ԵՐԿՆԱԳՈՅՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻՆ ԵՒ ՄԵՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Բրի­տա­նա­ցի գիտ­նա­կան­նե­րը տաս­նա­մեա­կէ մը ի վեր հե­տաքրք­րա­կան դի­տար­կում մը կը հրա­պա­րա­կեն: Ըստ ո­րու, կա­տա­րուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ՝ Յու­նուար ամ­սուան կէ­սին հա­մըն­կած շա­բա­թը, ա­ւե­լի ստոյգ եր­րորդ Եր­կու­շաբ­թին տա­րուան ա­մե­նէն ընկճուած տրա­մադ­րու­թեամբ օրն է: Այս տա­րի այդ օ­րը հա­մըն­կած է 16 Յունուա­րին, իսկ գիտ­նա­կան­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, ընկ­ճուած տրա­մադ­րու­թեամբ սկսած Եր­կու­շաբ­թին իր տրա­մադ­րու­թիւ­նը ինք­նա­բե­րա­բե­րա­բար կը տա­րա­ծէ նաեւ շաբ­թուան միւս օ­րե­րուն վրայ: Այս եզ­րա­կա­ցու­թեան հե­ղի­նա­կը Քար­տի­ֆի հա­մալ­սա­րա­նի բրի­տա­նա­ցի հո­գե­բան՝ Քլիֆ Առ­նոլն է, որ ըստ իր կա­տա­րած ու­սում­նա­սի­րու­թեան բա­նա­ձեւ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է:

Ա­նոր կազ­մած բա­նա­ձե­ւին մէջ նկա­տի առ­նուած են այն­պի­սի գոր­ծօն­ներ, ինչ­պէս՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Ա­մա­նո­րի տօ­նե­րուն վրայ վեր­ջին գու­մա­րը ծախ­սե­լու հան­գա­ման­քը, ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րը, զուար­ճու­թիւն­նե­րուն տրա­մադ­րուող ժա­մա­նա­կի կրճա­տուած քա­նա­կը, «մշա­կու­թա­յի­ն» ոչ աշ­խոյժ հան­գիս­տը, ճնշու­մի (stress) մա­կար­դա­կը, նաեւ աշ­խա­տա­վար­ձը եւ պարտ­քե­րը: Վերջ ի վեր­ջոյ, գիտ­նա­կա­նը եզ­րա­կա­ցու­ցած է, որ տա­րուան եր­րորդ Եր­կու­շաբ­թին տա­րուան ա­մե­նէն տխուր օրն է:

Այս կան­խա­տե­սու­մը ամ­րագ­րը-ւած է Եւ­րո­պա­յի, մա­նա­ւանդ Բրի­տա­նիոյ մէջ, ուր­կէ հռչա­կուած է այս բա­նա­ձե­ւը: Ըստ բրի­տա­նա­ցի հո­գե­բա­նի մշա­կած բա­նա­ձե­ւին, Եւ­րո­պա­յի մէջ գո­յու­թիւն ու­նի Երկ­նա­գոյն Եր­կու­շաբ­թի (Blue Monday) ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, որ տա­րուան ա­մե­նէն ընկճուած օ­րուան կը վե­րա­բե­րի:

Այս ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը հիմք դար­ձած է կարգ մը այլ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք յե­նե­լով Քլիֆ Առ­նո­լի բա­նա­ձե­ւին վրայ, Յունուա­րի կի­սուն ու­րիշ օ­րեր եւս ա­նուա­նած են ընկ­ճախտ պատ­ճա­ռող, այս­պէ­սով, նկա­տի առ­նե­լով Երկ­նա­գոյն Եր­կու­շաբ­թի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, սահ­մա­նած են նաեւ Երկ­նա­գոյն Ե­րեք­շաբ­թի, Երկ­նա­գոյն Չո­րեք­շաբ­թի, եւ մին­չեւ եր­րորդ շաբ­թուան վեր­ջին օ­րը նկա­տած են ընկ­ճախ­տա­յին:

 Շա­տեր կը նկա­տեն, որ Յու­նուա­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան ընկ­ճուա­ծու­թիւն բե­րող եւ տխուր օ­րե­րը կը սկսին հրա­ժեշտ տալ, մար­դիկ կը դի­մա­ւո­րեն ձմրան վեր­ջին ա­մի­սը՝ Փետ­րուա­րը եւ վեր­ջին ցուրտ ու մռայլ ա­մի­սը ըլ­լա­լու գա­ղա­փա­րը ինք­նին կ՚ու­րա­խաց­նէ եւ տրա­մադ­րու­թիւն կը բարձ­րաց­նէ:

Բրի­տա­նա­ցի գիտ­նա­կան­նե­րը այս տա­րուան Երկ­նա­գոյն Եր­կու­շաբ­թիի առ­թիւ ը­սած են, որ մար­դոց վատ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ կրնայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ նաեւ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը, որ մա­նա­ւանդ այս տա­րի բարդ ու խճճուած է:

Երկ­նա­գոյն Եր­կու­շաբ­թի օ­րը Մեծն Բրի­տա­նիոյ ո­րոշ խա­նութ­նե­րու մէջ մար­դոց անվ­ճար պտուղ­ներ կը բաժ­նեն՝ հա­ւա­տա­լով, որ պտուղ­նե­րը կրնան տրա­մադ­րու­թիւն բարձ­րաց­նել:

Հո­գե­բան­նե­րը, սննդա­բան­նե­րը, այլ մաս­նա­գէտ­ներ, խոր­հուրդ կու տան ընկճուած ժա­մա­նակ ու­տել մա­նա­ւանդ գու­նա­ւոր պտուղ­ներ՝ նա­րինջ, քիուի, կա­նաչ խա­ղող, պատ­րաս­տել պտղա­յին աղ­ցան­ներ, ո­րոնք եր­բեմն կա­րե­լի է հա­մե­մել տուր­մէ թեր­թիկ­նե­րով, տուր­մա­յին կամ սե­րուց­քա­յին թա­ցան­նե­րով, նաեւ՝ շատ քիչ ալ­քո­­լա­յին հե­ղա­նիւ­թով:

Պտուղ­նե­րէն տրա­մադ­րու­թեան վրայ խիստ բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի պա­նա­նը, ո­րուն մէջ առ­կայ յա­տուկ նիւ­թե­րը մարմ­նին մէջ կը փո­խա­կեր­պուին սե­րո­թո­նին ա­նու­նով նե­րազ­դա­կի (hormone), որ նաեւ լաւ տրա­մադ­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու հոր­մոն­նե­րէն մին է: Սո­վո­րա­բար կի­նե­րու մօտ սե­րո­թո­նին հոր­մո­նը ա­ւե­լի քիչ կ՚ար­տադ­րուի, քան՝ տղա­մար­դոց, ուս­տի կի­նե­րը ա­ւե­լի հա­կուած են ընկ­ճուա­ծու­թեան, նեար­դա­յին բա­խում­նե­րու, մեղ­քի զգա­ցո­ղու­թեան, տագ­նա­պի, միայ­նու­թեան, քան՝ տղա­մար­դիկ: Կի­նե­րը նաեւ ա­ւե­լի զգա­յուն են ե­ղա­նա­կա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ։ Ա­հա թէ ին­չու ա­նոնք պաղ, մռայլ ու անձ­րե­ւոտ ե­ղա­նա­կին ընկ­ճուած կը զգան կամ՝ նուազ աշ­խա­տու­նակ:

Հա­կաըն­ճախ­տա­յին կար­գը մշա­կե­լու ժա­մա­նակ գիտ­նա­կան­նե­րը սո­վո­րա­բար կը շեշ­տադ­րեն սե­րո­թո­նին հոր­մո­նը, որ կա­րե­լի է վե­րահս­կել եւ մարմ­նին մէջ ա­նոր քա­նա­կը բարձ­րաց­նել ո­րոշ քայ­լե­րու մի­ջո­ցաւ:

Պա­նա­նի մէջ առ­կայ Պէ. խում­բի կեն­սա­նիւ­թե­րը նաեւ ճնշուա­ծու­թեան զգա­ցու­մը մեղ­մե­լու յատ­կու­թիւն ու­նին, ուս­տի խոր­հուրդ կը տրուի օ­րա­կան մէկ պա­նան ու­տել:

Տրա­մադ­րու­թեան բարձ­րաց­ման եւ ընկ­ճուա­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րի հա­մար լաւ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին նաեւ լե­ղի տուր­մը, սուր­ճը, հա­տապ­տուղ­նե­րը, հաւ­կի­թը, գու­նա­ւոր պղպեղ­նե­րը, վար­սա­կի փա­թիլ­նե­րը… Վար­սա­կի փա­թիլ­նե­րը ընկ­ճուած մար­դոց լա­ւա­գոյն նա­խա­ճա­շը կրնան ըլ­լալ, քա­նի որ հա­ցազ­գի­նե­րուն պատ­կա­նող այս բոյ­սը ու­նակ է ու­ղե­ղի վրայ ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու եւ բա­րե­լա­ւե­լու ա­նօթ­նե­րուն աշ­խա­տան­քը:

Մաս­նա­գէտ­նե­րը ընկ­ճուած օ­րե­րուն ու­տե­լիք­նե­րէն խոր­հուրդ կու տան բու­սա­կան ծա­գում ու­նե­ցող, կա­նա­չե­ղէ­նի հիմ­քով ու­տե­լիք­նե­րը, ճեր­մակ մի­սը, խա­շուած ձու­կը, ո­րոնք չեն ծան­րա­նար մար­սո­ղա­կան հա­մա­կար­գին վրայ, որ կրնայ ա­ւե­լի ընկ­ճել տրա­մադ­րու­թիւ­նը. ծանր ու­տե­լի­քին մարս­ման հա­մար ուժ պէտք է, իսկ ընկ­ճուած մար­դը չ­­՚ու­նե­նար այդ ու­ժը, ուս­տի ա­ւե­լի լաւ է ընտ­րել բու­սա­կան ծագ­մամբ, դիւ­րա­մարս ու­տե­լիք­ներ:

Գու­նա­ւոր ու­տե­լիք­նե­րու խոր­հուրդ տա­լը պա­տա­հա­կան չէ, քա­նի որ գոյ­նե­րը մար­դոց տրա­մադ­րու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու յատ­կու­թիւն ու­նին: Վառ գոյ­նե­րը, ու­րախ ե­րանգ­նե­րը, լու­սա­ւոր պատ­կեր­նե­րը միշտ ալ դէ­պի դրա­կա­նը մտա­ծե­լու կը մղեն, իսկ գու­նա­բու­ժու­թիւ­նը, գու­նաշտ­կու­մը նոր գի­տու­թիւն չէ, ա­նոր ար­մատ­նե­րը կը հաս­նին մին­չեւ հնա­գոյն քա­ղա­քակր­թու­թիւն­ներ` Ե­գիպ­տոս, Չի­նաս­տան, Հնդկաս­տան, Պարս­կաս­տան:

Այ­սօր ալ, ժա­մա­նա­կա­կից հո­գե­բա­նու­թեան եւ այլ գի­տու­թիւն­նե­րու մէջ կան մշա­կուած հա­մա­կար­գեր, ո­րոնք մար­դոց գու­նա­յին նա­խընտ­րու­թեան, բնա­ւո­րու­թեան եւ այլ յատ­կա­նիշ­նե­րու հի­ման վրայ կը շտկեն տրա­մադ­րու­թիւ­նը:

Ու­րիշ մի­ջոց մըն է նաեւ հո­տա­բու­ժու­թիւ­նը, որ նոյն­պէս հնա­գոյն ժա­մա­նակ­նե­րէն ե­կած եւ այ­սօր կրկին վե­րա­կանգ­նած բու­ժա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է, որ զա­նա­զան ախ­տա­նիշ­ներ, տրա­մադ­րու­թեան ան­կում, ճնշուա­ծու­թիւն եւ վեր­ջա­պէս ընկ­ճուա­ծու­թիւ­նը վե­րաց­նե­լու կամ թե­թեւց­նե­լու հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծուի:

Ա­նու­շա­հո­տե­րով բու­ժած են դա­րեր ա­ռաջ՝ ա­ռաս­պե­լա­կան Աթ­լան­թիոյ մէջ, զայն կի­րա­ռած են նաեւ ե­գիպ­տա­ցիք։ Մար­դուն վրայ ա­նու­շա­հո­տե­րու յի­շա­տա­կում­ներ կան նոյ­նիսկ 5 հա­զար տա­րի ա­ռաջ բու­ժակ­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած գրա­ռում­նե­րուն մէջ: Հո­գե­բան­նե­րը ընկ­ճուած մար­դոց խոր­հուրդ կու տան կի­րա­ռել ա­նա­նու­խի, սու­սամ­պա­րի, ա­սեղ­նա­տե­րեւ ե­ղեւ­ի­ննե­րու, դար­սե­նիի (cinnamon), կո­ճապղ­պե­ղի, վար­դի, հա­մե­մու­կի (vanilla), յաս­մի­կի, նար­դո­սի եւ այլ հո­տեր, ո­րոնք ու­ղե­ղին վրայ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին:

Ար­դէն ժա­մա­նա­կա­կից ար­տադ­րու­թեան մէջ կան զա­նա­զան հո­տե­րով մո­մեր, օ­դա­փո­խիչ­ներ, նոյ­նիսկ փոք­րիկ բար­ձիկ­ներ, ո­րոնք մար­դիկ կրնան քնա­նա­լու ա­տեն քո­վեր­նին առ­նել եւ շնչել ա­նոնց սի­րե­լի հո­տե­րը:

Իսկ ընկ­ճուա­ծու­թե­նէն դուրս գա­լու լա­ւա­գոյն մի­ջո­ցը ան­շուշտ, պատ­ճա­ռար­կու­թիւնն է (motivation) եւ հա­ւատ­քը՝ սե­փա­կան ու­ժե­րու հան­դէպ:

Սե­փա­կան ու­ժե­րու հան­դէպ հա­ւատ­քը, ի դէպ, ար­տա­քին աշ­խար­հէն ե­կող գերբ­նա­կան բան մը չէ, ան մար­դուն հետ կը ծնի ու կը վե­րած­նի մար­դուն մէջ ա­մէն ան­գամ, երբ փոք­րիկ յա­ջո­ղու­թիւն մը կ՚ու­նե­նայ մարդ եւ կ­­՚ապ­րի այդ յա­ջո­ղու­թեան դրա­կան լից­քե­րով:

 Գրա­կա­նու­թեան մէջ ծա­նօթ են գրա­կան կեր­պար­ներ, ո­րոնք ի­րենք ի­րենց մա­զե­րէն կը քա­շեն եւ դուրս կը բե­րեն ճա­հի­ճէն: Անհ­րա­ժեշտ է մոռ­նալ ան­ցեա­լի ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ապ­րիլ ներ­կա­յով։ Միայն այդ պա­րա­գա­յին յա­ջո­ղու­թիւնն ու յաղ­թա­նա­կը կ՚այ­ցե­լեն մար­դուն: Կեան­քը ան­սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կ՚ա­ռա­ջար­կէ, եւ ան, որ կ՚ըլ­լայ նա­խա­ձեռ­նող, հա­մար­ձակ եւ ստեղ­ծա­րար, կը քա­լէ լա­ւա­գոյն դռնե­րուն առ­ջե­ւէն: Գե­ղե­ցիկ ա­ռակ մը կայ այն մա­սին, թէ ան, որ կը քնա­նայ ան­տա­ռին մէջ՝ ստի­պուած կ՚ըլ­լայ հա­ւա­քել ան­տա­ռի եզ­րին կու­տա­կուած ծա­ռի ճիւ­ղե­րը, ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ի՜նչ թաք­նուած գան­ձեր կան ան­տա­ռին խոր­քը:

Աշ­խար­հի բո­լոր ի­մաս­տուն­նե­րը ար­տա­յայ-տըւած են մար­դուն ներ­քին ու­ժին մա­սին, նշե­լով, որ մարդ ան­վերջ պէտք է գտնէ ու փայ­փա­յէ իր ներ­սի ու­ժը ու­րախ, եր­ջա­նիկ եւ ա­ռանց ճնշուա­ծու­թեան ապ­րե­լու հա­մար։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017