Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
Տա Վինչիի Գծանկարը
Փարիզի մէջ պատահաբար գտնուած է Լէոնարտօ տա Վինչիի 15 միլիոն եւրօ արժող գծանկարը: «Թելեկրաֆ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի հանգստեան կոչուած բժիշկ մը, որ փափաք յայտնած է իր անունը անյայտ պահել, «Թաժան» աճուրդային տուն բերած է իր հօր պատկանող գծանկարներու տուփ մը: Աճուրդային տան աշխատակից Թատի Փրաթ տասնհինգ գծանկարներուն մէջ նկատած է ծառին կապուած Ս. Սեպասթիենին պատկերը: Գծանկարը պատկերուած է յատուկ ջրաներկով:
Գիտնականները պարզած են, որ այդ գործը կը պատկանի Լէոնարտօ տա Վինչիի վրձինին եւ գծուած է 1482 եւ 1485 թուականներուն միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին:
Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017