ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Հա­յաս­տա­նի մէջ Նոր տա­րուայ եւ Ս. Ծննդեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը եզ­րա­փա­կուե­ցան ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան՝ հին Ա­մա­նո­րի թուա­կա­նին։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հա­յոր­դեաց տու­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դէս ե­կան հին Ա­մա­նո­րի օ­րով կազ­մա­կեր­պուած փայ­լուն ձեռ­նար­կով մը։ Այս հան­դէ­սին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին մա­նուկ­ներ, պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն Հա­յոր­դեաց տու­նե­րու ծրագ­րե­րուն։ Ձեռ­նար­կը ու­նէր շատ ճոխ ծրա­գիր մը՝ եր­գե­րով, պա­րե­րով, նուագ­նե­րով, ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով ե­ւ այլն։ Ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներն ալ մեծ յու­զու­մով հե­տե­ւե­ցան ի­րենց զա­ւա­կաց ե­լոյթ­նե­րուն։

Հա­յոր­դեց տու­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Հայր Սա­սուն Զմրուխ­տեան հան­դէս ե­կաւ օրհ­նու­թեան խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ յղեց բա­րե­մաղ­թանք­ներ։ Բո­լոր հան­դի­սա­կան­նե­րը ող­ջու­նե­ցին նաեւ Կա­ղանդ պա­պու­կին դահ­լիճ մուտ­քը։ 

Շաբաթ, Յունուար 14, 2017