ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Մեր զանազան եկեղեցիներու կամ համայնքային յանձնախումբերու տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ Պատրիարքարան փութացին շնորհաւորութեան։ Աննպաստ եղանակին հետեւանքով յետաձգուած էր այս հանդիպումը, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութեան կողքին էր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիպման ընթացքին ողջունեց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները։ Տօնական բարձր տրամադրութեամբ ան ընդգծեց մեր համայնքային կեանքէն ներս անոնց ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ հերթական անգամ գնահատեց անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը։ Իր խօսքերով, կանայք կարեւոր պարտականութիւն ստանձնած են մեր համայնքային հաստատութիւններէն ներս։ Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ Պատրիարքարանի երդիքին տակ կարծիքի փոխանկումներ տեղի ունեցան համայնքային զանազան հարցերու շուրջ։ Տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ անոնց յղեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։ Ընդհանուր Փոխանորդը բարեմաղթութիւններ ըրաւ նաեւ անոնց ընտանիքներուն համար։
Հուսկ, երգուեցաւ «Խորհուրդ մեծ» եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նուռեր բաժնեց տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն։