ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Մարդկային անհատական եւ ընկերային կեանքին մէջ անունը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ, քանի որ անհատը իր անունով «անհատ» մը կ՚ըլլայ՝ կը զատուի եւ ինքնութիւն կը ստանայ հաւաքականութեան մէջ, ուրիշէ մը կը տարբերի, անձնաւորութիւն մը կ՚ըլլայ եւ կը կանչուի, կը յիշուի իր անունով։ Անունը, այս բնութեամբ կը նոյնանայ անհատին հետ եւ ընկերութեան մէջ «անուն»ով կը տարբերի եւ կ՚որոշուի մարդ։ Անունը անբաժան է անհատէն՝ էական եւ որոշիչ դեր մը կը խաղայ ամբողջ կեանքին մէջ։
Ուստի մարմնացեալ եւ մարդացեալ Նորածին Որդին Աստուած ալ, որպէս կատարեալ մարդ, պէտք էր ունենալ անուն մը։ Եւ Աստուածայայտնութեան եօթներորդ օրուան լրումէն ետք՝ ութերորդ օրը, Աստուած Որդին ըստ հրէական օրէնքին, թլփատութեան արարողութեան առթիւ անուանակոչուեցաւ, Մարիամի Աւետման օրը հրեշտակին հրամանին համաձայն։
Եկէ՛ք սիրելիներ, «Անուանակոչութիւն»ը տեսնենք Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի «Ծիսական բառարան»ի մէջ յիշուած տողերուն համաձայն։
«Անուանակոչութիւն.- Քրիստոսի անունին, այսինքն Յիսուս անունը դրուելուն յիշատակութիւնն է։
«Յիսուս կը թագմանուի Փրկիչ, ինչպէս հրեշտակին դնել հրամայուած էր Մարիամի Աւետման ատեն (ՂՈՒԿ. Ա 31), եւ ինչպէս իրօք ալ դրուեցաւ ծնելուն Ը. օրը՝ թլփատութեան արարողութեան առթիւ (ՂՈՒԿ. Բ 21), հրէական օրէնքին համեմատ։
«Անուանակոչութիւնը իբր առանձին տօն նշանակուած չէ Տօնացոյցին մէջ, այլ նոր օրացոյցները սովորութիւն ըրին այսպէս նշանակել Ծննդեան Ը. օրը՝ Յունուար 13-ին, փոփոխելով Տօնացոյցին նշանակած Թլփատութեան տօնը։
«Յիսուս անունը գործածուած է սովորաբար Աւետարանին մէջ, բայց այժմ աւելի գործածական է Քրիստոս անունը, որ է Մեսիա-Օծեալ։
«Աւետարանին մէջ Քրիստոսի տրուած է նաեւ Էմմանուէլ անունը (ՄԱՏԹ. Ա 23), հետեւելով Եսայեայ մարգարէութեան (ԵՍԱՅ. Է 14)»։
Եւ քանի որ Յիսուս թլփատուած է ըստ հրէական օրէնքին, ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան այդ մասին։
«Թլփատութիւն Տեառն.- Քրիստոս ուզեց որ իրեն վրայ ճշդիւ կատարուին ամէն օրինական պահանջները եւ ըստ այնմ թլփատուեցաւ ալ ութօրեայ եղած ատեն (ՂՈՒԿ. Բ 21)։
«Տօնացոյցը Աստուածայայտնութեան Ը. օրը (ութերորդ օրը) Թլփատութեան տօնը կը յիշէ, սակայն շարականներու եւ երգերու մէջ բնա՛ւ այդ յիշատակութիւնը չկայ։ Օրացոյցները կարծես խուսափիլ ուզելով թլփատութեան յիշատակութենէն, ամէնն ալ միաձայնութեամբ -Տօն Անուանակոչութեան- կը գրեն։
«Տօնին օրն է՝ Յունուար 13 հաստատապէս, ո՛ր օրն ալ հանդիպի, եւ միանգամայն հրամայեալ տօն է»։
«Հրամայեալ Տօն» կը կոչուին այն օրերը որ հրամայուած է հանգիստ ընել եւ եկեղեցի երթալ, աշխատութենէ դադրիլ եւ հոգեւորութեամբ անցընել օրը։ Ուստի «Հրամայեալ Տօն» են բոլոր տարւոյն 52 կիրակի օրերը, որ 53 կ՚ըլլայ եթէ տարին կիրակիով սկսի։ Կիրակի օրէն դուրս հանգիստ ընելու հրամայեալ օրերն ալ «կիրակի» կոչուելուն, նոյն կանոնին կը հպատակին։
Ուստի հրեշտակի խօսքին հաւատարիմ մնալով՝ Սուրբ Աստուածածինը եւ Յովսէփ, Յիսուսը թլփատելով, անուանակոչեցին Յիսուս։
Այս անունը համայն մարդկութեան առջեւ «նոր էջ» մը բացաւ, որպէսզի «Ով որ հաւատայ Անոր, չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանքը ժառանգէ»։ Ան նաեւ Նոր Կտակարանի մէջ մկրտութեան խորհուրդը ունի։ Ըստ Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցիին հաստատած կանոնին, ութօրուայ նորածին մանուկը կը մկրտուի՝ Յիսուսի Թլփատութեան խորհրդով եւ կ՚անուանակոչուի՝ Յիսուսի անուանակոչութեան խորհրդով։
Հայ Եկեղեցւոյ տիրահաստատ կանոնը կը պահանջէ՝ մանուկները մկրտել իրենց ծննդեան ութերորդ օրը եւ անուանակոչել զանոնք։
Ուստի մարդու անունը մեծ եւ կարեւոր դեր կ՚ունենայ անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Արդարեւ, Տիրոջ անուանակոչութեամբ կարեւորութիւն ընծայուեցաւ նաեւ մարդու անուան եւ անունի խորհրդանիշին։
Հաւանօրէն Հին Կտակարանի մէջ արդէն այդ ամէնը արտացոլուած էր, սակայն Յիսուս Քրիստոսի «Անուանակոչութեան» շնորհիւ վերահաստատուեցաւ այդ իրողութիւնը։ Եւ մեր օրերուն ալ, ժամանա՛կն է, որպէսզի մենք ալ, հետեւելով Աստուածաշնչեալ աւանդութիւններուն՝ սուրբերու աստուածադիր անուններու, մեր Փրկչի անուանակոչութեան եւ Տիրոջ կողմէ՝ առաքեալները նոր անուններով օժտելու եւ վերակոչելու հաստատ փաստին, մեր զաւակներու անունները դնենք, անուանակոչենք այդ խորհուրդով։ Գիտակցութիւնը ունենանք, ըմբռնենք անունի կարեւորութիւնը. արդարեւ անունը մեծ ազդեցութիւն ունի մարդու ամբողջ կեանքի վրայ՝ թէ՛ անհատական-ներքին կեանքին եւ թէ՛ հասարակական-արտաքին կեանքին վրայ։ Մանուկի մը ապագայ կեանքը կը ձեւաւորուի մեծ մասամբ իր անունին ազդեցութեամբ, անուան իմաստին նկատմամբ եւ անունը կը նոյնանայ անձին հետ եւ «անձ» եւ «անուն» կ՚ըլլան մէ՛կ արժէք։ Մարդուս ինքնութիւնը կ՚որոշուի իր անունով եւ կը պահպանուի ու կը տեւականանայ անով։ Ամէն մարդ, որ աշխարհ կու գայ, կը ստանայ, կ՚ունենայ իր «էութիւն»ը, իր մատնահետքերը, դրոշմը, իր կեանքը, իր սեփական ապրումներու «ծրագիր»ը եւ վերջապէս՝ իր հոգեբանական կառուցուածքը, կազմաւորումը եւ անահատականութի՛ւնը։
Ասկէ կը հետեւի թէ իւրաքանչիւր ծնունդ, իր խորքին մէջ, աստուածային ծրագրի մը ուղղակի միջնորդութեան արդիւնք է, աստուածային կամքին իրագործումը եւ ունի անպայմա՛ն պատճառ մը, նպատակ մը եւ իմա՛ստ մը։
Ուստի Տիրոջ Անուանակոչութիւնը նոր օրհնութիւն մըն է մեր զաւակներուն, յաջորդներուն համար, նամանաւանդ անոնց համար որ հաւատարիմ են Աստուծոյ խօսքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 8, 2017, Իսթանպուլ