ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ ներկայիս կ՚ապրուին կարեւոր իրադարձութիւններ։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան Նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիս միջոցէ մը ի վեր արդէն կը ծաւալէին խտացեալ աշխատանք։ Գործընթացը վերջին իրադարձութիւններով հասունութեան այն մակարդակին հասաւ, որ երէկ առաջին անգամ Ժընեւի բանակցութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ երաշխաւոր երկիրները՝ Թուրքիա, Յունաստան եւ Անգլիա, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս։ Այս վերջինը տանտէրի հանգամանքով մասնակցեցաւ բանակցութիւններուն։ Ժընեւի մէջ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոճիաս հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Չավուշօղլու մատնանշեց, որ Թուրքիա երեք հիմնական պահանջ ունի այս փուլին։ Անոնք են՝ երաշխաւորութեան դրութեան տեւականացումը, հակամարտութեան կարգաւորման Եւրոմիութեան անփոփոխելի ու գերակայ իրաւունքի մաս կազմելը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներուն նոր Կիպրոսի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիներուն ունեցած չորս հիմնական ազատութեան տիրանալը։ Այդ ազատութիւններն են՝ ազատ շրջագայութիւնը, տեղակայումը, գործատեղի բանալն ու կալուած ձեռք բերելը։
Ժընեւի մէջ թէ՛ Քոճիաս եւ թէ Անաստասիատիս վերապահութեամբ արտայայտուեցան երաշխաւորութեան դրութեան տեւականացման նիւթին շուրջ։