ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց քա­ղա­քիս Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ­նե­րու Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Եու­սուֆ Սա­ղը։ Այս վեր­ջի­նը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էր շնոր­հա­ւո­րե­լու հա­մար Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ու մեր հա­մայն­քին Ա­մա­նորն ու Սուրբ Ծնուն­դը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ եր­կու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը ու­նե­ցան ջերմ զրոյց մը եւ փո­խա­դար­ձե­ցին բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի կող­քին էր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017