ալեկոծումներու նկարիչը

Այս տա­րի կը լրա­նայ հռչա­կա­ւոր հայ ծո­վան­կա­րիչ, հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բաւ վա­յե­լող ա­րուես­տա­գէտ՝ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ծննդեան 200-ա­մեա­կը:

Թէո­դո­սիա­յի հայ աղ­քատ ըն­տա­նիք­նե­րէն մէ­կուն մէջ ծնած՝ Յով­հան­նէս, հե­տա­գա­յին իր արուես­տին շնոր­հիւ նուա­ճած է բար­ձունք­ներ, դառ­նա­լով աշ­խար­հի տա­րած­քի ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր նկա­րիչ­նե­րէն մին եւ ար­ժա­նա­նա­լով փառ­քի, պար­գեւ­նե­րու, կո­չում­նե­րու եւ այն բո­լո­րին, որ ա­րուես­տա­գէտ մը կը փա­փա­քի ու­նե­նալ իր կեան­քի ըն­թաց­քին:

Այ­վա­զովս­քի մա­հա­ցած է 1900 թուա­կա­նին: Ա­նոր յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է Թէո­դո­սիա­յի Սուրբ Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ: Ա­սի­կա այն ե­կե­ղե­ցին է, ուր Յով­հան­նէս մկտրուած է, ա­պա հե­տա­գա­յին պսա­կուած՝ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սով: Ա­նոր գե­րեզ­մա­նա­քա­րին վրայ ար­ձա­նագ­րուած է. «Ծնե­ցաւ մահ­կա­նա­ցու, ձգեց ան­մահ յի­շա­տա­կ», որ քա­ղուած է 5-րդ դա­րու Մով­սէս Խո­րե­նա­ցիի «Հա­յոց Պատ­մու­թիւ­ն­»էն:

Իր մա­հէն եր­կար տա­րի­ներ ետք Յովհաննէս Այ­վա­զովս­քին ճանչ­ցուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, սա­կայն իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին կա­պուած էր հա­յու­թեան եւ հայ­կա­կա­նու­թեան: Պա­տա­հա­կան չէ, որ բազ­մա­թիւ կտաւ­ներ գծած է հայ­կա­կան նիւ­թով:

Հայ­կա­կան նիւթ ու բնա­բան պա­րու­նա­կող բո­լոր նկար­նե­րը հա­ւա­քած եւ Այ­վա­զովս­քիի 200-ա­մեա­կին առ­թիւ կազ­մած պատ­կե­րա­գիր­քի մը մէջ տպագ­րած է ա­րուես­տա­բան, այ­վա­զովս­քիա­գէտ՝ Շա­հէն Խա­չատ­րեան: Պատ­կե­րա­գիր­քը շու­տով լոյս պի­տի տես­նէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ ըստ ա­րուես­տա­բա­նին, ան միակն է ծո­վան­կա­րի­չին՝ աշ­խար­հի տա­րած­քին տպագ­րուած պատ­կե­րա­գիր­քե­րէն, ո­րոնց մէջ այս­քան մեծ քա­նա­կու­թեամբ հայ­կա­կան նիւ­թով նկար­ներ զե­տե­ղուած են:

«Յով­հան­նէս Այ­վա­զեան. Ծննդեան 200-ա­մեա­կը» խո­րագ­րով պատ­կե­րա­գիր­քին մէջ նե­րա­ռուած են մի­ջազ­գա­յին թան­գա­րան­նե­րու եւ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ առ­կայ Այ­վա­զովս­քիի հան­րա­յայտ գոր­ծե­րէն, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ յայտ­նա­բե­րուած շուրջ ութ տաս­նեակ ան­ծա­նօթ նկար­ներ, հայ­կա­կան բնա­տե­սա­րան­ներ, դի­ման­կար­ներ եւ կո­տո­րած­նե­րու ար­ձա­գանգ­ներ: Մեծ ծո­վան­կա­րի­չը ան­տար­բեր չէ գտնուած հա­յու­թեան տա­ռա­պանք­նե­րուն եւ իր վրձի­նի լե­զուով պատ­կե­րած է զա­նոնք…

Նկա­րի­չի 200-ա­մեա­կին առ­թիւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­Կ Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Շա­հէն Խա­չատ­րեա­նի հետ: Ան այն հա­զուա­գիւտ ա­րուես­տա­բան­նե­րէն մէկն է, որ իր կեան­քը նուի­րած է հայ ա­րուես­տի գոր­ծե­րու հա­ւաք­ման, պահ­պան­ման ու ծա­նօ­թաց­ման, ինչ­պէս նաեւ այդ նուի­րու­մին մէջ մեծ տեղ գրա­ւած է մա­նա­ւանդ Այ­վա­զովս­քիի ա­րուես­տը Հա­յաս­տան բե­րե­լու գոր­ծը: Տաս­նեակ նկար­ներ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու ցու­ցաս­րահ­նե­րէն, մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն Հա­յաս­տան բե­րուած են Շա­հէն Խա­չատ­րեա­նի ջան­քե­րով: Միայն Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի մա­սին ան հրա­տա­րա­կած է տա­սը պատ­կե­րա­գիրք, գրած է բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ, կազ­մա­կեր­պած է ցու­ցա­հան­դէս­ներ:

Շա­հէն Խա­չատ­րեան նաեւ լոյս ըն­ծա­յած է Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի եղ­բօր՝ Գաբ­րիէլ Այ­վա­զովս­քիի մա­սին «Ընտ­րա­նի» խո­րագ­րով գիր­քը՝ ռու­սե­րէն յա­ռա­ջա­բա­նով, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ռու­սա­կան մի­ջա­վայ­րին ճա­նա­չե­լի դարձ­նել հան­ճա­րեղ ծո­վան­կա­րի­չին եղ­բայ­րը, ցու­ցադ­րել ա­նոր դի­ման­կա­րը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ռու­սաս­տա­նի մէջ մինչ օրս շա­տե­րը Այ­վա­զովս­քին կը հա­մա­րեն ռուս նկա­րիչ, շրջան­ցե­լով ա­նոր հայ­կա­կան ծա­գու­մը:

Մոս­կուա­յի Թրեթ­յա­կո­վեան պե­տա­կան պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ, ան­ցեալ տա­րուան ամ­րան, Այ­վա­զովս­քիի 200-ա­մեա­կին առ­թիւ բա­ցուած ցու­ցա­հան­դէ­սին նաեւ ներ­կայ ե­ղած է Շա­հէն Խա­չատ­րեան, Հա­յաս­տա­նը մաս­նակ­ցած է Պե­տա­կան պատ­կե­րաս­րա­հի մա­կար­դա­կով, Հա­յաս­տա­նէն տաս­ներ­կու կտաւ տա­րուած է, ո­րոնք Յու­լի­սէն մին­չեւ Նո­յեմ­բեր ցու­ցադ­րուած են Մոս­կուա­յի մէջ:

Հար­ցազ­րոյ­ցին ալ սկսանք այդ ցու­ցա­հան­դէ­սին մա­սին ա­նոր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։

-Պա­րոն Խա­չատ­րեան, Դուք ներ­կայ էիք Մոս­կուա­յի մեծ ցու­ցա­հան­դէ­սին։ ի՞նչ կը պատ­մէք այդ ցու­ցա­հան­դէ­սին մա­սին, ինչ­պէ՞ս ան­ցաւ:

-Հրա­շա­լի ցու­ցա­հան­դէս մըն էր: Ծո­վի մեծ եր­գի­չի 200-ա­մեա­կին նուի­րուած ա­ռա­ջին մեծ ցու­ցա­հան­դէսն էր, ուր ա­ռա­ջին ան­գամ ցու­ցադ­րուե­ցաւ նաեւ իր եղ­բօր՝ Գաբ­րիէլ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի դի­ման­կա­րը, որ նկա­րուած է ա­նոր մա­հէն ե­րեք տա­րի ետք: Այդ դի­ման­կա­րը Մոս­կուա բե­ր-ւած էր Թէո­դո­սիա­յի պատ­կե­րաս­րա­հէն, ուր­կէ բե­րուած էին նաեւ նկա­րի­չին հօր եւ մօր՝ Գէոր­գիի եւ Հռիփ­սի­մէի եւ կնոջ՝ Ան­նա Պուռ­նա­զեա­նի դի­ման­կար­նե­րը: Ցու­ցա­հան­դէ­սին թէ՛ իւ­ղան­կար գոր­ծեր ներ­կա­յա­ցուած էին եւ թէ գծան­կար­չա­կան (կրա­ֆիք) աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնք նոյն­պէս Մոս­կուա բե­րուած էին զա­նա­զան թան­գա­րան­նե­րէ, հա­ւա­քա­ծո­նե­րէ: Միայն ցու­ցա­հան­դէ­սի ա­ռա­ջին օ­րը շուրջ 30 հա­զար մուտ­քի տոմս վա­ճա­ռուած էր, այս­քա­նով կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել ա­րուես­տա­սէր հան­րու­թեան հե­տաքրք­րու­թիւ­նը՝ Այ­վա­զովս­քիի ա­րուես­տին հան­դէպ: Պէտք է ը­սել, որ հայ նկա­րիչ՝ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քին շատ լաւ ըն­դու­նուած է ռու­սա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ, սա­կայն թէ՛ ա­րուես­տա­բան­ներ եւ թէ այլ շրջա­նակ­ներ չեն շեշ­տեր ա­նոր հայ­կա­կան ծա­գու­մը: Այ­վա­զովս­քի մեծ ըն­դու­նե­լու­թիւն ու­նի նաեւ Թուր­քիոյ մէջ, ուր ան ապ­րած եւ ստեղ­ծա­գոր­ծած է եւ ի պա­տիւ թրքա­կան շրջա­նակ­նե­րու, պի­տի ը­սեմ, որ ա­նոնք գնա­հա­տե­լով հան­դերձ, կ­­՚ըն­դու­նին Այ­վա­զովս­քիի հայ ըլ­լա­լը:

Երբ ես ա­նոր եղ­բօր՝ Գաբ­րիէլ Այ­վա­զովս­քիի մա­սին ռու­սե­րէն յա­ռա­ջա­բա­նով պատ­կե­րա­գիր­քը հրա­տա­րա­կած էի, նպա­տակ ու­նէի Ար­քե­պիս­կո­պո­սին հայ­կա­կան կեն­սագ­րու­թեան մի­ջո­ցով ցոյց տալ նաեւ իր եղ­բօր՝ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի հայ­կա­կան ծա­գու­մը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սը ա­միս­ներ շա­րու­նա­կուե­ցաւ, մին­չեւ Նո­յեմ­բեր, գրա­ւե­լով մի­լիո­նա­ւոր ա­րուես­տա­սէր­նե­ր, ո­րոնք ան­գամ մը եւս գնա­հա­տե­ցին մեծ նկա­րի­չի ա­րուես­տին ու­ժը: Այդ ցու­ցա­հան­դէ­սին բո­լո­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան կրկին տես­նե­լու հռչա­կա­ւոր «Ին­նե­րորդ ա­լի­ք­»ը, ծո­վա­յին այլ պատ­կեր­ներ, իր կեան­քը բա­ցա­յայ­տող այլ դրուագ­ներ:

-Պա­րոն Խա­չատ­րեան, ի՞նչ է Այ­վա­զովս­քիի ա­ր-ւես­տին հմայ­քը, որ այ­սօր ալ, դար մը յե­տոյ իր նկար­նե­րը կը մնան խորհր­դա­ւոր եւ փնտռուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ:

-Ան օժ­տուած ե­ղած է հիա­նա­լի յի­շո­ղու­թեամբ, ո­րուն հիմ­քին մէջ բա­նաս­տեղ­ծա­կան մտայ­ղա­ցում­ներն կան: Իր ծննդա­վայ­րը, որ ծո­վու ա­փին էր, մղած է զինք ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նա­լու ծո­վը, բնու­թիւ­նը, փո­թո­րի­կը, ա­րե­ւի, լուս­նի, ստուե­րի փո­խա­կեր­պում­ներն ու բնու­թեան յա­րա­փո­փոխ ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ո­րոնք պատ­կե­րած է հիա­նա­լի վար­պե­տու­թեամբ: Ան, ապ­րե­լով ռու­սա­կան մի­ջա­վա­րի մէջ, պա­տա­նի տա­րի­քին յա­ճա­խած է հայ­կա­կան դպրոց, աշ­խա­տած է յու­նա­կան սրճա­րա­նի մէջ, մօտ ե­ղած է ա­րուես­տին, ջու­թակ նուա­գած է, այ­նու­հե­տեւ Եւ­րո­պա մեկ­նած է... Իր ապ­րած կեան­քը, շփում­նե­րը եւ ի ծնէ ու­նե­ցած տա­ղան­դը ի­րենց անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցած են իր վրայ, իբ­րեւ ա­րուես­տա­գէ­տի: Այ­վա­զովս­քի շատ զգաց­մուն­քա­յին ե­ղած է, ան վե­րապ­րած է իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, զա­նոնք փոր­ձե­լով ձե­ւով մը ար­տա­յայ­տել նկար­նե­րուն մէջ: Ան տա­կա­ւին քսան­չորս տա­րե­կան էր, երբ Վե­նե­տի­կի մէջ նկա­րեց «Քաոս. Աշ­խար­հի ա­րա­րու­մը» կտա­ւը, որ գնա­հա­տուե­ցաւ եւ մնաց Վե­նե­տի­կի մէջ: Յե­տոյ երբ ան վե­րա­դար­ձած է Փե­թերս­պուրկ, զուտ ռու­սա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ, ռուս ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու, գրող­նե­րու, մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հետ շփում­նե­րով շա­րու­նա­կած է իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, սա­կայն եր­բեք չէ մոռ­ցած իր հայ­կա­կան ծա­գու­մը: Կայ յայտ­նի դրուագ մը, որ Թէո­դո­սիա վե­րա­դառ­նա­լէն ա­ռաջ ան նա­մակ մը գրեց Ներ­սէս Կա­թո­ղի­կոս Աշ­տա­րա­կե­ցիին, ը­սե­լով. «Ես պի­տի ծա­ռա­յեմ իմ ժո­ղո­վուր­դիս եւ մեր մշա­կոյ­թի­ն»:

Այ­վա­զովս­քիի ա­րուես­տին հմայ­քը թե­րեւս իր մեծ մար­դա­սի­րու­թեան մէջ է: Ան շատ նկար­նե­րու մէջ դրսե­ւո­րած է այդ մար­դա­սի­րու­թիւ­նը։ Ա­նոր նկար­նե­րուն կէ­սէն ա­ւե­լին ծո­վու փո­թոր­կոտ տե­սա­րան­ներ են, փո­թո­րիկ­ներ, տա­րե­րա­յին ա­ղէտ­ներ, ո­րոնց ժա­մա­նակ ան կը գծէ ի­րա­րու օգ­նող մար­դի­կը: Ան իր այդ մար­դա­սի­րու­թեան մի­ջո­ցաւ կը հա­ւա­տայ մար­դու յաղ­թա­նա­կին, ո­րով մար­դը կան­գուն կը մնայ ա­ղէ­տի, կո­տո­րա­ծի դէմ:

Ինքն իսկ այդ իր մօ­տեց­ման մա­սին գրած է. «Իմ գոր­ծե­րէն լա­ւա­գոյն­նե­րը ա­նոնք են, ո­րոնք կ՚ա­­ռանձ­նա­նան լոյ­սի ու­ժով»: Այս­տեղ պէտք է նշել Այ­վա­զովս­քիի նշա­նա­ւոր «Ին­նե­րորդ ա­լի­ք»ը, ո­րուն ստեղծ­ման հա­մար հիմք ծա­ռա­յած է Ափ­րի­կէի ջու­րե­րուն մէջ խոր­տա­կուած ա­րա­բա­կան նաւ մը, ո­րուն մէջ նա­ւաս­տի­նե­րը կրցած են քա­նի մը օր դի­մա­նալ, ա­պա ողջ մնա­լէ ետք ող­ջու­նած՝ ամ­պե­րուն ե­տե­ւէն ծա­գող ա­րե­ւը: Այս­տեղ է, որ ան կը հա­ւա­տայ մար­դու ապ­րե­լու ու­ժին, կեան­քի հան­դէպ ա­նոր լա­ւա­տե­սու­թեան: Այս է Այ­վա­զովս­քիի ու­ժը:

-Դուք ա­ռա­ջին ան­գամ ո՞ւր լսած էք ա­նոր ա­նու­նը, որ այդ­պէս ամ­բողջ կեանք մը նուի­րած էք մեծ նկա­րի­չին, ա­նոր գոր­ծե­րու ու­սում­նա­սիր­ման եւ Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձին:

-Ես ա­ռա­ջին ան­գամ Այ­վա­զովս­քի ա­նու­նը լսած եմ Հա­լէ­պի մէջ, ուր ծնած եմ: Նոր Գիւ­ղի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րէն մին յա­ճա­խած եմ եւ իմ ու­սու­ցիչս կը պատ­մէր Այ­վա­զովս­քի նկա­րի­չին մա­սին: Հե­տա­գա­յին մեր ըն­տա­նի­քը ներ­գաղ­թի քա­րա­ւա­նով՝ 1946 թուա­կա­նին Հա­յաս­տան ե­կաւ: Ես տաս­ներ­կու տա­րե­կան էի: Դպրոց գա­ցի այս­տեղ, օր մը սափ­րի­չի գա­ցած էի, հոն պա­տին վրայ լու­սան­կար մը տե­սայ, Այ­վա­զովս­քիի գոր­ծե­րէն մէ­կուն վե­րատ­պու­թիւ­նը եւ կրկին յի­շե­ցի իմ ու­սու­ցի­չիս պատ­մա­ծը: Ան շատ խորհր­դա­ւոր թուե­ցաւ եւ ես հե­տա­գա­յին, ու­սա­նե­լու ժա­մա­նակ, ա­նընդ­հատ կ­­՚ու­սում­նա­սի­րէի, կը կար­դա­յի իր մա­սին, այդ­պէս բա­ցա­յայ­տե­ցի Այ­վա­զովս­քին:

-Քա­նի որ Ձեր ծննդա­վայ­րը յի­շե­ցիք… Այ­սօր ան­հան­գիստ է այն­տեղ՝ Հա­լէ­պի մէջ, պա­տե­րազ­մը հիւ­ծած է Ձեր ծննդա­վայ­րի կեան­քը: Ի՞նչ կը զգաք, երբ լու­րե­րուն հե­տե­ւիք, հա­յու­թեան վի­ճա­կը տես­նէք:

-Հա­լէ­պի մէջ ես դպրոց գա­ցած եմ, ե­կե­ղե­ցա­կան, հայ­կա­կան կեան­քին մաս­նակ­ցած եմ, իմ հայրս մեր դպրո­ցին կից ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման մաս­նակ­ցած է… Միշտ միտ­քով եւ հո­գուով հոն ե­ղած եմ, նոյ­նիսկ պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի մեր քա­ղաք­նե­րուն հետ հե­ռա­կայ միշտ հո­գե­ւոր կա­պի մէջ եմ­…Ես վստահ եմ, որ Հա­լէ­պը այդ փոր­ձան­քէն դուրս կու գայ պա­տուով, թէ­կուզ ռու­սե­րու օգ­նու­թեամբ:

-Իսկ Հա­յաս­տան հայ­րե­նա­դար­ձուե­լով, դիւ­րի՞ն էր Ձե­զի հա­մար յար­մա­րի­լը:

-Դիւ­րին չէր: Երբ ես դպրոց գա­ցի, զիս կան­չե­ցին ա­շա­կեր­տու­թեան առ­ջեւ ե­լոյթ ու­նե­նա­լու, ը­սին՝ դուր­սէն ե­կած ես, երգ մը եր­գէ կամ ար­տա­սա­նէ: Ես ալ ար­տա­սա­նե­ցի «Ես իմ ա­նուշ Հա­յաս­տա­նի» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը: Այդ պա­հուն ա­մէն մարդ ծա­փա­հա­րեց, բայց երբ դուրս ե­կայ դահ­լի­ճէն, ե­տե­ւէս մէ­կը քա­շեց, մա­զերս ձեռ­քը ա­ռաւ եւ գլուխս պա­տին զար­կաւ, ա­րիւն­լուայ ը­րաւ զիս՝ ը­սե­լով, այդ ար­գի­լուած հե­ղի­նա­կին գոր­ծե­րը ին­չո՞ւ կ՚ար­տա­սա­նես: Ես ալ չէի գի­տեր, որ Չա­րեն­ցը ար­գի­լուած է, ը­սի՝ ես ուր­կէ՞ գիտ­նամ, ես Հա­լէպ ալ կ­­՚ար­տա­սա­նէի, Պա­թու­մի նա­ւուն վրան ալ կ­­՚ար­տա­սա­նէի, ին­ծի մէ­կը բան մը չը­սաւ: Այն­քան ծե­ծե­ցին, մա­հէն ա­զա­տե­ցայ... Մենք Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն մէ­կուն մէջ կ­­՚ապ­րէինք, ի­ջայ մօ­տա­կայ գե­տը, լուա­ցի ե­րեսս, հա­գուստս եւ այդ դէպ­քէն ետք այ­լեւս այդ դպրո­ցը չգա­ցի: Յե­տոյ ե­կանք քա­ղա­քի կեդ­րոն, տուն շի­նե­ցինք, այդ­տե­ղի դպրո­ցը գա­ցի, ա­պա՝ հա­մալ­սա­րան, հե­տա­գա­յին ալ Սեն Փե­թերս­պուրկ գա­ցի, ու­սա­նե­ցայ…

-Գա­լով Այ­վա­զովս­քիին, ի՞նչ կ­­՚ու­զէք ա­ւելց­նել ա­նոր 200-ա­մեա­կին առ­թիւ:

-Ա­նոր կեան­քի ապ­րած բո­լոր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­ներն ալ յատ­կան­շա­կան ե­ղած են, բայց կ­­՚ու­զեմ յիշ­տա­կել օս­մա­նեան շրջա­նը: Յայտ­նի է, որ Օս­մա­նեան պա­լա­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պետ՝ Սար­գիս Պա­լեա­նին Այ­վա­զովս­քին ծո­վան­կար մը նուի­րած է, Պա­լեանն ալ այդ նկա­րը նուի­րած է Սուլ­թան Ապ­տուլ-Ա­զի­զին: Սուլ­թա­նը նկար­չու­թեան սի­րա­հար էր եւ կը հիա­նայ Այ­վա­զովս­քիի գոր­ծով, ի­րեն կ­­՚ա­ռա­ջար­կէ գծել Պոլ­սոյ տե­սա­րան­նե­րը: Այ­վա­զովս­քին կը հա­մա­ձայ­նի, կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ եւ կը յանձ­նէ քա­ռա­սու­նէ ա­ւե­լի նկար­ներ, նաեւ նուէր­ներ կու տայ հայ քան­դա­կա­գործ, գե­ղա­րուես­տա­կան դպրոց հիմ­նած՝ Ե­րուանդ Ոս­կա­նին եւ մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու: Տա­րի­ներ անց ան կը հրա­ւի­րուի ար­քու­նիք եւ կը պար­գե­ւատ­րուի «Օս­մա­նիէ» բարձր շքան­շա­նով:

Մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջը ան հա­ւա­տա­րիմ ե­ղած է ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յոյ­զե­րուն եւ մին­չեւ վեր­ջին օրն ալ ան նկա­րա­կա­լին առ­ջեւ կը գծէր: Ան այ­սօր, վստա­հօ­րէն կա­րե­լի է ը­սել, մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նէն բարձր մա­կար­դա­կի ար­ժա­նա­ցած ա­րուես­տա­գէտ մըն է:

Իր ծննդեան 200-ա­մեա­կին առ­թիւ իմ կազ­մած գիր­քիս խո­րա­գի­րը ես դրած եմ՝ «Յով­հան­նէս Այ­վա­զեա­ն», այդ­պէ­սով զինք վե­րա­դարձ­նե­լով Այ­վա­զեան մա­կա­նու­նը, այն­պէս, ինչ­պէս գրուած է Թէո­դո­սիա­յի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ծննդեան մա­տեա­նին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017