ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ՕՐՀՆԵՑ ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄԸ

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ար­հես­տա­վարժ բռնցքա­մար­տի աստ­ղե­րէն Ար­թուր Աբ­րա­հա­մի հետ, որ WBO վար­կա­ծով աշ­խար­հի նախ­կին ա­խո­յեանն է։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­յազ­գի մար­զի­կը Հռո­մի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին նուի­րեց իր ձեռ­նոց­նե­րը ու պատ­մեց մար­զա­կան աշ­խար­հէ ներս տա­րած գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սրբա­զան Պա­պը օրհ­նեց Ար­թուր Աբ­րա­հա­մի ա­խո­յե­նու­թեան գօ­տին։ 

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2017