» վէպը կը պատմէ լեռներուն մէջ գտնուող փոքրիկ հայկական գիւղի մը եւ անոր բնակիչներուն մասին:
Ոչ միայն այս ստեղծագործութեան, այլ նաեւ Նարինէ Աբգարեանի գործերուն մեծամասնութիւնը կը նկարագրեն հայաստանեան իրականութիւն, սակայն ան երբեք անոնց չի տար Հայաստան անունը: Իր ապրած կեանքը, մանկութիւնը, գիւղական պարզ առօրեան, գեղջկական բարութիւնը, արժէքները ան այնպէս կը նկարագրէ, որ անոնք կը դառնան համամարդկային, սիրելի՝ զանազան ազգերու պատկանող ընթերցողին: Ազգայինը ներկայացնելով, ան համամարդկային կը դարձնէ հայուն կեանքը, որ չի մնար սոսկ հայկականութեան նեղ սահմաններուն մէջ, ինչ որ գնահատելի մօտեցում մը կը նկատուի: Կ՚ըսէ, թէ՝ Խորհրդային Միութեան մէջ ծնած ըլլալը հնարաւորութիւն տուած է իրեն զգալու իր տունը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ռուսաստանի մէջ, քանի որ երկուքն ալ Խորհրդային Միութենէն անցած պետութիւններ են:
Նոյնն է նաեւ լեզուի պարագային. ան հաւասարապէս կը տիրապետէ թէ՛ հայերէնին, թէ՛ ռուսերէնին եւ մէկէն միւսը կրնայ սահուն անցում կատարել: Աւելին՝ իր «Մանյունյա» նշանաւոր վէպը, երբ հայերէնի թարգմանուեցաւ, թարգմանիչը գործածեց նաեւ Նարինէ Աբգարեանի ծննդավայրի բարբառէն պատառիկներ, ինչ որ մեծ հաճոյք պատճառեց Նարինէին:
«Մանյունյա» գիրքն է, որ ամենէն մեծ ժողովրդականութիւնը բերած է գրողին, այդ գիրքին մէջ Նարինէ Աբգարեան լիուլի կը նկարագրէ ժողովրդական սովորութիւնները, միւս կողմէ, գիրքին պատմութիւններուն ընդմէջէն կը ներկայացնէ հայկական ճաշերու չափեր՝ բաղադրութիւններ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ կին ընթերցողներուն համար:
Ինք կը խոստովանի, որ ոչինչ յօրինած է, ոչինչ կեղծած է, եղած է յոյժ անկեղծ իր անձին ու ճերմակ թուղթին առջեւ, հետեւաբար նաեւ՝ ընթերցողին առջեւ: Բայց հիմնական նիւթը, որ ան կը նկարագրէ այդ գիրքին մէջ, մարդկային ազնուագոյն յարաբերութիւններն են, որոնք իր ներսը բիւրեղեայ բարակ շերտերով դասաւոր-ւած են, եւ ան կը հանէ զանոնք դուրս եւ կը մատուցէ իբրեւ ժամանակակից գրականութիւն:
Այդ պատմութիւններուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ պատերազմը, որուն մէկ մասին ականատես եղած է, քանի որ Նարինէ Աբգարեան ծնած է պատերազմական աւանի մը մէջ: Իր ծննդավայրին մէջ չէ դադրած պատերազմը առ այսօր, գրողը ուշի ուշով կը հետեւի բոլոր իրադարձութիւններուն եւ կ՚արձագանգէ զանոնք:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ ան գրառում մը ըրաւ եւ իր բազմազգի ընթերցողներուն ներկայացուց իր ծննդավայրին մէջ տիրող իրավիճակը:
«Ատրպէյճանը յայտարարած է կրակի դադրեցման մասին, բայց մարտերը կը շարունակուին: Բերդի մասին. Մայրիկը քաջվարդերը (pion) կը ջրէ, կարկանդակ կը պատրաստէ սահմանէն 4 քիլօմեթր ասդին: Պատերազմը այսպիսին է, ինք հրանօթներով մեզ կը հարուածէ, մենք իրեն՝ քաջվարդերով ու կարկանդակով: Լեռնային Ղարաբաղի մասին. պիտի չյանձնենք: Ոսկորներով կը պահենք զայն, բայց չենք յանձնուիր, ոչ ոք այլեւս կը համարձակի մեր վրայ ձեռք բարձրացնել: Կը սպասենք խաղաղութեան»:
Նարինէ Աբգարեան մտադիր է նաեւ պատերազմի մասին պատմուածքներու ժողովածոյ մը կազմել: Երբ պատերազմական նիւթի մասին գրառումներ կը տեղադրէ համացանցին մէջ, ընթերցողներու արձագանգը բուռն կ՚ըլլայ: Պատերազմը նիւթ մըն է, որ կրնայ հաւաքել ընթերցողներու մեծ բանակ մը, մանաւանդ, որ այդ նիւթը կը ներկայացնէ մէկը, որ ապրած է զայն եւ նաեւ՝ գրելու ձիրք եւ տաղանդ ունի: Պատերազմը սարսափելի է, բայց նոյնքան գայթակղիչ է անոր մասին կարդալ. թերեւս մարդիկ կ՚ուզեն պատերազմի գրականութիւն կարդալով գտնել պայքարի ձեւեր՝ այդ արհաւիրքին դէմ:
Պատերազմի մասին Նարինէ Աբգարեանի գրառումներէն.
«Ինծի կը թուի, որ ես գրեթէ ամէն ինչ գիտեմ պատերազմի մասին: Օրինակ՝ պատերազմը խաթարուած տօներն են: Անոնք կը գնդակոծեն Մարտի 8-ին, Ամանորին՝ ուղղակի փճացնելու համար մարդոց տրամադրութիւնը: Ցանքի շրջանը կը գնդակոծեն՝ խանգարելու դաշտային աշխատանքները: Բերքահաւաքի շրջանին կը գնդակոծեն, որպէսզի մարդիկ մնան առանց պաշարի: Օրինակ՝ եթէ պատերազմ չըլլար, ես երբեք չէի գիտնար, որ տունին ամենէն անվտանգ տեղը նախասենեակն է եւ որ խճանկար ապակիներով դռները պէտք է ծածկել հաստ ծածկոցով, այլապէս բեկորները կրնան ծակել դուռը եւ անցնիլ մարմնիդ մէջ: Պատերազմի ամենէն ահաւոր բանն այն է, որ ան միշտ «քեզմէ բարձր է»: Ան է իրադրութեան տէրը, կը թելադրէ իր պայմանները: Այդ մէկը ահաւոր զայրացնող եւ ստորացնող է:
«Օր մը Բերդին մէջ անսպասելի հանդարտութիւն մը կը տիրէր: Արեւոտ եւ մեղմ էր եղանակը եւ հայրս որոշեց մեզ՝ իր երախաները, տանիլ բնութեան գիրկը: Բայց սկսաւ գնդակոծումը: Թաքնուելու տեղ չկար, նստանք ինքնաշարժին մէջ եւ գացինք տուն: Ճանապարհէն հայրս առաւ երկու հոգի եւս, որոնք գնդակոծման ժամանակ քաղաքէն դուրս կը գտնուէին: Նախ զանոնք տուն տարաւ, ապա՝ մեզ: Յետոյ հայրս հիւանդանոց գնաց, քանի որ բժիշկ է: Այս մէկը իմ հօրս՝ մեզի տուած թերեւս ամենէն կարեւոր դասն էր: Չեմ գիտեր՝ ինչ բան կրնայ աւելի ուժեղ ըլլալ, քան ծնողքի մը վախը երախային անվտանգութեան համար: Բայց մարդիկ մինչեւ այսօր կը բնակին գնդակոծման տակ: Օրինակ՝ ծնողքս մտադիր չէ լքել Բերդը: Ասիկա սկզբունքի հարց չէ, այդ մէկը անոնց ընտրութիւնն է: Երբ որ իմ տղաս ամուսնանայ, ես ալ կ՚երթամ հոն: Ես կը սիրեմ Երեւանը, բայց կ՚ուզեմ ըլլալ հոն, ուր անցած է մանկութիւնս, ուր ոչ ոք ինծի անունով կը դիմէ: Ես ուղղակի Փաշոյեանց Եուրիկին մեծ աղջիկն եմ: Գրող ըլլալը տեղւոյն բնակիչներուն համար հպարտութեան առիթ մը չէ: Անոնք իմ յաջողութեան կը վերաբերին, ինչպէս ինքնստինքեան ենթադրուող բանի մը:
«Կ՚ատեմ, երբ մարդիկ կը պարծենան իրենց ազգային պատկանելիութեամբ կամ հայրենասիրութեամբ: Չեմ հասկանար, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ճչալ հայրենիքի հանդէպ սիրոյ մասին: Այս մէկը նուիրական զգացում մըն է, որ հաւասարազօր է Աստուծոյ հանդէպ հաւատքին: Հայրենիքը պէտք է գործով սիրել։ Ծեր մարդուն փոխարէնը վճարէ խանութին մէջ, մաքրէ աստիճանավանդակը, եթէ աղտոտ է, բարեւէ դրացիներուդ: Հայրենիքի հանդէպ սէրը մանրուքներէն սկիզբ կ՚առնէ: Ես կը հպարտանամ մեր երախաներով եւ ծերերով: Մեծմայրս կ՚ըսէր, որ անոնք ամենէն մօտն են երկինքին, քանի որ ծերերը գիտեն, որ շուտով պիտի մեկնին, իսկ երախաները նոր եկած են հոնկէ եւ կը յիշեն երկինքի հոտը: Կը կարծեմ, որ ծերերն ու երախաները մեզ՝ հասուն մարդիկը, հարիւր անգամ աւելի ուժեղ կը դարձնեն: Մենք կ՚ապրինք անոնց շնորհիւ»:
Խօսելով իր արմատներուն մասին, Նարինէ Աբգարեան կը յայտնէ, որ իր մեծհայրերը Բերդ հասած են պատմական Հայաստանէն եւ ինք ունկնդիրը եղած է անոնց պատմութիւններուն, որոնք իրեն տուած են ինքնութիւն, սակայն եկած է պահ մը, որ Նարինէ Աբգարեան անոնցմէ ազատագրուելու փափաքը ունենայ։ Ահա թէ ինչ կ՚ըսէ այդ առումով.
«Պարզ մարդոց համար անհրաժեշտ է կամուրջներ կառուցել: Չի կրնար ան մշտական դառնութեան զգացումով եւ ցաւի մէջ ապրիլ: Անոնք քայքայիչ զգացողութիւններ են, անոնք մեզ կ՚ուտեն ներսէն»:
Անոր գրականութիւնը թերեւս կու տայ շատ հարցերու պատասխաններ։ Հարցեր, որոնց առջեւ շուարած կեցած է մեր ժամանակներու մարդը: Գրականութիւնը չի ձգեր, որ մարդ մոլորի: Ան կը բռնէ մարդու ձեռքը: Նարինէ Աբգարեանի գրականութիւնը ուղեկորոյս մարդու համար է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ