ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱԴՐԻՉ

Կարսի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Անդրանատոլեան բնական կազի խողովակաշարի (TANAP) հիմնարկէքի արարողութիւնը։ 10 միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագիր մըն է այս մէկը, որու մեկնարկային փուլին ներկայ գտնուեցաւ հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան՝ իր կողքին ունենալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլին։ 1850 քիլօմեթր երկարութեամբ այս խողովակաշարին շնորհիւ, 2018 թուականէն սկսեալ, Ատրպէյճանի «Շահտէնիզ» պաշարներու բնական կազը պիտի փոխադրուի դէպի եւրոպական երկիրներ։ Էրտողան այս առթիւ ընդգծեց, որ կը ծրագրեն Թուրքիան ուժանիւթի բաշխման կեդրոնի մը վերածել եւ այս առումով առանձնայատուկ նշանակութիւն մը ունի TANAP։ Արդարեւ, այս ծրագիրը չունի այլընտրանք մը։ Երբ որ հարաւի բնական կազի միջանցքը ամբողջութեամբ կեանքի կոչուի՝ Եւրոպայի եւ Կասպից տարածքաշրջանին միջեւ ստեղծուած պիտի ըլլայ ամուր կապ մը։

Կարսի Սելիմ գաւառակին մէջ մասնաւոր լարուած ընդարձակ վրանի մը ներքեւ տեղի ունեցաւ երէկուան հիմնարկէքի արարողութիւնը, որու ընթացքին նախ արտայայտուեցաւ Մարկվելաշվիլի՝ յայտնելով, որ այս ծրագրին շնորհիւ շատ կարեւոր միջանցք պիտի ձեւաւորուի։ Ըստ իրեն, նման նախագծերուն մասնակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Վրաստանի տնտեսութեան տեսակէտէ։ Վրացի ղեկավարը դիտել տուաւ, թէ այսպիսի նախագիծերը անդրադարձ կ՚ունենան նաեւ զբօսաշրջութեան եւ առեւտուրի բնագաւառներուն վրայ։ Մարկվելաշվիլի մատնանշեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցած կարեւորութիւնը իր երկրի տնտեսութեան տեսանկիւնէն։ Այս երեք երկիրները իրարու համար առաջնահերթ առեւտրական գործընկերներ կը նկատուին եւ վրացի ղեկավարին համոզմամբ այդ գործընկերութիւնը պէտք է ամրապնդուի ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ յայտնեց, թէ TANAP-ի հիմնարկէքի օրուան կը վերագրէր պատմական իմաստ։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի հայեացքին եւ համարձակութեան շնորհիւ ծնունդ առած էր երկրի ուժանիւթի նոր ռազմավարութիւնը։ Ան յիշեցուց Պաքու-Թիֆլիզ-Ճէյհան խողովակաշարի ձեռքբերումը։ TANAP-ի նախագիծը 2012 թուականին Իսթանպուլի մէջ ստորագրուած էր Էրտողանի եւ Ալիեւի կողմէ։ Հիմնարկէքի հանգրուանին ազէրի ղեկավարը շեշտեց, թէ նախագծին պատմութիւնը թէեւ կարճ է, սակայն պատուաբեր։ Ալիեւի համոզմամբ, այս երեք երկիրները պէտք է զիրար շատ լաւ հասկնան։ Ատրպէյճան երկիր մըն է, որ մեծ փորձառութիւն ունի նման գործերու մէջ։ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս կազի խողովակաշարը իրականութիւն դարձաւ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի հետ։ Ալիեւ վստահութիւն յայտնեց, թէ այս օրինակի հիման վրայ յաջողութեամբ պիտի պսակուի նաեւ TANAP։ Դէպի Եւրոպա եւ դէպի Թուրքիա նոր կազ պիտի հասնի։ Այդ մէկը «Շահտէնիզ»էն արդիւնահանուելիք Ատըրպէյճանի կազն է։ «Այստեղ հաւաքուած մեր արժէքաւոր բարեկամներուն հետ պիտի ընենք այս գործը», ըսաւ Ալիեւ եւ խորհրդաւոր համարեց, թէ Նեւրուզի տօնի նախօրէին կը զուգադիպէր հիմնարկէքի արարողութիւնը։

Հիւր ղեկավարներէն վերջ հանդէս եկաւ հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան, որ մաղթեց, թէ 2018 թուականին կարելի ըլլայ կազի առաջին հոսքի ուրախութիւնը բաժնել բոլորին հետ։ Ըստ իրեն, աշխարհի վրայ քարիւղի եւ բնական կազի վերաբերեալ բազմաթիւ նախագծեր կը բնորոշուին հակամարտութիւններով, կռիւներով ու կեղեքումներով։ Բայց եւ այնպէս, Էրտողանի համոզմամբ, TANAP-ի անունը պիտի նոյնանայ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հետ։ Ան յայտնեց, թէ ուրիշ երկիրներու վնասին հիման վրայ բարօրութիւն ապահովելու նպատակ չեն հետապնդեր։ Հանրապետութեան նախագահը աւելցուց, թէ կը գիտակցին իրենց պատասխանատուութիւններուն՝ որպէսզի աշխարհ ըլլայ աւելի արդար եւ ունենայ աւելի ապրելի միջավայր մը։ TANAP-ի շնորհիւ աշխարհ նոր մօտեցումի մը ականատես պիտի ըլլայ՝ բնական կազի պաշարներու օգտագործման ուղղութեամբ։ «Շահտէնիզ»ի կազը Եւրոպա պիտի փոխադրէ այս խողովակաշարը, իսկ Էրտողանի մաղթանքը այն է, որ TANAP միեւնոյն ժամանակ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն փոխանցէ։

Էրտողանի բանաձեւումով բնական կազի ոլորտը ունի հիմնական երեք առանցք. մատակարար, տարանցիկ եւ սպառող։ Այս ծրագրի պարագային Ատրպէյճան առաջնահերթ մատակարարն է։ Թուրքիան եւ Վրաստանը թէ՛ տարանցիկ են եւ թէ սպառող։ Եւրոպան ալ պիտի ըլլայ սպառող։ «Այս ծրագրով արտայայտած կ՚ըլլանք մեր կամքը՝ մեր ունեցած պաշարները տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն մատուցելու ուղղութեամբ», ըսաւ Էրտողան ու մէջբերեց 2023 թուականի ուղղեալ նպատակները։ Հանրապետութեան նախագահը կրկնեց, որ կը ծրագրեն Թուրքիան վերածել ուժանիւթի բաշխման կեդրոնի մը։ TANAP-ի տարողութիւնը առաջին հերթին պիտի ըլլայ 16 միլիառ խորանարդ մեթր եւ աստիճանաբար պիտի բարձրանայ նախ 23 եւ աւելի վերջ 31 միլիառ խորանարդ մեթրի։ Էրտողան ընդգծեց, որ այս ծրագիրը պիտի դիմագրաւէ ամբողջ Եւրոասիոյ տարածքաշրջանի կարիքները։

Ելոյթներէն վերջ երեք նախագահները հանդիսաւորապէս սեղմեցին կոճակները եւ բոլորը ծափահարութիւններով հետեւեցան TANAP-ի առաջին խողովակի զետեղման։ Էրտողանի, Ալիեւի եւ Մարկվելաշվիլիի ողջագուրումը բնորոշեց հիմնարկէքի արարողութեան եզրափակումը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2015