ՈՉ ԵՒՍ Է ՎԱՀՐԻՃ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը ունեցած է ծանր կորուստ մը։ Այսպէս, հաստատութեան առաջին շրջանաւարտներէն Վահրիճ Չափարեան կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր ցաւ պատճառելով թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ համայն դպրեվանքցիներուն։ Վահրիճ Չափարեան դպրեվանքցիներու «Պապա Վահրիճ»ն էր։ Բարձր ճարտարապետ էր ու միեւնոյն ժամանակ կեանքի ողջ տեւողութեան եղած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորը. ունէր ուրարակիր դպիրի աստիճան։
Վահրիճ Չափարեան ծնած էր 1937 թուականին Անտիոքի Պիթիաս գիւղին մէջ։ Փոքր տարիքին ուսման համար եկած էր Պոլիս։ Նախակրթարանի ուսումը ստացած էր Գարակէօզեան Տան մէջ։ Աւելի վերջ աշակերտած էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքին։ Իր աշակերտութեան տարիներուն տակաւին բաց էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընծայարանի բաժինը, հետեւաբար այնտեղ հետեւած էր Աստուածաբանութեան։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն վկայուելէ վերջ բարձրագոյն ուսումը շարունակած էր Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանէն ներս։ Թաշքըշլայի մասնաճիւղին մէջ հետեւած էր ճարտարապետական ճիւղին։ Հինգ տարուան ուսումնական շրջանէ մը վերջ վկայուած էր որպէս բարձր ճարտարապետ։
Վահրիճ Չափարեանի կորուստով մեզմէ հրաժեշտ կ՚առնէ թրքահայ համայնքի երէց սերունդի շատ խորհրդանշական դէմքերէն մին, որ կը վայելէր մեծ յարգանք ու համակրանք։ Վահրիճ Չափարեան ընկերային կեանքէ ներս բարի համբաւ ձեռք բերած անուն մըն էր ու կը համարուէր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի սիւներէն։
Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի ծանուցուի ընտանեկան մահազդով։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու կը վշտակցինք իր ընատիքին, մանաւանդ իր քոյրերուն՝ բազմավաստակ կրթական մշակ Շողեր Չափարեանին, Տէր եւ Տիկին Նուպար-Շիրվան Եըլտըզին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի համայն ընկերներուն։