ՄԱՐՄԻՆԴ ԲԱՌԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐՈՑՆ Է

Այ­սօր դար­ձեալ քու ե­րա­զիդ մա­սին պի­տի գրեմ: Յա­նուն կար­միր մե­խակ­նե­րու, ո­րոնք փռուե­ցան քու ճա­նա­պար­հիդ առ­ջեւ:

Կար­միր ե­րազ­նե­րուդ մա­սին:

Հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թիւ­նը իր օ­րէնք­նե­րը ու­նի: Վեր­ջա­կէ­տը, որ կը դնես նիւ­թիդ ա­ւար­տին՝ հա­ւա­տալ կու տայ, թէ ա­ւար­տե­ցիր միտ­քերդ եւ հի­մա կանգ պի­տի առ­նէ մտա­ծե­լու մե­քե­նադ ու խօս­քը թռչի հե­ռու­ներ:

Սե­ղա­նին մօտ մար­դիկ հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թիւն կ՚ը­նեն:

Սե­ղա­նին ե­տին մար­դիկ խո­հեր ու քմայ­քոտ բա­ռեր կը շա­րեն:

Կը հիւ­սեն գով­քը ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պետ­նե­րու, բա­րե­րա­րի, թա­գա­ւո­րի, Յի­սու­սին ար­քա­յա­կան բա­ռեր կը շռայ­լեն մի­ջա­կէ­տէն վերջ ու ա­նոնց վեր­ջա­կէտ­նե­րը կը դառ­նան նոր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու հիմք:

Դուն սա­կայն վեր­ջա­կէտ­ներդ հա­շի­ւով չէ, որ կը դնես տո­ղե­րուդ ա­ւար­տին:

Ե­թէ հարկ ըլ­լայ, կ՚ը­սես՝ կը մեռ­նիմ բա­ռիս հա­մար:

Կը կրա­կեն վրադ, կ՚իյ­նաս քու սի­րած Պոլ­սոյ մէջ, կը վե­րա­դառ­նաս հո­ղին եւ սպա­սուած ա­ռա­քե­լա­տիպ ստուերդ կ՚իյ­նայ հայ-թուրք ցե­խե­րուն մէջ խրուած պատ­մու­թեան ա­նի­ւին վրայ:

Կը սա­ռիս: Մար­մինդ կը յոգ­նի: Տիղմ է ա­մէն դի: Ամէն մարդ քու դիակդ կը պտըտց­նէ եւ քու ա­նունդ օրհ­նե­լով կը փա­ռա­բա­նէ:

Սուրբ սկի­հը կը բարձ­րա­նայ հո­գիիդ հանգս­տու­թեան հա­մար:

Սուրբ խաչ, սուրբ սկիհ, իս­լա­մի սուրբ Քու­րան, եւ ա­մէն ինչ, որ իմ եւ քու սի­րե­լի Պո­լիսդ կը լեց­նէ՝ մեր զգա­յուն սրտի­կին մէջ:

Ես քու սա­նուկդ եմ:

Ձու­կե­րու ա­նու­նով կը խօ­սի մեր ե­րա­զը:

Քուր­թու­լու­շէն ձուկ կը գնեմ եւ յե­տոյ Միհ­րա­նին հետ մին­չեւ ուշ գի­շեր կը հա­ւա­քագ­րենք քու բո­լոր գա­ղա­փար­նե­րուդ մեծ շղթան:

Կ՚ու­զես խօ­սիլ:

Թուր­քիան կը խօ­սի քու հետդ:

Բո­լորս պի­տի խօ­սէինք՝ մեր ա­փին մէջ կա­ւը յի­շողու­­թեան եւ քա­րե­րը, զորս Վա­նէն ու Մու­շէն բե­րաւ մեր ըն­կեր Նո­րայ­րը եւ կա­նաչ ալ­պո­մին մէջ շա­րեց ու գրեց իր ապ­րում­նե­րուն մա­սին:

Օ­ղին կը ցա­ւի եւ կը պատ­մէ քո­վի սե­նեա­կը ապ­րող Լե­ւո­նին մա­սին, ո­րուն քոյ­րը Սպա­նիա իր ծակ ե­րազ­նե­րուն ե­տե­ւէն գնաց:

Բո­լո­րը համր են կար­ծես:

Մեծ անց­քե­րը կը կա­պեն զիս ա­րիւն­լուայ քու քա­ղա­քիդ, ո­րուն ծայ­րե­րը իմ մեծ մե­ռել­նե­րուս հա­մար վա­ռած խուն­կի կտոր­ներ կան:

Նոյն պատ­կեր­նե­րը եւ սառն ու թանձր դէմ­քե­րը Կա­պոյտ մզկի­թին շուրջ:

Հոն կա­խա­ղան կամ ա­ղօթք:

Իս­լա­մին հետ կը խօ­սիմ:

Ա­րա­բե­րէն կը պատ­մեմ երգս:

Հլուն­նե­րը, զորս կը կա­պեմ իմ չքնաղ ե­րազ­նե­րուս ու քու ե­րա­զիդ, որ կը հա­տէ բո­լոր ա­մա­յու­թիւն­նե­րը եւ նա­ւա­հան­գիս­տը մեր հե­ռա­ցու­մին եւ մօ­տե­ցու­մին:

Դուն կար­ծես մեծ հա­սա­կովդ նստած ես սե­ղա­նին ե­տին ու նո­րէն կը յու­շես ու նո­րէն կը յի­շա­տա­կե՛ս, որ մահդ կա­մուրջ է փրկու­թեան եւ ներս մտնե­լու:

Ա­ւե­լի՛ մօ­տե­ցիր, կ՚ը­սես:

Ա­ւե­լի՛ մօ­տե­ցիր ե­րա­զին:

Բռնէ ա­նոր բա­րակ թե­լե­րէն ու մտիր քու աշ­խարհդ ու քեզ­մէ գող­ցուած ինք­նու­թեանդ եր­գը նո­րէն լսէ:

Լրագ­րող­ներ կան, ո­րոնք միայն դե­ղին է­ջե­րու տակ կը ստո­րագ­րեն: Շա­տա­խօ­սու­թիւն կ՚ը­նեն: Մէջ­տե­ղը կը տաքց­նեն, մամ­լոյ ա­սու­լիս կու տան: Կը խօ­սին դիւ­րին բա­նե­րու մա­սին: Չա­րու­թեան, ո­խի, պա­տե­րազ­մի, սու­րի, ա­րեան մա­սին:

Դուն այդ լրագ­րո­ղը չես:

Քե­զի հա­մար բա­ռը ազ­նուու­թեան դրօ­շակն է:

Քու մար­մինդ բա­ռի թա­գա­ւո­րու­թեան ամ­րոցն է: Հոն բո­լո­րը մէկ են: Զզուանք չկայ: Թուրք, ա­լե­ւի, քիւրտ, յոյն, ա­սո­րի, ա­րաբ, զա­զա, պե­տե­ւի եւ հայ:

Բո­լո­րը նոյն Աս­տու­ծոյ ա­նու­նով կը խօ­սին: Բո­լո­րը հաց կը պատ­րաս­տեն ի­րենց սե­ղա­նին ու կը սպա­սեն անձ­րեւ­նե­րու վե­րադար­ձին, որ­պէս­զի ցո­րե­նը հա­սակ առ­նէ ու մար­դը իր տե­սա­կով լիա­նայ:

Պայ­քարդ կը մեծ­նայ եւ կը դառ­նայ կեն­դա­նու­թեան ծառ, կեանք բաշ­խե­լու բո­լո­րին:

Կեանք տա­լու բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք պատ­րաստ են մար­դու ա­նու­նով խօ­սիլ ու ապ­րիլ:

Ապ­րիլ՝ ինչ­պէս որ վա­յել է մար­դուն:

Ա­ղօ­թել, սի­րել, փայ­փա­յել ձեռ­քին մէջ լոյ­սէ լամ­բար­ներ պա­հել, շա­րել մութ ճա­նա­պարհ­նե­րու ծա՛յրը եւ խմել կեան­քի ա­րե­ւէն կաթ­իլ առ կա­թիլ:

Յօ­դուած, ակ­նարկ, նշմար, պարզ գիր, շե­ղա­գիր. գիրդ կը տպուի՛, թերթդ խմոր է, թթխմոր: Հա­զար հո­գի­ներ քու ա­րիւ­նիդ հա­մար եր­դում կ՚ը­նեն:

Չե­կար քան­դե­լու, այլ սի­րե­լու հա­մար ե­կար: Քար­կո­ծե­լու չե­կար, չե­կար մա­հուան գով­քին հա­մար, չե­կար ա­տե­լու­թեան հա­մար:

Այլ կեան­քին:

Կեան­քին հա­մար, քու կեան­քիդ պէս:

Յի­շա­տակդ ան­թա­ռամ է եւ ա­նունդ օրհ­նեալ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017