ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԴԷՊՔԷՆ ՎԵՐՋ

Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ծանր դէպ­քէն ետք իս­րա­յէ­լեան ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­ներ ա­րա­գօ­րէն կը պա­շա­րէին Ֆա­տի Քան­պար ա­նու­նով պա­ղես­տին­ցիին տու­նը:

Քան­պար (28 տա­րե­կան) բեռ­նա­տար կառ­քը «քշած է­ր» իս­րա­յէ­լա­ցի զի­նուորնե­րու ուղ­ղու­թեամբ՝ սպան­նե­լով ա­նոնց­մէ չոր­սը ու սպան­նուե­լով դէպ­քին վայ­րը գտնուող ան­ցորդ­նե­րէն մէ­կուն բա­ցած կրա­կով:

Ի տես այս գոր­ծո­ղու­թեան, Իս­րա­յէ­լի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րի­յէ Տար­հի յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով կ­­՚ը­սէր, որ Քան­պա­րի ան­մի­ջա­կան հա­րա­զատ­նե­րուն կե­ցու­թեան ար­տօ­նագ­­րե­րը գրա­ւուած են, մինչ բա­նա­կի մաս­նա­յա­տուկ ջո­կատ­ներ կը զննէին ա­նոր Ժա­պալ Ալ Մաք­պէր ա­ւա­նին մէջ գտնուող բնա­կա­րա­նը եւ կը սպա­սէին զայն քան­դե­լու ազ­դան­շա­նին:

Ու­շագ­րաւ էր, որ Քան­պար չէր պատ­կա­ներ ո­րե­ւէ կու­սակ­ցու­թեան ու ան իս­րա­յէ­լեան ա­պա­հո­վա­կան ու­ժե­րուն հետ ոչ մէկ հարց ու­նե­ցած էր: Քան­պա­րի տաս­ներ­­կու քոյ­րե­րը կը հար­ցաքն­նուէին, իսկ ա­նոր մայրն ու չորս ան­չա­փա­հաս­նե­րու մայր կի­նը քա­նի մը ժա­մով կը բան­տար­կուէին:

Ամ­բողջ ա­րա­բա­կան եւ իս­րա­յէ­լեան լրա­հո­սը լե­ցու­ցած ող­բեր­գա­կան դէպ­քը կը դառ­նար մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան քա­ղա­քա­կան ան­ցու­դար­ձե­րու «թոփ նիու­զ­»ը:

Կող­մի մը հա­մար՝ (պա­ղես­տի­նեան) հե­րո­սա­կան եւ միւս կող­մին հա­մար (իս­րա­յէ­լեան) ա­հա­բեկ­չա­կան հա­մա­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ոչ միայն իր վրայ կը սե­ւե­ռէր Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի զար­գա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւող դէ­տե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը, այլ ա­ւե­լին՝ կու գար փաս­տե­լու, որ պաղես­տի­նա-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կրնայ դար­ձեալ բոր­բո­քիլ ու սուր մագլ­ցում ար­ձա­նագ­րե­լով ա­ւե­լի եւս տագ­նա­պի ա­ռաջ­նոր­դել, ա­ռանց ա­նոր ալ ան­հան­գիստ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը:

Դէպ­քէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու կ՚այ­ցե­լէր շրջան եւ լրագ­րող­նե­րուն հետ խօ­սե­լով կը յայ­տա­րա­րէր, որ դէպ­քին ե­տին կը կանգ­նի Ի­ՇԻՊ-ը («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում): Նե­թա­նի­յա­հու­ի հա­մար սպա­ննուած հինգ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րուն ա­րիւ­նը ձե­ւով մը կը դառ­նար փրկու­թեան լաստ: Դէպ­քէն օ­րեր ա­ռաջ իս­րա­յէ­լեան մա­մու­լը ո­ղո­ղուած էր Նե­թա­նի­յա­հու­ի ա­պօ­րի­նի կեր­պով դրա­մա­կան աղ­բիւր­նե­րու շա­հարկ­ման նիւ­թե­րով: Տա­կա­ւին կա­յին կող­մեր, ո­րոնց կար­ծի­քով Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը կը չա­րա­շա­հէր իր պաշ­տօ­նը եւ իր կա­պե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով դրա­մա­կան մեծ գու­մար­ներ կ՚իւ­րաց­նէր:

Ճիշդ է, որ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին հա­մար Իս­րա­յէ­լը յայ­տա­րա­րուած է որ­պէս թշնա­մի տէ­րու­թիւ­ն։ Բայց եւ այն­պէս փաստ է, որ այդ երկ­րի դա­տա­կան հա­մա­կար­գը տա­րա­ծքաշր­ջա­նին մէջ ծա­նօթ է որ­պէս բա­ւա­կա­նին ար­դար հիմ­քե­րով հա­մա­կարգ, ո­րուն ա­տեան­նե­րուն առ­ջեւ ե­թէ հարկ ըլ­լայ կը դա­տուին նոյ­նիսկ երկ­րի ղե­կա­վար­նե­րը՝ վար­չա­պետ­նե­րը:

Ու­րեմն քա­ղա­քա­կան կեան­քին ա­տակ Նե­թա­նի­յա­հու դէպ­քի վայր կը հաս­նէր իր քթին տակ պա­հե­լով մեծ քմծի­ծաղ մը: Իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը են­թար­կուած էր յար­ձակ­ման, հե­տե­ւա­բար ամ­բողջ երկ­րի օ­րա­կար­գը մէկ վայր­կեա­նէն միւ­սը փո­խուած էր եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցը դար­ձած էր ա­ռաջ­նա­յին խնդիր:

Տե­ղին կը հա­մա­րեմ նշել, որ Նե­թա­նի­յա­հուին այս այ­ցե­լու­թեան ի­րեն կ՚ըն­կե­րակ­ցէր Իս­րա­յէ­լի պա­տե­րազ­մի նա­խա­րար Ա­ւեկ­տոր Լի­պըր­ման։ Ան իր կար­գին դէպ­քը կը դարձ­նէր յար­մա­րա­գոյն ա­ռիթ, գո­վա­սա­նա­կան խօս­քեր ը­նե­լու իր ան­դա­մակ­ցած կա­ռա­վա­րու­թեան մա­սին, որ իր կար­ծի­քով մեծ ճի­գեր կը գոր­ծադ­րէր պա­տեր­զա­մե­լու հա­մար ամ­բողջ աշ­խար­հը վտան­գի են­թար­կող ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ:

Նե­թա­նի­յա­հու եւ Լի­պըր­ման ի­րենց խօս­քե­րուն մէջ զու­գա­հեռ­ներ կը գծէին մէկ կող­մէ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ե­ղած դէպ­քին, իսկ միւս կող­մէ Դեկ­տեմ­բե­րին Պեր­լի­նի ու ան­կէ ա­ռաջ ալ Ֆրան­սա­յի Նիս քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «ինք­նա­շարժ­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րու­ն» մի­ջեւ: Ըստ ի­րենց, ե­ղա­ծը շա­րու­նա­կու­թիւնն էր այդ դէպ­քե­րուն ու այդ ա­ռու­մով կը յայ­տա­րա­րէին, որ իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը կա­րե­ւոր կար­գադ­րու­թիւն­ներ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ նման յար­ձա­կում­նե­րը կան­խե­լու հա­մար:

Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէր, որ Իս­րա­յէլ նման մի­ջո­ցա­ռում մը գոր­ծի կը դնէր, մոռ­նա­լով, որ տուն քան­դե­լը, ձեր­բա­կա­լե­լը, սպան­նե­լը ոչ մէկ ձե­ւով կը ծա­ռա­յեն պա­ղես­տի­նա-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման:

Իր կար­գին, իս­րա­յէ­լեան մա­մու­լի մէ­կէ ա­ւե­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ բա­ւա­կան «վրան բա­ց» քննար­կում­ներ կը կա­տա­րէին: Բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէր, որ դէպ­քի վայր գտնուուղ իս­րա­յէ­լա­ցի­ներ (մեծ մա­սը սպա­յից վար­ժա­րա­նի զի­նա­կո­չիկ­ներ) պա­տա­հա­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք ի­րենց զէն­քե­րով դի­մած են փա­խուս­տի: Մինչ վար­չա­պետն ու իր հա­մա­խոհ­նե­րը կը փոր­ձեն «մէկ­դի դնել» այս փաս­տը, ան­դին յայտ­նի լրագ­րող­ներ այս մա­սին գրե­լով ե­րե­ւան կը հա­նէին անց­նող ե­րեք տա­րի­նե­րուն մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռիթ­նե­րով քննար­կու­թեան դրուած իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կին «մար­տու­նա­կու­թեան խնդի­րը»: Ե­ղա­ծը հեր­թա­կան ա­պա­ցոյց կրնայ ըլ­լալ այն մա­սին, թէ այդ երկ­րի բա­նա­կին մա­սին առ­կայ «ա­ռաս­պե­լա­յի­ն» բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը այ­սօր կը պատ­կա­նին ան­ցեա­լին:

Անց­նե­լով պա­ղես­տի­նեան կող­մին, հարկ է նշել, որ այս ա­ռա­ջին դէպքն էր, որ Նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ապ­պա­սի ղե­կա­վա­րած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը հրա­ժա­րէր մեկ­նա­բա­նե­լէ ա­րար­քը: Ա­ւե­լի՛ն, տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով նման դէպ­քե­րու մա­սին քննա­դա­տա­կան հա­յեացք­ներ ու­նե­ցող Ռա­մալ­լա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը նա­խընտ­րէր լուռ մնալ: Ու ի տես այդ լռու­թեան, Պենիամին Նե­թա­նի­յա­հու կը յայ­տա­րա­րէր, որ տա­նե­լի չէ պա­ղես­տի­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան կրա­ւո­րա­կան կե­ցուած­քը:

Միւս կող­մէ, Կա­զզէի մէջ իշ­խա­նու­թիւն ու­նե­ցող «Հա­մա­ս»ն ու մի քա­նի «ար­մա­տա­կան» զի­նուո­րա­կան թե­ւեր կ՚ող­ջու­նէին ա­րար­քը ու զայն կը հա­մա­րէին հե­րո­սա­կան:

Իսկ ար­տերկ­րի (Պա­ղես­տի­նէն դուրս) պա­ղես­տի­նեան թե­ւերն ու «Հա­մա­ս­»ի հա­մա­կիր լրա­տուա­մի­ջոց­ներ կը յայ­տա­րա­րէին, որ դէպ­քը լա­ւա­գոյն պա­տաս­խանն է այն բո­լո­րին, ո­րոնք վստահ են, թէ պա­ղես­տի­նեան դա­տը մա­հա­ցած է եւ կը մնայ ո­րո­շել ա­նոր թաղ­ման վայրն ու թուա­կա­նը:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի յայտ­նի է նաեւ, որ ներ­պա­ղես­տի­նեան ճա­կա­տին վրայ բա­ւա­կան մեծ շփո­թի ի­րա­վի­ճակ մը կայ: Ու այդ վի­ճա­կը պայ­մա­նա­ւո­րուած է ոչ միայն «Հա­մաս»-Ֆաթհ լա­րուա­ծու­թեամբ կամ Ֆաթ­հի ներ­քին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով, այլ պա­ղես­տին­ցիք լուրջ ծրագ­րի պա­կաս ու­նին:

Գո­յու­թեան տագ­նապ պի­տի չը­սէի, այլ ը­նե­լի­քի ու մա­նա­ւանդ ծրագ­րի տագ­նապ:

Մինչ Ռա­մալ­լա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար հիմ­նա­կան հար­ցը Միա­ցեալ Նահանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան Թել Ա­ւի­ւէն Ե­րու­սա­ղէմ փո­խադ­րուե­լու եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսե­լու հարցն է, ան­դին Կա­զզէի մէջ «Հա­մաս» կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ խնդիր­ներ: Ժո­ղո­վուր­դի մօտ ան­գոր­ծու­թեան աճ, կեն­սա­մա­կար­դա­կի ան­կու­մ, ա­մե­նա­նախ­նա­կան պայ­ման­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւն եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ո­լոր­տին մէջ լուրջ եւ ե­րե­ւե­լի բաց­թո­ղում­ներ:

Ճիշդ է, որ «Հա­մաս» կը շա­րու­նա­կէ զի­նուիլ, բայց եւ այն­պէս վեր­ջին ա­միս­նե­րուն BBC կա­յա­նին կող­մէ կա­տա­րուած հար­ցա­խոյզ մը ցոյց կու տայ, որ Կա­զզէի ե­րի­տա­սար­դու­թեան 80 առ հա­րի­ւրը պատ­րաստ է ար­տա­գաղ­թել, ե­թէ յար­մար ա­ռիթ ու­նե­նայ...

Ու­րեմն ո­րո՞ւ հա­մար կը զի­նուի «Հա­մա­ս» եւ ի՞նչ հե­ռան­կար կամ ծրա­գիր ու­նի վե­րել­քի նոր փուլ մը ստեղ­ծե­լու հա­մար Կա­զզէին:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի ա­ւար­տե­լով քա­ղա­քա­կան ա­պա­գայ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մա­սին մեր շեշ­տադ­րու­մը, պէտք է հասկ­նալ, որ ա­րա­բա-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան հա­մար խիստ կա­րե­ւոր է երկ­րի ղե­կը նոր ստանձ­նած ա­մե­րի­կեան ղե­կա­վա­րու­թեան մօ­տե­ցու­մը:

Մին­չեւ այս պա­հը Տա­նըլտ Թրամփ յստակ ձե­ւա­կեր­պում­ներ չու­նի պա­ղես­տի­նա-իս­րա­յէ­լեան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ: Թէեւ ան քա­նի մը ա­ռիթ­նե­րով դրա­կան նշան­ներ տուած է Թել Ա­ւի­ւին, բայց այդ մէ­կը բա­ւա­րար չէ ա­մե­րի­կեան «նո­ր» կե­ցուած­քին ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը հասկ­նա­լու հա­մար:

Թէ՛ պա­ղես­տի­նեան եւ թէ իս­րա­յէ­լեան կող­մին հա­մար ալ վճռո­րոշ դեր պի­տի ու­նե­նայ ե­րե­ւու­մը ա­մե­րի­կեան կե­ցուած­քին, որ­մէ ետք կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ խօ­սիլ բա­նակ­ցու­թեանց ճա­կա­տագ­րին կամ այլ օ­րա­կար­գե­րու մա­սին:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի պէտք է յստա­կօ­րէն ընդգ­ծել, որ Ե­րու­սա­ղէմ քա­ղա­քը հան­գիստ չէ:

Ա­նոր ա­ւազ­նե­րուն տակ մո­խի­րի մէջ պա­հուած կրակ կայ ու շատ հնա­րա­ւոր է, որ այդ կրա­կը ա­րագ կեր­պով հա­մա­տա­րած բա­խում­նե­րու նոր հանգ­րուան մը թե­ւա­կո­խէ:

Եր­կու կող­մե­րը զի­րար կը շա­րու­նա­կեն ա­տել եւ եր­կու կող­մե­րու մէջ ալ ղե­կը ստանձ­նե­լու ուժ ու­նին ծայ­րա­յե­ղա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը:

Պա­ղես­տի­նեան կող­մին մօտ տագ­նա­պը ա­ւե­լի սուր դրոյթ­նե­րով կրնայ ե­րեւ­իլ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք որ Ե­րու­սա­ղէ­մի փո­ղոց­նե­րուն մէջ դա­շու­նա­հա­րում­ներ կ՚ը­նեն կամ թէ ի­րենց բեռ­նա­տար կառ­քե­րով իս­րա­յէ­լա­ցի զի­նուոր­ներ կը սպա­ննեն, այդ ա­րարք­նե­րը կը կա­տա­րեն յու­սա­հա­տա­կան շեշ­տով մը:

Անձ­նաս­պա­նու­թիւ­նը յու­սա­հա­տու­թեան ար­գա­սիքն է։ Այս ա­ռու­մով մտա­հո­գիչ աս­տի­ճան­նե­րու կրնայ հաս­նիլ պա­ղես­տի­նեան կող­մի անզս­պե­լի մո­լուց­քը, որ հե­տե­ւանքն է իս­րա­յէ­լեան կող­մին կի­րա­ռած ծան­րա­գոյն ճնշում­նե­րուն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

 

Շաբաթ, Յունուար 14, 2017