«Բոլորը Կը Սիրեն Մխիթարեանը»
Անգլիոյ Մենչըսթըր քաղաքին մէջ 1968 թուականէն ի վեր գործող հայկական ճաշարանը՝ «Արմինիըն թավերնա», վերջին շրջանին դարձաւ անգլիական մամուլին ուշադրութեան առանցքը՝ շնորհիւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի:
Հայազգի ֆութպոլի արդի աստղը իր ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշեց, որ Գերմանիայէն Մենչըսթըր տեղափոխուելէ ետք շատ յաճախ կ՚այցելէ այս ճաշարանը:
«Հենրիխը շատ յաճախ կ՚այցելէ մեզի, շաբաթը քանի մը անգամ: Երբեք չես նկատեր, որ ան անուանի մէկն է: Ան բոլոր յաճախորդներուն պէս է: Ան բոլորէն սիրուած է եւ մենք շատ ուրախ ենք, որ ան կը խաղայ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի հետ», կ՚ըսէ ճաշարանին սեփականատէրը՝ Արման:
Միւս կողմէ, այս ճաշարանը նախորդ տարի վերանորոգուեցաւ ու անոր վերաբացումին ներկայ գտնը-ւեցաւ նաեւ Հենրիխ Մխիթարեան: