Որոնում

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին եր­կար քննար­կում­ներ ծա­ւա­լուե­ցան, թէ ինչ պէտք է ը­նէ մեր հա­մայն­քը յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին։ Կան­խաւ պէտք է ը­սել, որ մեր աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը շատ յա­պա­ղած են այս նիւ­թին վրայ ծան­րա­նա­լու հա­մար։ Ետ մնա­ցած են մեր հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րէն։ 

VADİP նիւ­թը նկա­տի ա­ռաւ՝ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լուի հրա­ւէ­րով ան­ցեալ ա­միս Ան­գա­րա­յի մէջ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած ընթ­րի­քին ըն­թաց­քին ծա­ւա­լուած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ Այլապէս տագ­նապողներ չկային։ Մնաց որ, Տիար­պա­գը­րի ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին փոր­ձած էր շօ­շա­փել այս նիւ­թը, իսկ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը դրսե­ւո­րած էին ան­տար­բե­րու­թիւն։ 

Հի­մա խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ կան, թէ կարգ մը շրջա­նակ­ներ խոր­հուրդ կու տան մեր հա­մայն­քին կող­մէ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին յայ­տա­րա­րու­թեան մը հրա­պա­րակ­ման հա­մար։ Լսում­նե­րը պղտոր ձե­ւով մա­տու­ցուե­ցան ե­րէկ։ 

Մեր հա­մոզ­մամբ, կարճ խօս­քով, այս ո­րո­նում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ VADİP-ի կող­մէ ա­ռա­ւե­լա­գոյն հա­սու­նու­թիւն եւ հե­ռա­տե­սու­թիւն կ՚ըլ­լայ նման նիւ­թե­րու պա­րա­գա­յին եր­բեք չկան­խել Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի քայ­լե­րը եւ որ­պէս կեդ­րոն հե­տե­ւիլ ա­նոր՝ մեր հա­մայն­քի գե­րա­գոյն շա­հե­րուն եւ մեր քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2015