Վերականգնենք Ինչ Որ Վստահուած Է Մեզի
«Մենք բոլորս լոյս աշխարհ եկած ենք աշխատանքի մեր բաժնին մասը կատարելու համար: Իսկ չէ՞ որ ձեզի վիճակ-ւած է ապագան ստեղծել, աշխարհը աւելի լաւ դարձնել, քան ինչ որ է այսօր»։
ՖՐԻՏԻՈՖ ՆԱՆՍԵՆ
Մենք երկրագունդի վրայ գոյութիւն ունինք իրականացնելու համար մեր ստեղծիչին երազները: Հրաւիրուած ենք որոշ ժամանակ ապրելու համար երկիր մոլորակի վրայ…
Երկիր մոլորակի վրայ գոյութիւն ունեցող ամէն բանի մէջ կը տիրէ կարգ ու կանոն. մոլորակային հաշուարկներէն եւ չափերէն սկսեալ մինչեւ մրջիւնի մը ծնունդին մէջ ամենափոքրիկ մանրամասնութիւնն անգամ հաշուըւած է. հետեւաբար մենք եւս, իբրեւ այս մոլորակի անդամներ եւ նախախնամութեան նպատակները իրականացնելու կանչուածներ, մեր առօրեային մէջ պէտք է մտցնենք կարգ ու կանոն՝ կատարելագործելու համար մենք զմեզ եւ յաջող անձեր ըլլալու համար:
Պէտք է ըլլանք դրական անձեր: Յաջող անձեր կրնանք ըլլալ, եթէ դրական կեցուածք կամ մօտեցում ունենանք: Աստուածորդին Երկրի վրայ ապրած իր ամբողջ ընթացքին միշտ սրբագրելիք բաներ ունէր եւ՝ դրական կեցուածք: Ոչ մէկ բան կորսուած կամ անպէտք պէտք է համարել, ամէն բանի մէջ կարելի է տեսնել յոյս մը՝ բարեփոխելու զայն դէպի լաւը: Մենք շատ յաճախ կ՚աճապարենք թափելու այն բանը, որ անյոյս կը թուի մեզի… Քրիստոս միշտ լաւ բաներ ունէր մարդոց տալու համար. մենք մեզ վարժեցնենք ըլլալու դրական. մարդիկ չեն սիրեր բացասական անձնաւորութիւնները կամ անոնց հետեւիլը…
Բնաւ չդժգոհինք մեզի հակասող մարդոց համար, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ մեզի տալիք բան մը ունի, կամ՝ մենք անոր…
Երբ կը գործենք Աստուծոյ հետ եւ իր չափանիշներով, իր երազները կ՚ըլլան մեր երազները, նաեւ իր տեսիլքները՝ մեր տեսիլքները… անոր համար ալ, Ան իր կարողութիւնները կը փոխանցէ մեզի, Ան իր զօրութենէն կը փոխանցէ մեզի, որպէսզի կարենանք իր տեսիլքը իրականացնել:
Քանի որ Ան մեզի հետ է, ինչ որ ընենք, պիտի յաջողի, եթէ իր թագաւորութեան համար է եւ իր կամքին համաձայն: Նոյնիսկ մեր ձախողութիւնը անիկա յաջողութեան պիտի վերածէ, եթէ մենք իրեն կը վստահինք: Անիկա բլուրները հաւասարեցնելու եւ լեռներ տեղափոխելու զօրութիւնը ունի… Եթէ նոյնիսկ չկարենանք մեր կեանքին մէջ գտնուող լեռը կամ դժուարութիւնը վերցնել, մենք Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի կարենանք այդ լերան վրայէն նայիլ…
Եթէ մենք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք ուրեմն անկարելի բաները կարելի դարձնելու կարողութիւնը պիտի ունենանք:
Նէեմեայ եբրայեցի մըն էր եւ գերի տարուած էր Ասորեստանի Շուշան մայրաքաղաքը, որ ներկայի Իրաքի սահմաններուն մէջ կը գտնուէր: Թագաւորին մատռուակն էր. գիտէր, որ Աստուած իր կեանքին համար ծրագիր մը ունէր եւ զինք որոշ նպատակի մը համար ստեղծած էր: Աստուածաշունչի պատմական գիրքերուն մէջ Նէեմեայ գիրքը այս հերոսին կողմէ գրուած է: Գիրքին առաջին գլխուն մէջ՝ «Նէեմեայ Ա.» անիկա նկարագրած է, թէ ինչպէս իր հայրենիքը շատ վատ վիճակի մէջ էր, Երուսաղէմի պարիսպները քանդուած, իսկ դռները այրած էին: Ան խղճաց իր ժողովուրդին, ցաւակցեցաւ անոնց, թէեւ հեռու էր անոնցմէ, բայց ուզեց օգտակար դառնալ անոնց ելք մը գտնել այս վիճակէն դուրս գալու համար: Աստուածային սէրը ստիպեց իրեն, որ ծանրաբեռնում զգայ իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին նկատմամբ: Մղուեցաւ գործի, իսկ նախախնամութիւնը օգնեց անոր, որ ան հասնի իր նպատակին:
Նէեմեայ սուգ ըրաւ, ծոմ պահեց եւ աղօթեց: Ծոմ պահել՝ կը նշանակէ կեդրոնանալ Աստուծոյ եւ անոր ամենազօր կարողութիւններուն վրայ: Աստուած կրնայ բոլոր բացասական բաները փոխել դրականի, Ան ամենակարող է:
Աղօթեց, Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեց: Մանանեխի հատիկի չափ եթէ հաւատք ունենանք, բան մը անհնարին պիտի չըլլայ մեզի համար: Մանանեխի հատիկի չափ հաւատքը այն հաւատքն է, որ կը գիտակցի, թէ ինք ամբողջութեամբ Աստուծմէ կախեալ է: Երբ գիտակցինք այս իրականութեան, աստ-ւածային զօրութիւն պիտի բխի մեր մէջէն:
Նէեմեայ գերի մըն էր, որուն ձեռքէն ոչինչ կու գար, բայց իր աղօթքը զօրութիւն ունէր եւ պատասխան ստացաւ:
Եթէ մենք մաս չկազմենք այն գործին, որուն համար նախասահմանուած ենք, ուրիշ մը մեր տեղը պիտի գրաւէ: Աստուած նոյնիսկ շնորհք գտնել պիտի տայ մեզի հոն, ուր ակնկալելը դժուար է:
Հաւատքի քայլ առնել եւ քաջ ըլլալ: Նէեմեայ համարձակ էր եւ նախաձեռնող «Նէեմեայ 2.2-5»:
Ե՞րբ քայլ առնել: Աղօթքով հարցնենք Աստուծոյ, թէ Ան երբ կ՚ուզէ, որ սկսինք: Նէեմեայ աղօթեց եւ Աստուած անմիջապէս պատասխանեց: Թագաւորը առանց անոր նոյնիսկ մէկ բառին, նշմարեց Նէեմիայի տրտմութիւնը եւ հարցուց, թէ ի՞նչ կրնար ընել իրեն օգտակար դառնալու համար:
Մեզմէ ոմանք սխալ ժամանակ կ՚ընտրեն: Ժամանակը կարեւոր է:
Սպասումի վիճակը կորսուած ժամանակ չէ: Երբ դուն տեսիլք մը ունիս, եւ Աստուած կ՚ուզէ, որ սպասես, մի՛ յուսահատիր:
Թերեւս դժուար է սպասելը, բայց հաւատա՛, որ այդ սպասման միջոցին Ան քու վրադ կ՚աշխատի: Կը կոփէ քու կամքդ:
Երբ կը հաւատաս, պատրա՛ստ եղիր տեսնելու Աստուծոյ հրաշքները:
Աստուած ոչ միայն դուռը կը բանայ, այլ նաեւ քեզի պէտք եղած զէնքերը կու տայ աշխատելու եւ գործելու համար:
Եթէ մեր կարիքը քիչ է, քիչ պիտի տայ, եթէ շատ է, շատ պիտի տայ: Եթէ մեծ է մեր տեսիլքը, մեզի մեծ կարելիութիւններ պիտի տայ: Մեծութիւնը չի կայանար մեր որքան ունենալուն մէջ, այլ որքան տալուն մէջ:
Նէեմեային սահմանները անցնելու հրաման «ԱՆՑԱԳԻՐ» տրուեցաւ, որ անկարելի բան մըն էր գերիի մը համար: Նաեւ փայտ տրուեցաւ թագաւորին անտառէն, որպէսզի երթայ եւ վերաշինէ իր աւերուած քաղաքին պարիսպները:
Այն անձը, որ բնաւ չէ ինկած կամ ձախողած, չի կրնար մագլցիլ կամ բարձրանալ: Ձախողութիւնները յաջողութեան բանալիներն են: Մեր տկարութիւնները հնարաւորութիւն կու տան Աստուծոյ, որ Ան ցոյց տայ իր զօրութիւնը:
Յաջող անձերը անոնք են, որոնք կ՚աշխատին երեւան հանել ուրիշներու կարողութիւնները:
-Մեր տեսիլքի ճամբուն վրայ շատերէ պիտի մերժուինք, պէտք է նախատեսենք այս մէկը, բայց հաստատօրէն պէտք է գիտնանք, որ Աստուած անպայման պիտի փոխարինէ մեր վնասները, երբ իրեն համար կը մերժուինք ուրիշներէ:
Հոգեւոր հասունութեան ամենակարեւոր նշանն է՝ երբ վստահ ըլլանք, թէ Աստուած մեզ բռնած է, նաեւ այն, երբ կը խոնարհինք Աստուծոյ առջեւ, կրնանք կանգնիլ եւ համարձակութիւն ունենալ մարդոց առջեւ, ինչպէս Նէեմեան համարձակեցաւ իր հարցը արտայայտելու թագաւորին առջեւ:
Երբ սկսիս գործի մը, մի՛ մտահոգուիր, որ կարելիութիւններ չունիս, քու պակասներդ թաքուն օրհնութիւններ են, որոնք Աստուծոյ ձեռքը ցոյց պիտի տան քեզի: Հարցերը միայն պահուած առիթներ են: Նէեմեան թագաւորին քով գերի պիտի տարուէր, որ հետագային թագաւորին օգնութեամբ իր երկիրը կառուցէր:
Ելից 9.16-ի մէջ Աստուած կ՚ըսէ Մովսէսի. «Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու ամբողջ երկրին մէջ իմ անունս պատմուի»:
Մեր հոգին աչքեր ունի: Կրնանք Աստուծոյ գործերը հոգիով տեսնել: Թէեւ մեր մարմինը սահմանափակ է, բայց մեր հոգիին աչքերը անսահմանը կը տեսնեն:
Երկու հիւանդներ նոյն սենեակը կը բաժնեկցէին միասին հիւանդանոցի մը մէջ: Մէկը միշտ պառկած պէտք էր մնար կռնակին վրայ անկողինին մէջ, իսկ միւսը օրը մէկ ժամ իրաւունք ունէր նստելու պատուհանին կողքը: Երբ ան գար պատուհանին մօտ, իր հիւանդ ընկերոջ համար, որ չէր կրնար շարժիլ, այնպիսի հիանալի պատկերներ կը նկարագրէր, որ պառկածը կարենար դիտողի մը չափ ուրախանալ: Կը պատմէր, թէ ինչպէս երբ զեփիւռը բարձրանար, ծառերը Աստուած կ՚օրհնէին: Լճափին մանուկներ կը խաղային եւ հորիզոնը որքան գեղեցիկ էր:
Պատուհանէն գեղեցկութիւններ նկարագրող հիւանդը կը մահանայ, իսկ կռնակին վրայ անշարժ պառկողը կը խնդրէ, որ զինք փոխադրեն անոր անկողինը եւ գլուխը դժուարութեամբ կը բարձրացնէ տեսնելու համար անոր տեսածները: Մեծապէս կը զարմանայ ան, երբ իր դիմաց ցցուած կը տեսնէ միմիայն պատ մը: Հարց կու տայ հիւանդապահուհիին, թէ իր ընկերը ինչպէ՞ս չէր կրցած տեսնել այդ պատը, հիւանդապահուհին կը պատասխանէ, թէ, մահացող հիւանդը կոյր մըն էր եւ նոյնիսկ այդ պատը չէր կրնար տեսնել:
Աստուած ալ կ՚ուզէ, որ իր գործերը մենք իր հոգիի աչքերով տեսնենք եւ շօշափենք: Մարդկային աչքերով չնայինք իր գործերուն: Ան մեզի ցոյց պիտի տայ՝ ի՛նչ ընել եւ ո՛ւր երթալ: Ան կ՚ուզէ, որ մեր հոգիին աչքերով տեսնենք աներեւոյթը, նաեւ տեսնենք մեր թշնամին՝ չարը:
Լաւ պէտք է գիտնանք, որ մեր թշնամիները անձեր չեն: Յիսուս մեռաւ, որպէսզի ամբողջ մարդկութիւնը փրկէ: Ուրեմն ոչ թէ անձերը պէտք է պարտութեան մատնենք, ապա՝ չար ուժերը:
Ամէն չար ուժ պիտի խոնարհի Յիսուս Քրիստոսի առջեւ: Յիսուսի հոգին երբ քու մէջդ է, քու առջեւդ պիտի խոնարհին բոլոր չար ուժերը:
Աստուծոյ հոգին կ՚ուզէ առաջնորդել իրեն պատկանող ժողովուրդը: Շատ անգամ Աստուծոյ հոգին կ՚ուզէ փոխել մեր ուղղութիւնը եւ մեզ ուրիշ տեղ ղրկել:
Պօղոս առաքեալ թէեւ զգայուն էր Սուրբ Հոգիին ձայնին, բայց Աստուած անոր ուղղութիւնը փոխեց: Աստուած շատ անգամ հակառակ կը կենայ մեր ծրագիրներուն, բայց պէտք է զգայուն ըլլանք, որ կարենանք զանազանել Անոր ձայնը:
Աստուած ծրագիր ունի մեզի համար, պէտք է նո-րոգուին մեր մտքերը, փոխուի մեր բնաւորութիւնը: Ան կ՚ուզէ, որ մենք, իբրեւ հայ ազգ, պտղաբերինք, անոր համար ալ պէտք է փոխուին մեր նկարագրային բացասական կողմերը: Միշտ ալ կրնանք փոխուիլ. բոլոր այն գէշ պայմանները, որոնց մէջ կ՚ապրինք, մեր կոփուելուն համար են: Ան կ՚ուզէ մեզ յղկել, որ գեղեցկանանք:
Իւրաքանչիւր անձի մէջ ոսկիի հանք մը կայ, որ մենք չենք տեսներ, պէտք է այդ ոսկիին վրայ դարձնենք մեր ուշադրութիւնը: Աստուծոյ ներկայութիւնը պիտի տեսնենք մարդոց մէջ, երբ նայինք անոնց դրական կէտերուն:
Աստուծոյ հոգին նուրբ եւ զգայուն հոգի է. երբ կոշտութեամբ վարուինք մարդոց հետ, Ամենակալին հոգին կը տրտմի:
Աստուած կ՚ուզէ շինել եւ վերակառուցել մեզ՝ նախ իբրեւ անհատ, ապա՝ իբրեւ ժողովուրդ եւ ազգ:
Ի՛նչ դրական բանի մասին, որ մտածենք, անիկա պիտի իրականանայ: Եթէ ձախողութեան մասին մտածենք, պիտի ձախողինք, յաջողութեան մասին եթէ մտածենք, պիտի յաջողինք:
Աստուած ինք պիտի գործէ մեր տեղը, եթէ Սուրբ Հոգին ունենանք:
Պետրոս Յիսուսը ուրանալէն տակաւին քանի մը վայրկեան առաջ կ՚ըսէր. «Տէ՛ր, ո՛ւր որ երթաս, ետեւէդ պիտի գամ». բայց հակառակ Պետրոսի ուրացումին՝ Յիսուս անոր ձախողածի աչքով չնայեցաւ, որովհետեւ տակաւին Սուրբ Հոգին չէր ստացած: Բայց յետոյ ան կրցաւ Աւետարանը վկայել 3000 հոգիի:
Երբ ձախողինք, Աստուած մեզ դարձեալ կ՚արժեւորէ, քանի որ մենք գոյութիւն ունինք այս աշխարհի վրայ, որ Աստուծոյ երազները իրականացնենք, ոչ թէ՝ մարդոց կամ այս աշխարհին պատկանող բաներ:
Շատ մեծ տարբերութիւն կայ ինծի՝ մարդոց նայելուն եւ Աստուծոյ նայելուն միջեւ: Ինչպէս որ Դաւիթ իր եղբայրներուն մէջ կրտսերը ըլլալուն համար չբեր-ւեցաւ, որ զինք ընտրէին, եւ նկատի չէին առած զինք, բայց Ան Աստուծոյ աչքին ապագայ թագաւոր էր:
Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած սէրը պիտի լծէ մեզ գործի:
Աստուծոյ գործը առանց քեզի կամ ինծի՝ կիսատ կը մնայ, չ՚ամբողջանար: Մենք կանչուած ենք վերականգնելու եւ վերաշինելու թշնամիին կամ չարին աւերածն ու քանդածը: Մենք Աստուծոյ տեսիլքին եւ թագաւորութեան անդամներն ենք: Աստուած պիտի գործածէ մեզ նաեւ իր թագաւորութիւնը կառուցելու համար: Պիտի բանայ Ան մեր հոգիին աչքերը, որպէսզի կարենանք տեսնել անտեսանելին: Երբ իր քայլերուն հետ ընթանան մեր քայլերը, մեզի համար իր պահուած գաղտնիքները պիտի բանայ: Քանի որ մենք գոյութիւն ունինք այս աշխարհի վրայ Աստուծոյ երազները իրականացնելու համար:
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ