ԼՈՅՍՆ Է ԷԱԿԱՆԸ
«Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը…» (ՅՈՎՀ. Գ 19-20)։
Մարդկային կեանքի ամենէն բախտորոշ պահն է՝ մարդուս չարութեան եւ Աստուծոյ բարութեան, ուրիշ խօսքով՝ խաւարին եւ լոյսին անվերջ պայքարին ահաւոր պահը՝ ուր Աստուծոյ լոյսը կը յաղթէ վերջապէս եւ կը փարատի, կը չքանայ ճնշիչ խաւարը։ Լոյսը ինքնին յաղթութեան պսա՛կն է՝ մշտնջենաւոր այն վիճակը, որուն կոչուած է մարդ, քանի որ ան ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համեմատ եւ Անոր նմանութեամբ։
Արդարեւ լոյսը՝ իր բնութեամբ ամենէն արագնթաց, արագաշարժ, արագ սլացող եւ արագ տարծուող երեւոյթն է. ան իր այս բնութեամբ, նոյն պահուն, գրեթէ ամէն տեղ է։ Լոյսին նկարագիրն է լուսաւորել ամէն ինչ, ճշմարտութիւնը յստակ եւ պայծառ կերպով ցոլացնել եւ թափանցել, խորքը հասնիլ անոր իմաստին։
Լոյսին այս բնութիւնը իր ընդհանուր նկարագիրն է եւ լոյսը իր այս նկարագրով մերձիմաստ է Աստուծոյ գաղափարին, քանի որ Ան ալ համատարած է՝ անսկիզբ ու անվերջ՝ անհուն եւ անսահմա՛ն։
Այս պատճառով է, որ Աստուած Լո՛յս է եւ դարձեալ, այս պատճառով Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 46)։
Արդարեւ, լոյսը ճշմարտութեան ճամբան է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ յաւիտենական կեանքի։
Բայց հակառակ լոյսին այս փրկարար եւ կենսատու բնութեան, մարդիկ, դժբախտաբար ընտրեցին խաւարը, հոգեկան մթութիւնը։ Խաւարին մռայլ նկարագիրը, ամէն ինչ քօղարկող, ծածկող բնութիւնը հրապուրեց մարդը, անոր խաբէական եւ դրդիչ, առինքնող յատկութիւնը մոլորեցուց մարդը եւ ան տարուեցաւ անոր կեղծ հմայքէն, հետեւեցաւ մութին ու խաւարին, որ ծածկեց իր բոլոր չար գործերը, անհաւատարիմ եւ անհնազանդ վարմունքը եւ պարտուեցաւ չարէն, մեղանչեց, մոլորեցաւ՝ ճշմարտութեան եւ խղճի դէմ գործեց, անիրաւ ու անարդար՝ գերին դարձաւ խաւարին։ Խաւարը, իր խաբէական եւ կեղծ ընթացքով, մարդուն անիրաւ եւ անարդար կեանքը քաջալերեց, խրախուսեց եւ վստահութիւն ու համարձակութիւն ներշնչեց անոր, որպէսզի ա՛լ աւելի մխրճուի մեղքի ցեխին մէջ։ Եւ մարդ հեռացաւ ճշմարտութեան, արդարութեան, բարութեան վայելքները վայելելու երջանկութենէն, որոնք կը փայլէին լոյսին մէջ՝ լոյսին հետ…։
Արդարեւ, լոյսին արձակած ճառագայթներուն ամէն մէկը ցոլքեր են ճշմարտութեան, արդարութեան, ողորմութեան, հաւատարմութեան եւ ամէն առաքինութեան՝ որ մարդս կ՚ազնուացնէ եւ կ՚արժանացնէ իր կոչումին։ Լոյսին մէջէն է որ մարդ կ՚անդրադառնայ իր էութեան, կը զգայ, թէ ինք Իր Արարչին՝ Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ ստեղծուած է, բայց մութին ու խաւարին մէջ կարելի չէ տեսնել ո՛չ պատկեր եւ ոչ իսկ որեւէ նմանութիւն, քանի որ մութն ու խաւարը կը ծածկէ ամէն գեղեցկութիւն, ամէն ճշմարտութիւն եւ բարութիւն։
Ազնիւ հոգին միշտ կը փնտռէ լոյսը, ան տեւապէս կը ձգտի լոյսին, կը հետամտի լոյսին, քանի որ գիտէ, թէ իր փրկութիւնը լոյսն է եւ լոյսէն կը ճառագայթէ ամէն բարութիւն։ Եւ մարդ լոյսին մէջ է որ կ՚անդրադառնայ իր իսկութեան, իր արժանիքին եւ իր աստուածատուր առաքինութիւններուն։ Մարդ լոյսին մէջ՝ լուսաւորուած հոգիով կրնայ կատարել բարի, աստուածահաճոյ գործեր, մարդ միայն լոյսին մէջ կրնայ իր աստուածանմանութիւնը տեսնել եւ վայելել։ Լոյսին մէջ միայն կարելի է յստակ եւ պայծառ կերպով տեսնել ճշմարտութիւնը։
Իսկ մութին ու խաւարին մէջ կայ չար սրտին մաղձը, նիւթին մտերմութեան մէջ ապրող ընչաքաղց հոգիին ժանգը, նենգամտութիւնը, ատելութիւնը, չարախօսութիւնը, չարամտութիւնը եւ չարագործութիւնը՝ ծածկուած, քօղարկուած, կարծելով թէ հեռու պիտի մնան անոնք մարդկային աչքէ, առանց մտածելու, թէ՝ «Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան որ չգիտցուի…» (ՄԱՏԹ. Ժ 26)։ Եւ այն ամէն չարագործութիւն որ կը կատարուի մութին մէջ, անպայմա՛ն կը յայտարարուի լոյսին մէջ։
Ուստի լոյսը ամէն ինչ կը բացայայտէ եւ այդ իսկ պատճառով է որ չարամիտ մարդիկ կ՚ատեն լոյսը եւ կը նախընտրեն խաւարը՝ խաւարին մութին մէջ ծածկելու համար իրենց չար գործերը։ Մինչդեռ մութին մէջ ըսուածները՝ լոյսին մէջ կը տարածուին, առանձնութեան մէջ խօսուածները՝ բարձրաձայն կը քարոզուին։
Մութը այնքան ալ զօրաւոր չէ, քանի որ լոյսի ամենափոքր նշոյլով մը, լուցկիի կայծով մը անմիջապէս կը փարատի, կը ցրուի եւ իր տեղը կը փոխանցէ լոյսին։ Մութը կը լուսաւորուի անմիջապէս, բայց լոյսը խափանել, դադրեցնել նոյնքան դիւրին չէ, քանի որ լոյսը աւելի զօրաւո՛ր է քան մութը, խաւարը։ Եւ Աստուած, ստեղծագործութեան ծրագրին սկսաւ ըսելով. «Լոյս ըլլայ» եւ լոյս եղաւ, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. (ԾՆՆԴ. Ա 3) եւ Աստուած տեսաւ որ «լոյսը բարի է եւ Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց (ԾՆՆԴ. Ա 4)։ Ուրեմն ամէն բանի սկիզբը լո՛յսն է, ամէն ինչ լոյսով կը սկսի եւ կեանքը «կեանք» կ՚ըլլայ երբ լոյս կայ, լուսաւորուած է ամէն ինչ եւ զատուած՝ խաւարէն։ Հոն ուր խաւար կայ, հոն կեանքը կը կորսնցնէ իր էութիւնը եւ յատկութիւնը։ Կեանքը լո՛յս է, եւ փոխադարձաբար՝ լոյսը կեա՛նք է, կեանքին ակն ու աղբիւրը, քանի որ լոյսէն կը բխի կեանքը, լոյսով կը սկսի ամէն կենդանութիւն։ Եւ լոյսով եղաւ արարչագործութեան «առաջին օր»ը (ԾՆՆԴ. Ա 5)։
Երբ կը խօսինք ու կը խորհրդածենք լոյսին ու խաւարի մասին, պէտք է նկատի ունենանք, որ ամենէն վտանգաւոր խաւարը՝ հոգիի եւ մտքի խաւարն է. պայծառ եւ յստակ չի կրնար ըլլալ՝ անոնց սիրտն ու միտքը՝ որոնք հոգեպէս եւ մտապէս թաղուած են մութ խաւարի մը մէջ։ Եւ այդ խաւար հոգիները եւ միտքերը լուսաւորել շատ աւելի՛ դժուար է, քան նիւթական աշխարհի խաւարը՝ որ հազիւ կայծով մը կարելի կ՚ըլլայ փարատել եւ լուսաւորել։ Եւ աւելորդապաշտութիւնը, նախապաշարումը եւ կանխակալութիւնը «խաւա՛ր» կը ստեղծեն հոգիի եւ մտքի մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 12, 2017, Իսթանպուլ