Աշխարհի Եզակի Սմարթ ԿեդրոնԸ

«Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­ներ» հիմ­նադ­րամ»ի (COAF) տա­րե­կան դրա­մա­հա­ւաք-ե­րե­կոյ­թին աշխարհահռչակ դե­րա­սան, օս­քա­րա­կիր Լէո­նար­տօ Տի Քափ­րիո­յի կող­մէ նուիրուած 65 հա­զար տո­լա­րը պի­տի ծա­ռա­յէ Լո­ռիի մար­զին մէջ նոր եւ աշ­խար­հի մէջ ե­զա­կի Սմարթ կեդ­րո­նի ստեղծ­ման:

«Ար­մէնփ­րես»ին հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին «Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­ներ» հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­կար­գող­նե­րէն Յաս­միկ Սարգ­սեան ը­սած է, որ կեդ­րո­նը կրթա­կան հան­գոյց պի­տի ըլ­լայ, ուր ո՛չ պաշ­տօ­նա­կան ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին եւ մաս­նա­գի­տա­կան վե­րա­պատ­րաստ­ման ծրա­գիր­նե­րու մի­ջո­ցով մար­դիկ կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ու­նե­նան ինք­նադր­սե­ւո­րուե­լու ի­րենց հա­մայն­քին մէջ եւ զար­գաց­նե­լու զայն: «Կեդ­րո­նի բա­ցու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 2017 թուա­կա­նի աշ­նան: Ա­նի­կա պի­տի ծա­ռա­յէ շրջա­կայ 25- 30 հա­մայնք­նե­րուն», ը­սած է ան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ Դեկ­տեմ­բե­րին Նիւ Եոր­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դրա­մա­հա­ւաք-ե­րե­կոյ­թին հան­գա­նա­կ-ւած ամ­բողջ հա­սոյ­թը՝ 3.1 մի­լիոն տո­լա­րը, պի­տի ծա­ռա­յէ հիմ­նադ­րա­մի տար­բեր ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման:

«Տի Քափ­րիո­յի հան­գա­նա­կած գու­մա­րը, որ ա­ւե­լի կա­նուխ հան­գա­նա­կուած է ա­ճուր­դի ժա­մա­նակ, երբ ան գնած է նկար մը, պի­տի շա­րու­նա­կէ ծա­ռա­յել նոյն նպա­տա­կին: Մենք պի­տի փոր­ձենք տար­բեր մար­զե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծուող մեր ծրա­գիր­նե­րը հարս­տաց­նել եւ ա­պա­հո­վել ա­նոնց շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը», ա­ւել­ցու­ցած է Յաս­միկ Սարգ­սեան: Ան յի­շար­ժան նկա­տած է յատ­կա­պէս այն հան­գա­ման­քը, որ Լէո­նար­տօ Տի Քափ­րիոն մաս­նակ­ցած է ա­ճուր­դին, լսած քա­նի մը ե­լոյթ, ա­պա մեկ­նած՝ դար­ձեալ ու­շադ­րու­թիւն չհրա­ւի­րե­լով իր ան­ձին վրայ:

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017