ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՆՈՐ ՈՒ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարելով հետեւողականօրէն։ Բանակը միջոցէ մը ի վեր պաշարած է Էլ Պապ քաղաքը, որ Սուրիայէ ներս ռազմավարական կէտ մը կը համարուի։ Էլ Պապի պաշարուած ըլլալը արդէն ինքնին ապացոյց մըն է, թէ որքան ազդու է «Եփրատի վահան» գործողութեան շրջագծով արձանագրուած արդիւնքները։ Այդ ազդու արդիւնքներով հանդերձ, Թուրքիա միջոցէ մը ի վեր միջազգային բեմահարթակի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութիւնը զինքը թողած է առանձին։ Այս խնդիրը վերջին շրջանին օրակարգի վրայ բերուեցաւ նաեւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի կողմէ։ Ան Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքը՝ Ռիատի մէջ մասնակցեցաւ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի վերաբերեալ ժողովի մը։ Աւելի վերջ զօրավարը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած ՆԱԹՕ-ի անդամ կամ գործընկեր երկիրներու ընդհանուր սպայակոտի նախագահներու հաւաքին։ Այս երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ Հուլուսի Աքար ներկայացուց Թուրքիոյ առկայ անհանգստութիւնները։ Զօրավար Աքար յստակօրէն բացատրեց, որ Թուրք զինեալ ուժերը առանձին կը մնան ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի ճանապարհին եւ այս երեւոյթը անընդունելի է։ Զօրավարին կողմէ բարձրաձայնուած այս խնդիրէն վերջ միջազգային համախոհութեան ռազմաօդանաւերը երկու ամիս վերջ վերստին ռմբակոծեցին Էլ Պապը։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները երէկ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին միջազգային համախոհութեան օդանաւերուն կողմէ իրականացուած վերջին գործողութիւններու արդիւնքներուն շուրջ։ Այսպէս, անգլիական երկու ռազմաօդանաւեր թրքական բանակին կողմէ տրամադրուած տուեալներուն հիման վրայ ռմբակոծեցին Էլ Պապի հիւսիս-արեւելեան շրջանները, ուր կը գտնուէին ԻՇԻՊ-ի երկու լոժիսթիք կեդրոնները։ Թրքական ռազմաօդանաւերը ոչնչացուցին 18, իսկ համախոհութեան զօրքերն ալ 3 թիրախներ։
Բաց աստի, Ռուսաստանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ՝ Էլ Պապի շրջանէն ներս ճշդուած համակարգման գծի հարաւին ալ ռուսական ռազմաօդանաւեր ոչնչացուցին ԻՇԻՊ-ի շարք մը թիրախներ։