ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉ
Եւրոխորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Անթոնիօ Թաճանի։ Իտալացի խորհրդարանականին թեկնածութիւնը առաջադրուած էր Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան կողմէ։
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն Եւրոխորհրդարանը կը գլխաւորէր գերմանացի սոցիալ-դեմոկրատ Մարթին Շուլց։ Այս վերջինը որոշած է յառաջիկայ շրջանին մասնակցիլ Գերմանիոյ ընտրութիւններուն, հետեւաբար լքած է Եւրոխորհրդարանի ղեկավարի պաշտօնը։ Ներկայիս իրեն կը յաջորդէ քրիստոնեայ-դեմոկրատներու խմբաւորման կողմէ առաջադրուած Անթոնիօ Թաճանի։ Քուէարկութեան վերջին հանգրուանին ան 351 ձայն ապահովելով կոչուեցաւ պաշտօնի։ Իր մրցակիցն էր նոյնպէս իտալացի մը՝ Ճիաննի Փիթելլա, որու թեկնածութիւնը առաջադրուած էր սոցիալ-դեմոկրատներուն կողմէ։
Սթրազպուրկի մէջ ընտրութեան արդիւնքներուն յայտարարուելէն վերջ ելոյթ մը ունեցաւ Թաճանի, որ կոչ ուղղեց Եւրոպայի միութեան համար։ Իր համոզմամբ, ներկայիս Եւրոպայի համար անհրաժեշտ է փոփոխութիւն մը։ Եւրոխորհրդարանի նախագահը պէտք է բոլորին մօտիկ ըլլայ ու բաց՝ երկխօսութեան։ «Եւրոմիութեան գաղափարին ես կը հաւատամ։ Խորհրդարանի նախագահ պիտի ըլլամ, ոչ թէ վարչապետ։ Պարտաւոր ենք աւելի մօտ ըլլալ ժողովուրդին։ Ինքզինքնիս չբանտարկենք Պրիւքսելի փղոսկրեայ աշտարակներուն մէջ», ըսաւ Թաճանի, որու համոզմամբ Անգլիա ապագային կարեւոր գործընկեր մը պիտի ըլլայ Եւրոմիութեան համար։
Եւրոխորհրդարանի անդամները կ՚ընտրուին հինգ տարուան ժամկէտով, իսկ նախագահները կը պաշտօնավարեն երկուքուկէս տարուան ժամկէտով։ Եւրոմիութեան կառոյցներու շարքին Եւրոխորհրդարանը միակն է, որու անդամները ուղղակիօրէն կ՚ընտրուին ժողովուրդին կողմէ։ Ըստ երկիրներու բնակչութեան համեմատութեան՝ Եւրոխորհրդարանէն ներս ԵՄ-ի անդամ 28 պետութիւնները կը ներկայացնեն 751 խորհրդարանականներ։
1953 թուականին ծնած Անթոնիօ Թաճանի ուսանած է իրաւաբանութիւն։ Երկար տարիներ զբաղած է լրագրութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ օդագնացութեան մասնագէտ մըն է։ Ան առաջին անգամ 1994 թուականին ընտրուած էր եւրոպատգամաւոր։ Անցեալի մէջ անդամակցած էր Եւրոյանձնաժողովին։ Թաճանի 2014-ին ընտրուած էր Եւրոխորհրդարանի առաջին փոխ-նախագահ։ Իտալերէնի առընթեր գիտէ ֆրանսերէն, անգլերէն եւ սպաներէն։